• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Օրագրութիւն՝ Օր 18

14.10.2014   08:39

*ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ*

toros-toranian

Յատուկ «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ին

Պէյրութ, 13 Յուլիս 2014

Այս քաղաքին մէջ ուր հայկականութիւնը հարիւր տարի մնացած է բարձր մակարդակի վրայ, երբ հարց կու տամ երիտասարդի մը թէ բնիկ որտեղացի՞ է, անմիջապէս կը պատասխանէ.- Լիբանանցի եմ:
-Իսկ ես ձեզի հարց տուի թէ բնիկ որտեղացի էք:
-Ըսի չէ՜, Լիբանանցի եմ, հոս ծնած եմ, քաղաքացին եմ այս երկրին:
-Հասկցանք, Լիբանանցի էք, լաւ է, շատ լաւ, բայց կ’ուզեմ հասկնալ թէ ու՞ր են ձեր արմատները:
-Սանկ ըսէք, հայրս, կարծեմ ը, ը, ը՜ Պուրսայէն է: Մայրս չեմ գիտեր, չեմ հարցուցած:

Այս հարցումով դիմած եմ շատ-շատերու եւ արժանացած եմ նման պատասխաններու:

Նստած կը մտածեմ.- Արդեօք նման երիտասարդներու ծնողները երբեւէ չեն նստիր զրոյցի իրենց զաւակներուն հետ, որպէսզի մէկը ըսէ թէ ինք Ակնէն կու գայ, մէկը ըսէ.- Կարինէն, Զէյթունէն, Սասունէն, Շապին Գարահիսարէն, Ատանայէն, Այնթապէն, Քիլիսէն, որպէսզի իրենց զաւակները անցեալէն բան մը իմանան, հպարտանալու պատճառներ ունենան:
Նմանները անշուշտ երբեք պիտի չիմանան թէ իրենց մեծ հայրն ու մեծ մայրը երկրին, գրաւեալ Հայաստանի ո՞ր մէկ գիւղէն ու քաղաքէն եկած են: Պատմեն այդ քաղաքներուն եւ գիւղերուն մասին, որպէսզի նոր սերունդը կապուի այդ հողերուն: Թող ինքզինք Լիբանանցի զգայ բայց իմանայ նաեւ որ Շապին Գարահիսարցի ըլլալը Անդրանիկին նմանիլ կրնայ նշանակել կամ Արամ Հայկազին ու հպարտանայ նման հայերով:

Բարեկամի մը տան մէջ հայ տիկնոջ մը ծանօթացայ, անունով մականունով հայ: Լիբանան ծնած, Ամերիկա ապրած, Հայաստանէն անցած տիկին մըն էր:

Share Button

Deja un comentario

Tu dirección de correo electrónico no será publicada. Los campos obligatorios están marcados con *

Media Partner