Ճրտգ. Համբարձում Աղպաշեան
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ներկայիս Էրտողան կը փորձէ իր դիրքերը ամրապնդել Սուրիոյ հիւսիսային քրտաբնակ շրջաններուն մէջ եւ հոն քիւրտերը կը հալածէ, մինչ ԱՄՆ-ը քիւրտերը ՏԱԻՇ-ի դէմ մղած իր պայքարի ամենամեծ դաշնակիցը կը համարէ: Թուրքիան նաեւ զիջումներ կ՚ընէ Ռուսաստանին, Սուրիոյ տագնապին հարցով: Սակայն ինչո՞ւ ան կը հալածէ Սուրիոյ քիւրտերը: Ի՞նչն է գինը անոր զիջումներուն Ռուսաստանին, եւ ի վերջոյ ի՞նչ ձեռք պիտի բերէ ան: Կը թուի թէ Թուրքիան կ՚ակնկալէ Սուրիոյ քիւրտերը տկարացնելով եւ անոնց կապերը իր երկրի քիւրտերուն հետ խզելով պիտի կարողանայ վերջ տալ քրտական ազգային ազատագրական շարժումին, իր երկրէն ներս:
Ըստ 1920 թ. Սեւրի պայմանագիրին, Թուրքիոյ արեւելեան եւ հարաւարեւելեան մասերուն մէջ քրտական ինքնավար շրջան մը պիտի ստեղծուէր, ԱՄՆ-ի նախագահ Ուուտրօ Ուիլսոնի մշակած քարտէսին համեմատ, սակայն այդ մէկը տեղի չունեցաւ, երբ 1923 թ. Լոզանի պայմանագիրը ջնջեց Սեւրինը, եւ Քեմալ Աթաթուրք Թուրքիոյ քրտական բոլոր տարածքները ենթարկեց իր իշխանութեան: Ըստ քիւրտերուն, Սեւրի պայմանագիրը պառակտեց Մեծն Քիւրտիստանը, Թուրքիոյ, Իրանի, Իրաքի եւ Սուրիոյ միջեւ: Քիւրտերուն թիւը ներկայիս աւելի քան 30 միլիոն կը գնահատուի, անոնցմէ 16 միլիոնէն աւելին Թուրքիոյ մէջ կը գտնուի եւ զրկուած է իր ազգային իրաւունքներէն: Իսկ Իրանի մէջ, անոնք բոլորովին կառավարութեան հսկողութեան տակ են. «Մահապատ»ի Քրտական հանրապետութիւնը, որ հիմնուած էր Իրանի հիւսիսային կողմը 1946 թ. երկար կեանք չունեցաւ: Սուրիոյ քիւրտերը միշտ անտեսուած են, իսկ ինչ կը վերաբերի Իրաքին, հոն քրտական շարժումները սկսած են քսաներորդ դարու սկիզբը՝ Շէյխ Մահմուտ Ալ-Հաւիտի ղեկավարութեամբ, այնուհետեւ շարունակուած է Պարզանի, Թալապանի եւ այլ տոհմերուն կողմէ, յաջողած են իրենց իրաւունքներուն մեծ մասը ձեռք բերել եւ բաղդատմամբ միւս երկիրներուն իրենց իրավիճակը աւելի լաւ կը համարուի:
Աթաթուրք քիւրտերը «լերան թուրքեր» անուանեց. արգիլեց քրտերէն լեզուի ուսուցումը եւ կրթական ու մշակութային որեւէ գործունէութիւն, թերթերու հրապարակում, նաեւ քրտական քաղաքական կուսակցութիւններու ձեւաւորում:
1925 թ. Աթաթուրքի դէմ տեղի ունեցաւ Շէյխ Սայիտ Բիրանի ապստամբութիւնը, որ քիւրտերու առաջին ազգային-ազատագրական շարժումն էր Թուրքիոյ ժամանակակից պատմութեան մէջ, սակայն այն չյաջողեցաւ եւ Շէյխ Սայիտը մահապատիժի ենթարկուեցաւ իր ընկերներուն հետ. հարիւրաւոր քրտական գիւղեր թալանուեցան, այրուեցան եւ բնակիչները բռնի արտաքսուեցան:
1927-1930 «Աղրի»ի, Արարատ լերան, յեղափոխութիւնը տեղի ունեցաւ Օսմանեան բանակի նախկին զօրավար Իհսան Նուրի փաշայի ղեկավարութեամբ: Հոյպուն (Անկախութիւն) քրտական կուսակցութիւնը եւ Պատրխան տոհմը, որոնք հայերէն, ՀՅԴ-էն, օգնութիւն ստացան, անոնք ալ իրենց մասնակցութիւնը բերին: Արարատի տարածքը քրտական անկախ պետութիւն հռչակուեցաւ: Աթաթուրքը լայնածաւալ պատերազմ մղեց եւ «Աղրի»ի քրտական նորաստեղծ պետութիւնը տապալեց: Իհսան Նուրի փաշան Պարսկաստան ապաստանեցաւ:
