Օրագրութիւն՝ Օր 19

*ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ*
Յատուկ «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»ին
Պէյրութ, 15 Յուլիս 2014
Ռուբէն Սեւակն է ըսողը.- Ապրիլը յաղթանակ է: Վա՜յ անոր, որ յանձնուած է յուսահատութեան, վա՜յ անոր որ չէ զինուած լաւատեսութեամբ, վա՜յ անոր որ հոգեկան ու ֆիզիքական արիութիւն չունի, կամք չունի, վա՜յ, վա՜յ, զի ապրիլը յաղթել կը նշանակէ:
Ռուբէն Սեւակը այս սկզբունքը որդեգրած եւ իրագործած է ոչ միայն իր ողջ կեանքին ընթացքին, այլ նաեւ այն դժնի օրերուն երբ թուրք պետութեան կողմէ իր բազմաթիւ ընկերներուն հետ տարուած էր Չանղըրը եւ իրեն ըսուած էր, որ զիրենք հոն տարուած են մորթուելու համար:
Թուրք հիւանդ աղջիկ մը բուժելուն համար, այդ աղջկան ոճրագործ հայրը խոստացած էր ազատել զինք եթէ իսլամանար ու իր աղջկան հետ ամուսնանար:
Ո՛չ ըսած է Ռուբէն Սեւակ, այդ անկարելի է: Ո՜չ ըսիր, ուրեմն քեզ ես պիտի սպաննեմ: Սպաննէ պատասխանած է Սեւակը:
Պատմութիւնը լսելով Չանղըրը աքսորուած իր մտերիմներն անգամ խորհուրդ տուած են Ռուբէն Սեւակին առ երես ուրանալ իր հայկականութիւնը, ապրի՛լ, եւ բախտաւոր օր մը վերադառնալ ազգին:
Ո՛չ եւ ո՛չ եղած է Ռուբէն Սեւակ բանաստեղծին պատասխանը:
Հայ բանաստեղծը գիտակցական մահին գացած է յաջորդող օրերուն Դանիէլ Վարուժանի կողքին, ամենավայրագ, անասելի խոշտանգումներու ենթարկուելով անմահութեանը ժառանգած:
Ապրիլը յաղթել է: Ռուբէն Սեւակ մեռցուելով յաղթանակած է:
Ահա թէ ինչո՛ւ, քանի-քանիներ Ռուբէն Սեւակի յաղթերգին շուրջ բազում յօդուածներով ու մեներգութիւններով պանծացուցած են անոր գործն ու անունը, խիզախութիւնը, մահը կամովին ընդունիլը ու զայն դասած անմահներու շարքին:
Ռուբէն Սեւակ որդեգրած է Հայոց հնագոյն մէկ ասոյթը.-
-Մահ գիտացեալ անմահութիւն է:
Մեր օրերուն, նոյն մահուան ընդառաջ գացողներ չե՞ն բազմանուն ու բազմաթիւ պաղեստինցիներ, իսրայէլացիներու ձեռքով կ’ընդունին մահը ըսելով.- Ստրուկ ապրելու փոխարէն կ’ընդունինք մահը:
Նման կամք ցուցաբերողներուն է յաղթանակը ի վերջոյ:
Պաղեստինցին քարով մը կը դիմադրէ իսրայելացիներու օդանաւներէն արձակուած ռումբերուն ընդդէմ:
Քարով, այո՛, որովհետեւ համոզուած է, որ ի վերջոյ ի՛նք պիտի ըլլայ յաղթանակողը: Ահա՛, այդ վճռակամութիւնն է այն հզօր զինքը, որ պաղեստինցին պիտի տանի վերջնական յաղթանակի, հակառակ մեծ պետութիւններու լոկ դիտողի հանգամանք ցուցադրողի կեցուածքին հանդէպ Իսրայէլի ներկայացուցած վայրագ կեցուածքին: Յաղթել վճռողը կը յաղթէ անկասկած:
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

