Լոյս Տեսաւ Ընկ. Յակոբ Գասարճեանի «Նուիրում ՌԱԿ-ի Ճամբով Յիսնամեայ գործունէութեան Արձանագրութիւն» Գիրքը

Վերջերս լոյս տեսաւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ, Լիբանանի խորհրդանանի նախկին անդամ եւ Թ.Մ.Մ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ Ընկ. Յակոբ Գասարճեանի «Նուիրում ՌԱԿ-ի Ճամբով Յիսնամեայ գործունէութեան Արձանագրութիւն» գիրքը:
Գիրքը իւրայատուկ յուշագրութիւն մըն է, ուր ամփոփուած է Ընկ. Յակոբ Գասարճեանի շուրջ կէս դարեայ ազգային-քաղաքական եւ միութենական-կուսակցական գործունէութիւնը: Իր «ԵրկուԽօսք»-ին մէջ Ընկ. Գասարճեան գրած է.«Կեանքիս շուրջ կէս դարու իրադարձութիւնները, դէպքերը եւ դէմքերն են որ պիտի երեւան այս գիրքին մէջ: Ընտանեկան յարկի եւ պատանեկութեան տարիներու յիշողութիւններ, միութենական, կուսակցական, ազգային-քաղաքական, ինչպէս նաեւ Լիբանանի խորհրդարանական գործունէութեան դրուագներ թուղթին յանձնելու եւ ձեւով մը հինգ տասնամեակներու հաշուետուութիւն մը տալու ցանկութիւնը զիս մղեց ձեռնարկելու այս գործին»:
Գունազարդ եւ որակաւոր՝ 332 էջ հաշուող, ամուր կազմով գիրք մըն է այս գեղեցիկ հրատարակութիւնը:Վեց բաժիններու մէջ եւ 54 գլուխներու տակ ընկ.Յակոբ Գասարճեան պատմութեան համար տուած է իր գործունէութեան կարեւորագոյն հանգրուանները, որոնք կ’առնչուին իր ընտանիքին, Հ.Ե.Ը.-ին, Հ.Բ.Ը.Մ.-ին, Ռ.Ա.Կ.-ին, Թ.Մ.Մ.-ին, Հայրենիքին, Արցախին եւ լիբանանեան քաղաքական կեանքին:
«Վերելքներով եւ ընկրկումներով հարուստ ժամանակաշրջան մըն էր, որ անկասկած իր հետքը ձգեց գործունէութեանս տարիներուն վրայ». իր գիրքին մէջ կ՛ըսէ ընկ. Գասարճեան: «Իբրեւ ժամանակակիցը, երբեմն նաեւ անմիջական մասնակիցը ազգային-քաղաքական ու կուսակցական կարեւոր իրադարձութիւններու, կ՛անդրադառնամ մեր յաջողութիւններուն եւ միեւնոյն ատեն գործած անհատական թէ հաւաքական սխալներուն, վրիպումներուն եւ նոյնիսկ մեղքերուն». արժանաւոր ղեկավարի վեհանձնութեամբ կ՛աւելցնէ ընկ. Գասարճեան:
Սփիւռքահայ պատմութեամբ հետաքրքրուողներուն եւ ապագայ ուսումնասիրողներուն հարուստ նիւթ եւ ատաղձ հայթաթելէն անդին, երիտասարդ սերունդին վրայ մեծ հաւատք ունեցող ընկ. Գասարճեան իր գիրքով կարեւոր կոչ մըն ալ կ՛ընէ անոնց. «Ոտքի՛ ել Հայ երիտասարդութիւն: Դո՛ւն ես ազգին յոյսն ու ապագան: Ամէն տեղ երիտասարդութիւնն է պայքարի առաջին գիծերուն վրայ: Դո՛ւն ալ, Հա՛յ երիտասարդ, գիտակցէ՛ ուժիդ ու գործածէ զայն յօգուտ հայրենիքիդ պաշտպանութեան ու վերականգնումին»:
Այս ներշնչող եւ ուսանելի գիրքին նիւթերը հաւաքած եւ խմբագրած է ընկ. Յովիկ Էօրտեքեան, որ ի մի բերած է ընկ.Յակոբ Գասարճեանի տարբեր տարիներու գրառումները, նօթերը, անձնական արխիւը եւ մամուլի մէջ լոյս տեսած նիւթերը: Գիրքին մէջ տեղ գտած են նաեւ Յակոբ Գասարճեանի զանազան ելոյթները, հարցազրոյցները եւ յօդուածները: Գիրքին բովանդակութեան վերստուգման, սրբագրութեան, եւ ձեւաւորման մէջ իր ներդրումը ունեցած է Դոկտ. Վաչէ Ղազարեան: Օֆսէթ տպագրութեամբ, 17 x 24 սմ. չափով, կաւճապատ թուղթով, 500 տպաքանակով, 2016 թուականը կրող այս շքեղ գիրքը լոյս տեսած է Երեւանի «Տիգրան Մեծ» հրատարակչատան տպարանէն: Անոր միջազգային բնօրինակի գրքաթիւն է՝ ISBN 978 – 1 – 931834 – 41 – 4:
Ընկ. Յակոբ Գասարճեան անցնող Մարտ 13 – 17 երկարող օրերուն յատուկ տեսակցութիւններու ընթացքին Երեւանի եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ գիրքէն օրինակներ մակագրելով նուիրած է Սփիւռքի նախարարուհի Տիկին Հրանոյշ Յակոբեանին եւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, իսկ Մարտ 23-ին Անթիլիասի մէջ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին:
«Զարթօնք»
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