1935 թ. Թուրքիոյ պետութիւնը վերաբնակեցման նոր օրէնքով որոշեց Տերսիմի (այժմ Թունջելի) քիւրտերը ուրիշ վայրեր տեղափոխել, հոն թուրքեր բնակեցնելու նպատակով: Քիւրտերը մերժեցին եւ ծայր առաւ Տերսիմի ապստամբութիւնը Սայէտ Ռեզայի ղեկավարութեամբ (1937-1939): Աթաթուրքը տասնեակ հազարաւոր զօրքեր ղրկեց եւ օդային ուժի մասնակցութեամբ վերջ տուաւ Տերսիմի ապստամբութեան: Տասնեակ հազարաւոր քիւրտեր սպաննուեցան եւ մեծ թիւով ալ բռնի տեղափոխուեցան. Տերսիմի իրադարձութիւնները ցեղասպանութիւն նկատուեցան, եւ վերջերս Էրտողանը ներողութիւն խնդրեց իր կառավարութեան անունով:
Քիւրտերու դէմ հալածանքները շարունակուեցան Թուրքիոյ մէջ (1960, 1971, 1980) յեղաշրջումներու հետեւանքով, սակայն անոնց ազատական շարժումը շարունակուեցաւ եւ1978 թ. Ապտուլլա Օճալանի ղեկավարութեամբ կազմուեցաւ «Քիւրտիստանի Բանուորական Կուսակցութիւն»ը, (PKK), որ 2004 թ. պայքար մղեց պետութեան դէմ ու ան շարունակուեցաւ մինչեւ 2009 թ., երբ խաղաղ բանակցութիւններ սկսան: Մինչ այդ, աւելի քան 40,000 մարդ սպաննուեցաւ եւ աւելի քան 3,000 քրտական գիւղեր այրուեցան եւ հարիւր հազարաւոր քիւրտեր տեղահանուեցան: Նոյն ոճը եւ նոյն շովինիստական մօտեցումը Ապտուլ Համիտէն սկսեալ մինչեւ օրս. նախ հայերուն եւ այլ քրիստոնեաներուն դէմ, ապա իսլամ քիւրտերուն դէմ, որոնք իրենց հետ միասին կոտորած էին հայերը:
Օճալան՝ 1979 թ. տեղափոխուեցաւ Սուրիա. տարիներ ետք 1998 թ., Թուրքիոյ սպառնալիքները Սուրիոյ պետութեան դէմ ծանրացան Օճալանին ապաստան ապահովելուն համար, եւ ան ստիպուեցաւ մեկնիլ երկրէն, նախ դէպի Ռուսաստան, յետոյ Իտալիա եւ ի վերջոյ Յունաստան. վերջապէս ձերբակալուեցաւ 1999-ի Փետրուար 15-ին Նայրոպիի մէջ, Ափրիկէ, թուրքերու կողմէ եւ ԱՄՆ-ի օգնութեամբ։ Ան Թուրքիոյ մէջ նախ մահապատիժի ենթարկուեցաւ, ապա 2002 թ. մահապատիժը փոխարինուեցաւ ցմահ ազատազրկման, երբ մահապատիժը արգիլուեցաւ Թուրքիոյ մէջ Եւրոխորհրդարանի ճնշումով:
Թուրկութ Օզալ իշխանութեան հասաւ Նոյեմբեր 1898-ին եւ 1991-ին ան ներում շնորհեց քաղաքական բանտարկեալներու եւ քիւրտերու, որոշ չափով ազատութիւն տուաւ։ Օզալ յայտնեց, որ ինք քրտական արմատներ ունի: Թուրքիոյ եւ PKK-ի միջեւ անուղղակի բանակցութիււններ տեղի ունեցան 1993 թ. Իրաքի քիւրտ առաջնորդներէն Ճալալ Թալապանիի միջնորդութեամբ: Երկու կողմերը պայքարին վերջ տալու մասին գրեթէ համաձայնեցան, սակայն 1993 թ. Ապրիլին Օզալի յանկարծակի մահը արիւնալի բռնութեան նոր դէպքեր յառաջ բերաւ: 1997 թ. խաղաղութեան ուրիշ փորձ մը տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ ծայրայեղ իսլամ վարչապետ Նեճմըլտին Էրպաքանի օրով, սակայն ան ալ ձախողեցաւ, երբ բանակը տապալեց Էրպաքանի իշխանութիւնը: Վարչապետ Պուլանտ Էճեւիտի եւ բանտարկուած Օճալանի միջեւ կարճ բանակցութիւններ տեղի ունեցան, սակայն անոնք ալ վերջ գտան առանց արդիւնքի: 2009-2011թթ. Նորվեկիոյ մայրաքաղաք Օսլոյի