Երեւանի Մէջ Պիտի Բացուի Կոմիտասի Թանգարան

Հայրենի Կառավարութիւնը որոշած է հիմնադրել կոմիտասի թանգարան-հիմնարկ: Պետական ոչ-առեւտրական կազմակերպութիւնը պիտի դառնայ մեծանուն երգահանին կեանքին եւ ստեղծագործական գործունէութեան ներկայացման բացառիկ կեդրոն, որ պիտի ապահովէ հայ երաժշտական մշակութային ժառանգութեան ամբողջական, մաքուր ու անաղարտ պահպանումը, ներկայացումը եւ սերունդներուն փոխանցումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Փան Արմինիըն»:
Անիկա պիտի կառուցուի Կոմիտասի անունը կրող զբօսայգիին մէջ գտնուող նախկին մշակոյթի պալատի տարածքին մէջ, որ անհատոյց օգտագործման իրաւունքով Հայաստանի կառավարութեան տրամադրած է «Հայաստան» հիմնադրամը: Կառոյցին ճարտարապետն է Արթիւր Մեսչեան։
Կառուցապատման ծախսը կը հոգայ «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու զարգացման համահայկական հիմնարկը՝ սուրիահայ բարերար Գաբրիէլ Չեմպերճեանի աջակցութեամբ: Շինարարութիւնը նախատեսուած է աւարտել այս տարուան ընթացքին, որ Կոմիտասի ծննդեան 145ամեակն է, եւ 2014 թուականը հռչակուած է մեծ երգահանի տարի: Նախագիծը մշակուած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աշխատակազմի իրաւաբանական ու մշակութային ժառանգութեան եւ ժողովրդական արհեստներու վարչութիւններուն կողմէ:
Թանգարան-հիմնարկի ստեղծման նպատակն է հայ հոգեւոր եւ ժողովրդական երաժշտական-կատարողական արուեստի աւանդոյթներու պահպանումն ու վերարտադրութեան խթանումը, ազգային, ժողովրդական, դասական եւ ժամանակակից երաժշտարուեստի բնագաւառին մէջ երիտասարդներու ստեղծագործական կարողութիւններու զարգացման համար նպաստաւոր պայմաններու ստեղծումը:
Արդարեւ, հակառակ Կոմիտասի մեծ դերակատարութեան եւ հսկայական աւանդին, անոր ստեղծագործական ժառանգութիւնն ու անձնական իրերն առ այսօր կը գտնուին տարբեր կազմակերպութիւններու՝ Ե. Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ արուեստի բաժինի արխիւներուն եւ պահեստանոցներուն մէջ: Նման կառոյցի մը ստեղծումով այդ բոլոր հարստութիւնները պիտի ամփոփուին մէկ երդիքի տակ։
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

