Իզմիրի Բանտին Մէջ Արգիլուած է Հայկական «Ակօս» Թերթը

Թուրքիոյ Իզմիր քաղաքի խիստ հսկողութեան տակ գտնուող բանտին մէջ (ուր պատիժ կը կրեն պետութեան դէմ յանցանք գործած եւ կազմակերպուած յանցագործութիւն գործած անձինք) «Ակօս» թերթը արգիլուած է: Այս մասին յայտնի դարձած է բանտի կալանաւորներէն մէկու՝ «Ակօսին» ուղղուած նամակէն:
Նամակի մէջ ան յայտնած է, որ հայերէն եւ թրքերէն հրապարակուող շաբաթաթերթը Դեկտեմբեր ամիսէն ի վեր չէ ստացած: Նամակի մէջ կը նշուի, որ բացի «Ակօս»-էն արգիլուած են քանի մը այլ թերթեր եւս:
«Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութեան շրջաբերականը հիմք ընդունելով՝ արգիլուած է տեսակցողներու միջոցաւ առձեռն կամ նամակատան միջոցով մեզ տպագիր մամուլ կամ գիրք փոխանցել: Տարբեր կառոյցներուն մեր դիմումները եւ բողոքները ոչ մէկ արդիւնք տուած են: Մեզ անհեթեթ բացատրութիւն տուած են, թէ դուրսէն բերուող թերթերու եւ գիրքերու միջոցաւ մենք «հաղորդագրութիւններ» կը ստանանք: Չենք կրցած նոյնիսկ պարզել, թէ մեզ ուղարկուած թերթեր ինչ ըրած են»,- գրած է նամակի հեղինակը, ընդգծելով, որ բանտային պայմանները խստացած են 15 Յուլիսին տեղի ունեցած ռազմական յեղաշրջման փորձէն ետք:
Ան բողոքած է, որ 15 Յուլիսէն ետք իրենց արգիլած են զրուցել: «Այս մեկուսացումը, կարծես բաւարար չէր, հիմա ալ օդափոխիչ համակարգերը կը փակեն մետաղալար ճաղերով, տարբեր խուցերու մէջ գտնուող կալանաւորներու միջեւ կապը կտրելու համար»:
Կը նշուի, որ բացի Իզմիրի բանտէն այլ բանտերուն մէջ եւս արգելուած է կալանաւորներուն «Ակօս» շաբաթաթերթ կամ այլ թերթեր յանձնել:
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

