Կեանքը Գոյներու Անմահութիւնն է
*ԱՒԵՏԻՍ ՏԻՊԱՆ*
Մարդը մահկանացու է ու անոր անմահ մնալու միակ հնարաւորութիւնը իրմէ յետոյ որեւէ անմահ բան աշխարհի հանրութեան համար ձգելն է:
Ուիլիամ Ֆոլքնըր
Անմահ է այն մարդը, որ իր գործով պիտի յաւերժացնէ մարդկութիւնը, թողնելով թանկարժէք հարստութիւն՝ կեանքի, բնութեան, արուեստի եւ առհասարակ մարդկային ապրելակերպի գեղարուեստական աշխարհին մէջ:
Զօհրապ Քէշիշեան՝ լիբանանեան եւ լիբանանահայ արուեստին մէջ իր դերն ու դրոշմը ունեցած գեղանկարիչը՝ 5 Փետրուար 2017-ին հեռացաւ այս անցաւոր աշխարհէն, ծանր հիւանդութեան դէմ պայքարելէ ետք: Ան ջատագով էր գեղեցիկ արուեստին՝ մարմնաւորելով կինը, հողը, բնութիւնը, մանուկը, կարօտը, սէրը իր զանազան կտաւներու մէջ: Ան հեռացաւ մեզմէ իրեն հետ տանելով թեթեւ բեռը, ինչպէս Վոլթեր ըսած է.«Անոնք դէպի անմահութիւն կ’երթան փոքր բեռով»:
Ան աճեցաւ ու բարձրացաւ ուսում առնելով տպաւորապաշտ, խորհրդապաշտ, վիպապաշտ, գերիրապաշտ դասական գեղանկարչական ու պատկերաւոր դպրոցներուն մէջ:
Գոյնի եւ լոյսի ճաճանչագեղ արտացոլումներ ստեղծագործող գեղանկարիչը ծնած է Հալէպ, 1943 թուականին: Արուեստի իր կրթութիւնը ստացած է Հալէպի յունական արուեստի հիմնարկին մէջ, որմէ վկայուած է 1961-ին, ապա տեղափոխուած է Լիբանան, ուր բարձրագոյն ուսման արժանացած է իտալական «Ժուլիանօ» արուեստանոցին մէջ, 1970-ին, որմէ ետք արուեստի բարձրագոյն վկայականի տիրացած է Քասլիքի արուեստի կաճառէն:
1972 թուականէն սկսած է աշխատիլ իբրեւ արհեստավարժ գեղանկարիչ եւ դասախօս: Նկարած է լիբանանեան եւ օտար քաղաքական գործիչներու, նախագահներու եւ հոգեւորականներու դիմանկարներ:
1972-էն մինչեւ 2016 թուական տարբեր երկիրներու մէջ իրականացուցած է աւելի քան 40 անհատական ցուցահանդէսներ, ինչպէս նաեւ մասնակցած է մեծաթիւ հաւաքական ցուցահանդէսներու: Անոր գործերը տարածուած են աշխարհով մէկ: Ան նաեւ ձեռք ձգած է բազմաթիւ մրցանակներ:
Յիշատակն արդարոյ օրհնեալ եղիցի: Թող անոր արուեստը լոյս եւ գունաւոր կեանք պարգեւէ բոլոր արուեստի սիրահարներուն:
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

