Ապրիլեան Պատերազմի Ժառանգութիւնը՝ Մէկ Տարի Անց
*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
Մէկ տարի առաջ, 5 Ապրիլ 2016-ին, Մոսկուայի մէջ ձեռք բերուած բանաւոր համաձայնութեամբ` Ապրիլեան պատերազմի մէջ հաստատուեցաւ հրադադար։ Անիկա, թէեւ, յետագայ օրերուն բազմիցս խախտուեցաւ եւ այսօր ալ կը խախտուի, հարցին միւս, այս պարագային` երկրորդ կողմն է: Առաջինը այն է, որ նոյնիսկ ամէն օր պատերազմով սպառնացող կողմը լաւ կը հասկնայ` ռազմական ճանապարհով հակամարտութեան լուծումը հնարաւոր չէ: Եւ ատիկա Ապրիլեան պատերազմէն մնացած ամենակարեւոր դասն է: Բայց ոչ միակը:
Ապրիլեան պատերազմի պաշտօնական աւարտը յայտարարուեցաւ Մոսկուայի մէջ: Ռազմական աշխոյժ գործողութիւններուն չորս օրը ապացուցեց, որ կողմերուն դիրքորոշումները 1994-էն ի վեր չեն փոխուած: Ազրպէյճանը պիտի փորձէ իւրաքանչիւր առիթի հակամարտութեան լուծումը ռազմական հարթութիւն տեղափոխել, Արցախն ալ ամէն գնով պիտի պաշտպանուի` ունենալով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ համայն հայութեան աջակցութիւնը, կ’ընդգծէ ԱՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Բաբայեան: Պաքուն հակամարտութիւնը բացառապէս խաղաղ ճանապարհով լուծելու կողմնակիցը չդարձաւ, բայց հասկցաւ` այսօր պատերազմով յաջողութեան հասնելու հնարաւորութիւն չունի: Պատերազմը սկսելէն 4 օր անց` Մոսկուայի մէջ էր Ալիեւի ներկայացուցիչը` հրադադարի մասին պայմանաւորուելու համար: Ապրիլեան պատերազմը ոչինչ փոխեց հակամարտութեան ձեւաչափին մէջ: Հաւանաբար նաեւ Պաքուի նկրտումները գիտնալով` միջնորդները ամենաբարձր մակարդակով յայտարարեցին, որ կարգաւորման գործընթացին հիմքը կը մնան 1994-95 թուականներուն ստորագրուած եռակողմ փաստաթուղթերը` Երեւանի, Ստեփանակերտի եւ Պաքուի մասնակցութեամբ: Դաւիթ Բաբայեան զայնկ’ընդունի իբրեւ բանակցութիւններու ամբողջական ձեւաչափը վերականգնելուն ուղղուած քայլ. «Միջնորդ երկիրներու ներկայացուցիչները արդէն բացէիբաց կը յայտարարեն, որ առանց Արցախի ժողովուրդին մասնակցութեան՝ հարցը չի կրնար վերջնական լուծում ստանալ: Ատիկա ե՞րբ կ’ըլլայ՝ դժուար է ըսել: Բայց որ զայն անխուսափելի կը համարեն ոչ միայն հայկական կողմերը, այլեւ միջնորները՝ փաստ է»:
Ռազմական առումով ոչինչ փոխելով` Ապրիլեան պատերազմը լուրջ հարուած էր հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին համար: Այս պահուն օրակարգի վրայ ոչ թէ բանակցութիւններուն բովանդակութիւնն է, այլ պարզապէս բանակցութիւններուն համար պայմաններու ապահովումը: Հայկական կողմերը բազմիցս յայտարարած էին նաեւ մինչեւ Ապրիլեան պատերազմը: Միջազգային հանրութիւնը ներկայացնող միջնորդները այդ համոզման եկան պատերազմէն ետք. «Այսօր քննարկումները կը ծաւալուին յատկապէս հրադադարը կայունացնող կառուցակազմերուն կիրառման շուրջ: Մինչեւ գոնէ համեմատաբար կայունութիւն չըլլայ՝ անհնար է խօսիլ իրական բանակցութիւններու մասին»,- կ’ընդգծէ Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետը: Այս զարգացումներուն հաշուարկով` Ստեփանակերտի ներկայացուցիչը հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ էական տեղաշարժ մօտ ապագային չի կանխատեսեր: Յատկապէս Ապրիլեան պատերազմէն ետք` հայկական կողմերը հիմնաւորուած թերահաւատութիւն ունին` արդեօք Ազրպէյճանի այսօրուան իշխանութեան հետ հնարաւոր պիտի ըլլայ խաղաղութեան հասնիլ. խաղաղութիւնը Ազրպէյճանի իշխող գերդաստանին պարզապէս պէտք չէ:
Թերահաւատութիւնը համոզմունքի կը վերածէ Պաքուի ղեկավարութիւնը: Ապրիլի սկիզբը Իլհամ Ալիեւը հրամանագիր ստորագրած է «Ռազմական դրութեան մասին» խորհրդարանին մէջ Փետրուար 14-ին ընդունուած նոր օրէնքը եռամսեայ ժամկէտով իրագործելու մասին: Հայկական կողմերուն համար այդ օրէնքին մէջ կատարուած փոփոխութիւնները նորութիւն չեն ենթադրեր: Իսկ ահա ազրպէյճանցիներուն համար, կան բաւական լուրջ մարտահրաւէրներ: Վերահսկողութեան կառուցակազմերը աւելցած են: Նոր օրէնքին համաձայն` ռազմական դրութեան յայտարարման պարագային կը նախատեսուի սահմանել ռազմական գրաքննութիւն` ոչ միայն աւանդական լրատուամիջոցներու, այլեւ ընդհուպ մինչեւ անձնական նամակագրութեան վրայ: «Օրէնքի փոփոխութիւններով՝ Ազրպէյճանի իշխանութիւնը հնարաւորութիւն կը ստանայ նաեւ հասարակական լրատուադաշտը վերահսկողութեան տակ առնելու: Ասիկա այն ոլորտն է, որ վերջին տարիներուն աշխուժացած է եւ համեմատաբար ազատ է: Ոչ այն պատճառով, որ իշխանութիւնները արտօնած էին զայն, պարզապէս հսկողութեան կառուցակազմեր չկային: Օրէնքի փոփոխութիւններով՝ այդ հնարաւորութիւնը ստեղծուեցաւ»,- կը գնահատէ Արցախի նախագահի խորհրդական Տիգրան Աբրահամեան:
Բաւական դիւրացած է նաեւ օրէնքը կիրառելու գործընթացը: Փետրուարին կատարուած փոփոխութիւններով յստակ կը սահմանուի, որ ռազմական դրութիւն կրնայ յայտարարուիլ Ազրպէյճանի տարածքին որեւէ մէկ հատուածի փաստացի բռնագրաւման, օտարերկրեայ պետութեան կողմէ Ազրպէյճանին պատերազմ յայտարարելու եւ այլ պարագաներու: Առանց շարքը շարունակելու` Ազրպէյճանը նոյնիսկ այս պահուն կրնայ ռազմական դրութիւն յայտարարել ու կիրառել ներքին խռովութիւնները ճնշելու հնարաւորութիւնները` հիմք յայտարարելով, որ Արցախը Ազրպէյճանի ենթակայութեան տակ չէ, կը նկատէ Տիգրան Աբրահամեան:
Բոլոր հիմքերը կան ենթադրելու, որ այդ օրէնքը կիրառելու անհրաժեշտութիւնը մօտ ապագային պիտի զգացուի. հասարակական-տնտեսական դժուարութիւններուն նաեւ աւելցած են ազգային փոքրամասնութիւններուն դժգոհութիւնները եւ նաեւ քաղաքական դժգոհութիւնները` Մեհրիպան Ալիեւայի Ազրպէյճանի առաջին փոխնախագահ նշանակուելէն ետք:
Ստեփանակերտ
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

