Իրական Թիւը

*ԱՐՄԷՆ*
Այդպէս ալ 1.5 միլիոն զոհ թիւը փաթթեցին հայութեան վզին… Ի՞նչ կ’ըսեն փաստերը իրական թիւին կապակցութեամբ:
Իրանցի պատմաբան ու մտաւորական Իսմայիլ Ռայինը՝ նախկին վարչաձեւի ժամանակ՝ հրատարակեց եզակի ուսումնասիրութիւն մը Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Գիրքին անունը «Հայոց Ցեղասպանութիւն» է:
Այդ գիրքը հրատարակուեցաւ այն տարիներուն, երբ Իրանը, Թուրքիան եւ Իրաքը ձեւաւորած էին ռազմական ու ապահովական դաշինք մը՝ ՍԵՆԹՕ անունով:
Իրանի նախկին վարչաձեւի էութեան ու ՍԵՆԹՕ-ի գոյութեան նկատառումներով, կրնանք յստակ ըսել, որ այդ գիրքը չէր կրնար հրատարակուիլ այդ տարիներու Իրանի մէջ՝ առանց վարչակարգին թոյլատուութեան:
Իսմայիլ Ռայինը՝ Իրանի նոյն ժամանակի վարչակարգին առաջարկով ու տեղեկութիւններ տրամադրելով արդէն հրատարակած էր Իրանի մէջ մասոնական շարժման սկիզբին ու հոլովոյթին վերաբերեալ գիրք մը: Գիրքին անունն է «Ֆարամուշխանէ»: Այդ գիրքը հեղինակելու համար՝ Ռայինը ձեռնահասութիւն ունէր Իրանի պետական արխիւներուն, ու մեծապէս օգտուած է անոնցմէ:
Ես կը կարծեմ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ գիրքը կազմելու համար ալ՝ Ռայինը իր ձեռքին տակ ունեցած է Իրանի պետական յոյժ-գաղտնի փաստաթուղթեր ու մեծապէս օգտուած այդ տեղեկութիւններէն:
Իսմայիլ Ռայինը՝ իր կոթողային գիրքին մէջ՝ մէկ առ մէկ կը նշէ Օսմանեան Կայսրութեան բոլոր վիլայեթներուն մէջ ապրող հայերուն թիւը (մէկ-մէկ կը նշէ քաղաքներու եւ ուրիշ համայնքներու հայութեան թիւը), ու վերջաւորութեան կու տայ ամէն մէկ շրջանի մէջ բնաջնջուած հայերու ստոյգ թիւը: Հանրագումարն ալ կը ներկայացնէ աւելի քան 2,700,000 հոգի, որ միայն սպանուածներուն թիւն է: Հիմա չեմ յիշեր, որ ան ի՞նչ թիւ կու տայ աքսորուածներուն վերաբերեալ:
Խորհրդային Հայաստանի ժամանակներու պատմաբան, մեծ մտաւորական Ճոն Կիրակոսեանն ալ համաձայն էր Ռայինի ներկայացուցած թիւին, եւ կը նշէ մօտաւոր այդ նոյն թիւը: Իսկ թէ երբուընէ՞ եւ ինչո՞ւ սկսաւ շրջանառութեան մէջ մտնել 1,5 միլիոնը, ես չեմ գիտեր: Այս մասին թող ըսեն պատմաբաններն ու տեղեակները:
Կից նկարը 1965 թուականի Ապրիլ 24-ի Երեւանի ցոյցէն է: Ասիկա առաջին անգամն էր (Հայոց Ցեղասպանութեան 50-ամեակին առիթով), որ հրապարակ իջաւ հայութիւնը Հայաստանի մէջ՝ բարձրացնելով հողային պահանջատիրութեան հարցը: Բացուած պաստառներուն վրայ նշուած է 2,000,000 թիւը: Ինչո՞ւ փոխուեցաւ եւ իջաւ այդ թիւը, ես չեմ գիտեր:
Իսկ մեր օրերուն, Թուրքիան արդէն կը խօսի միայն 600,000 հայ սպանուածներու մասին, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին աքսորի ճանապարհին՝ սովէն ու հիւանդութիւններէն… Թուրքիան կը հերքէ Ցեղասպանութիւն կազմակերպելը:
Ես չեմ գիտեր, թէ Ռայինի այս գիրքը թարգմանուա՞ծ է ուրիշ լեզուներով, թէ՝ ոչ: Եթէ ոչ՝ կ’առաջարկեմ նախ զայն վերահրատարակել պարսկերէնով, ապա թարգմանել հայերէն, անգլերէն, ռուսերէն, թրքերէն եւ ուրիշ լեզուներով: Ատիկա շատ կարեւոր աշխատանք է:
Տարբեր երկիրներ (օրինակ՝ Վատիկանը) արդէն բացած է իրենց փակ ֆոնտերը ու բոլորին հասանելի է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ վաւերական արժէք ունեցող այդ արխիւները: Կ’առաջարկեմ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը դիմէ Իրանին՝ իրենց տրամադրելու Իրանի ֆոնտերուն մէջ պահուող՝ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող արխիւային նիւթերէն կրկնօրինակներ: Իրանը անպայման պիտի ունենայ արժէքաւոր արխիւ:
Իսմայիլ Ռային
Իրանցի մեծանուն պատմաբան, բանասէր, լրագրող ու մեծ մտաւորական Իսմայիլ Ռային ծնած է 1936 թուականին, Իրանի հիւսիսը գտնուող Բուշեհր քաղաքին մէջ: Մահացած է 1980 թուականին, Թեհրանի մէջ: Ան պարսկերէնով հեղինակած է աւելի քան 20 պատմական ու քաղաքական արժէքաւոր գիրքեր: Ունի մեծ թիւով յօդուածներ՝ իրանական մամուլին մէջ: «Հայոց Ցեղասպանութիւնը» հատորէն բացի, ան գիրքեր ունի նուիրուած իրանահայութեան կեանքին ու իրանահայ նշանաւոր անձերու: Իմ տեղեկութիւններով Ռայինի «Հայոց Ցեղասպանութիւնը» կոթողային գիրքը մինչեւ հիմա ունեցած է վեց հրատարակութիւն Իրանի մէջ:
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

