Ծառատունկ՝ Ի Յիշատակ Նախորդ Տարուան Ապրիլեան Պատերազմի Հերոսներուն

Ապրիլ 8-ին, ԼՂՀ Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան նախաձեռնութեամբ՝ Արցախի հարաւային զօրամասերէն մէկուն շրջակայքը կազմակերպուեցաւ ծառատունկ եւ շաբաթօրեակ: Նախաձեռնութեան կը մասնակցէին Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան, պաշտօնատար այլ անձինք, ուսանողներ, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Այս մասին կը հաղորդէ «Aparaj.am»-ը։
ԼՂՀ Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեանի խօսքով` այսպիսի ձեռնարկները նորութիւն չեն մեր երիտասարդութեան համար, ասիկա արդէն բարի աւանդոյթ է: «Այս մէկը այլ խորհուրդ ունի. հարիւրամեակներ առաջ մեր պապերը այս տարածքէն ոչ հեռու՝ Վարդանանց պատերազմի հերոսներու յիշատակին նուիրուած անտառներ հիմնած են, իսկ Արցախի սերունդը այսօր այստեղ ծառեր կը տնկէ՝ ի յիշատակ նախորդ տարուան ապրիլեան պատերազմի հերոսներուն»,- նշած է Նարինէ Աղաբալեան եւ աւելցուցած, որ ասով կը հաստատենք մեր հաւատարմութիւնը մեր իսկ դաւանած սկզբունքներուն ու պայքարին:
Աւելի քան 300 երիտասարդներու մասնակցութեամբ՝ այս նախաձեռնութիւնը ԼՂՀ Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարը կը խոստանայ շարունակական դարձնել եւ, շարունակելով բարի աւանդոյթը, Արցախի տարբեր վայրերու մէջ նոր այգիներ հիմնել:
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

