Եուզսուզութիւնն (Աներեսութիւն) Ալ Չափ Սահման Ունի

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Սթամպուլի Պեշիկթաշի շրջանի ղեկավարի տեղակալ Հուսէյն Աւնի Սիփահին քաղաքային խորհուրդի վերջին նիստին յայտարարած է, որ խորհուրդի նախագահի պահանջքով իր ամառանոցին մէջ գտնուող հոլանտական ցեղատեսակի կովերէն մէկը պիտի մորթէ` ի նշան Հոլանտայի մէջ թուրք նախարարներու ելոյթները արգիլելու դէմ բողոքի…:
Թրքական բարքերու եւ քաղաքակրթութեան ու զարգացումի մակարդակի ուրիշ լաւագոյն օրինակով մը դարձեալ քանի մը օր առաջ Թուրքիոյ Սամսուն քաղաքին մէջ հաւաքի մը ընթացքին Ֆրանսայի դրօշակը Հոլանտայի դրօշակին հետ շփոթելով թուրք ամփոխը զայն հրապարակաւ այրած էր…:
Յիշեցնենք, որ թրքական այս արարքները հակազդեցութիւն են այն բանին, որ Մարտ 11-ին Հոլանտայի վարչապետը թոյլ չէր տուած, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի օդանաւը վայրէջք կատարէ Ռոթըրտամ, ուր ան մտադրած էր Թուրքիոյ մէջ կայանալիք սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէի թեմայով հանրահաւաք ունենալ տեղի թուրքերուն հետ: Տուեալ դէպքէն օր մը առաջ ալ նոյն նպատակով, սակայն ցամաքային ճանապարհով, Հոլանտա մեկնած Թուրքիոյ ընտանիքի հարցերով նախարար Ֆաթմա Պեթիւլ Սայան Կայանի ինքնաշարժը կանգնեցուցած են Հոլանտական ապահովական ուժերը, թոյլ չտալով առաջ երթալ ու դեսպանատուն հասնիլ: Այնուհետեւ Հոլանտայի իշխանութիւնները զայն «անցանկալի անձ» յայտարարած ու արտաքսած էին երկրէն:
Թուրքիոյ մէջ ահմանադրական փոփոխութիւններով երկրին նախագահին՝ այսինքն ինքզինքին լայն իրաւասութիւններ ապահովելով թուրքիան սուլթանական վարչակարգի վերածել ձգտող Ռաճափ Թայէպ Էրտողան, որպէս հակազդեցութիւն Հոլանտայի առած քայլերուն հոլանտական պետութիւնը ամբաստանեց, որպէս նացիսմի ժառանգորդ, հակաժողովրդավարական եւ ցեղապաշտ պետութիւն…:
Խօսողին նայէ, սիրելի՛ ընթերցող: Խօսողը նոյնիքն Էրտողանն է, որուն գլխաւորած երկիրը միայն 15 Յուլիս 2016-էն ի վեր ունի 128,625 պետական հրամանագրով քաղաքական պատճառներով պաշտօնէ արձակուած պետական պաշտօնեաներ, ուսուցիչներ, բանակայիններ եւ դասախօսներ: Այս թիւին դիմաց Հոլանտա ունի զերօ պաշտօնազրկուած անձ: Նոյն թուականէն ի վեր Թուրքիոյ մէջ կան քաղաքական 94,224 կալանաւոր: Հոլանտայի մէջ՝զերօ: Թուրքիոյ պետութիւնը փակած է 2,099 դպրոց եւ համալսարան: Հոլանտայի մէջ անշուշտ նման զերօ պարագայ կայ: Թուրքիոյ մէջ 7,316 ակադեմական անձինք իրենց գործը կորսնցուցած են քաղաքական պատկանելիութեան պատճառով: Հոլանտայի մէջ զերօ: Թուրքիոյ մէջ 4,070 դատաւոր պաշտօնազուրկ եղած է: Հոլանտայի մէջ զերօ: Թուրքիոյ մէջ գործող 149 մամլոյ օրկաններ փակման ենթարկուած են, մինչ Հոլանտայի մէջ՝ զերօ: Վերոյիշեալ թուականէն ի վեր Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած են 162 լրագրող, անշուշտ, այս թիւին դիմաց Հոլանտայի մէջ պատահած է զերօ պարագայ:
Հակառակ այս պատկերին եւ աւելին, Հայոց Ցեղասպանութիւնը տակաւին ժխտող Էրտողան անամօթ աներեսութեամբ մը ինքզինքին կ’արտօնէ Հոլանտան կոչել ֆաշիստական կամ նացցիական երկիր: Հետաքրքրական է չէ՞:
Ի տես այս իրավիճակին մեզի կը մնայ ըսել, որ եուզսուզութիւնն (աներեսութիւն) ալ չափ սահման ունի, Էրտողան էֆէնտի:
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

