Ցեղասպանութիւն Բառը Օգտագործելով Կարօ Փայլանը Ժողովուրդին Մէջ Թշնամանք Կը Սերմանէ. Ա. Քէոռօղլու

Թուրքիոյ «Մեծ միութիւն» կուսակցութեան (ՄՄԿ-BBP) Էտիրնէի նահանգային կառոյցի ղեկավար Արիֆ Քէոռօղլուն խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի դէմ հայց ներկայացուցած է դատախազութիւն: Վկայակոչելով թրքական «Beyaz Gazetesi» թերթը` Ermenihaber.am կը նշէ, թէ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին՝ Քէոռօղլուն Փայլանը մեղադրած է ժողովուրդին մէջ քէն եւ թշնամանք սերմանելու մէջ:
Թուրք պատգամաւորին պնդումով` խորհրդարանին մէջ ցեղասպանութիւն բառին օգտագործումը ստորացուցիչ է թուրք ժողովուրդին, հանրապետութեան եւ օրէնսդիր մարմինին համար: Ան պնդած է, որ ցեղասպանութեան խնդիրը վիճարկելի հարց է.
«Մեր պետութիւնը բացած է այս թեմային վերաբերեալ բոլոր արխիւային նիւթերը` ներկայացնելով զանոնք ողջ աշխարհի դատին»,- ըսած է Քէոռօղլուն:
Անոր դիտարկումով` հայ պատգամաւորը իր յայտարարութեամբ յանցանք գործած է` թաքնուելով պատգամաւորական անձեռնամխելիութեան ետին:
Քէոռօղլուն անհեթեթօրէն պնդած է, թէ իբր Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրումէն ի վեր հայերն ու միւս տեղաբնիկները ապրած են խաղաղ ու համերաշխ:
Յիշեցնենք, որ նախօրէին Թուրքիոյ ազգային մեծ ժողովին մէջ ելոյթ ունեցած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը ըրած էր հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Ժամանակ մը կը կազմէինք 40 տոկոս, հիմա կը կազմենք մէկ հազարերորդ մասը: Ուրեմն մեր գլխուն բան մը եկած է… Ես ցեղասպանութիւն կ’անուանեմ, դուք ինչ կ’ուզէք` անուանեցէք: Պապիկիս ու նախնիներուս գլխուն եկածը ես շատ լաւ գիտեմ: Եկէք դուք դրէք անուանումը, ու բոլորս միասին առերեսուինք»:
Այս ելոյթին համար հայ պատգամաւորին իբրեւ պատիժ արգիլուած է մասնակցիլ խորհրդարանի յառաջիկայ 3 նիստերուն:
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