մէջ բանակցութիւններ տեղի ունեցան Էրտողանի կառավարութեան եւ PKK-ի ներկայացուցիչներու միջեւ, սակայն դադրեցան Փարիզի մէջ PKK-ի երեք յայտնի անդամներու սպանութեան պատճառով, ուր Թուրքիան մեղադրուեցաւ: Պայքարը շարունակուեցաւ եւ Էրտողան յայտարարեց, թէ թրքական բանակը պիտի շարունակէ քիւրտ մարտիկներու հետապնդումը ամէն տեղ: 2012 թ. նոր բանակցութիւններ տեղի ունեցան Էրտողանի եւ Օճալանի միջեւ եւ անոր հետեւեցաւ խաղաղութեան շրջան մը, որ վերջ գտաւ 2015 թ. Սուրիոյ պատերազմին պատճառով: Քիւրտերը 2012 թ. Սուրիոյ Քամիշլի, Քուպանի եւ Աֆրին քաղաքներուն մէջ ինքնավար շրջաններ հիմնեցին, եւ յայտարարեցին թէ անկախութեան չեն ձգտիր, սակայն պատերազմի շարունակութիւնն ու քիւրտերիու դերը ՏԱԻՇ-ի դէմ լարուածութիւնը աւելցուց Թուրքիոյ եւ քիւրտերու միջեւ:
Յուլիս 2015 թ. թրքական Սորոշ քաղաքին մէջ ՏԱԻՇ-ի կողմէ անձնասպանութիւն մը տասնեակ քիւրտերու կեանքը խլեց, թուրքերը յանցաւոր սեպուեցան եւ անոր դէմ քիւրտերը երկու թուրք ոստիկաններ սպաննեցին Ուրֆայի մէջ: Թրքական օդային հարուածները որոնք ուղղուած էին Սուրիոյ քրտական ջոկատներուն դէմ շարունակուեցան PKK-ի հետ կապ ունենալու պատրուակով: Իրաքի քիւրտերը ուզեցին միանալ Սուրիոյ քիւրտերուն հետ, որպէսզի միասին ՏԱԻՇ-ի դէմ պայքարին, սակայն Էրտողան այդ քայլը Թուրքիոյ դէմ ուղղուած համարեց եւ 12 Դեկտեմբեր 2017-ին շեշտեց, որ իր երկրին սահմաններուն վրայ անկարելի է քրտական պետութիւն կառուցել: Յիշենք, որ ներկայիս Թուրքիան Սուրիոյ մէջ քրտական քաղաքներ եւ տարածքներ գրաւած է, քիւրտ մարտիկները չէզոքացնելու եւ անոնց կապերը PKK-ին հետ կտրելու համար: Քիւրտերը փորձեցին մասնակցիլ Թուրքիոյ քաղաքական կեանքին եւ 2012-ին հիմնեցին «Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութիւն»ը, որ 2015 թ. յաղթանակ արձանագրեց եւ Թուրքիոյ խորհրդարանը մտաւ 78 երեսփոխաններով:
Այնուամենայնիւ, պետութեան հետ փոխըմբռնման բոլոր փորձերը ձախողեցան եւ այդ կուսակցութեան ղեկավարները այս կամ այն պատճառով բանտարկուած են։ Վերջերս թրքական կառավարութիւնը Տիարպէքիրի շրջանի քրտական տարածքները, Սուր քաղաքը եւ այլ շրջաններ աւերակի վերածեց եւ դեռ հակամարտութիւնները կը շարունակուին: Քիւրտերու ինքնութիւնը ոչնչացնելու բոլոր փորձերը ոչ մէկ արդիւնք տուին եւ անոնք կը շարունակեն իրենց պայքարը:
Ժամանակին, 1890 թ., համիտեան ջոկատները հիմնուեցան Ապտուլ Համիտ Բ.-ի կողմէ. անոր անդամներուն մեծ մասը քիւրտ հեծեալներ էին, որոնք իրենց շրջաններուն մէջ համիտեան կոտորածները կատարեցին եւ աւելին՝ անոնք շարք մը քրտական այլ ցեղախումբերու հետ միասին Թալէաթի հետ մաս կազմեցին 1915 թ. հայոց Ցեղասպանութեան ծրագիրին, հայուն տունն ու տեղը գրաւեցին։ Աթաթուրքի օրով անոր հետ գործակցեցան յոյս ունենալով որ իրենց ազգային իրաւունքներուն պիտի տիրանան: Սակայն թուրքը թուրք է, անոնց ալ հայոց դառն բաժակէն խմցուց եւ դեռ կը խմցնէ. քիւրտերը կ՚ըմպեն նոյն այդ դառն գաւաթէն, որ հայերուն ըմպել տուին…: