«Ակօս»-ը Պիտի Շարունակէ Մնալ Հայկական Համայնքին Ձայնը. Եդուարդ Տանձիկեան

Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող «Ակօս» պարբերականը հիմնադիրի` Հրանդ Տինքի, մահէն ետք ալ թերթը կը շարունակէ անոր սկսած ուղիով ընթանալ: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը՝ վկայակոչելով գերմանական Deutsche Welle պարբերականին «Ակօս»-ի ներկայ գլխաւոր խմբագիր Եդուարդ Տանձիկեանի տուած հարցազորյցը:
«Առաջին օրէն ի վեր կը փորձենք արժանի ըլլալ Հրանդ Տինքի կողմէն ողջ կեանքի ընթացքին յանուն խաղաղութեան եւ երկխօսութեան մղած պայքարին»,- նշած է Տանձիկեան:
Խմբագիրը յայտնած է, որ թէեւ «Ակօս»-ը կը շարունակէ գործունէութիւնը դժուար պայմաններու մէջ, սակայն իր լրատուութեամբ նպատակ ունի նպաստելու հասարակութեան եւ պետութեան կողմէն Հրանդի մահուան յանգեցուցած մթին կառոյցի հետ առերեսման: «Ի վերջոյ «Ակօս»-ը ոտքի վրայ պահողը հայկական համայնքն է: Ատոր կողմէն տրուող փոքր յայտարարութիւններով, բաժանորդագրութեան օգնութեամբ ալ կ՝աշխատինք մնալ ոտքի վրայ: Թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Սփիւռքի հայերը մեզ մօտէն կը հետեւին` իբրեւ Թուրքիոյ մէջ հրատարակուող հայկական թերթ: Անկախ ամէն ինչէ` մենք պիտի շարունակենք ըլլալ հայկական համայնքի ձայնը»,- նշած է Տանձիկեան:
Ան ընդգծած է, որ Թուրքիոյ մէջ հայկական հարցը կը շարունակէ ցաւոտ համարուիլ: Իբրեւ ըսուածի ապացոյց` ան յիշեցուցած է, թէ ինչպէս թրքական խորհրդարանին մէջ Կարօ Փայլանը երեք նիստով հեռացուեցաւ խորհրդարանի աշխատանքներէն «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը կիրառելուն համար: «Կարօ Փայլանը խորհրդարանի ամպիոնէն առաջին անգամ չկիրառեց «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը: Նախապէս եւս ըսած էր: Սակայն կը հասկնանք, որ տուեալ ժամանակաշրջանի ոգին նման արձագանգ կը ծնի»,- ըսած է Տանձիկեանը`փաստելով, որ շատ բարդ է հասկնալ, թէ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը հայկական հարցին համար ինչ կ՝ընէ անկեղծօրէն:
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

