ՌԱԿ-ի Երախտաւորները. Վաստակաշատ ու Նուիրեալ Դաստիարակ՝ Երուանդ Պապայեան

*ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ*
Երախտաւոր Երուանդ Պապայեան ծնած էր 1913 Մայիսին՝ Այնթապի մէջ: Երեք մանչերու երկրորդն էր ան Ներսէս Աւագ Քահանայ եւ երիցուհի Նեկտար Պապայեաններուն:
Հայրը՝ Ներսէս Քահանայ ծանօթ էր Այնթապի մէջ, որպէս ծանօթ մտաւորական ու դաստիարակ ու այդ ալ պատճառով պիտի ձերբակալուէր ու բանտարկուած պիտի մնար , ապա հրաշքով ազատէր ու միանար իր ընտանիքին: Մեծ Եղեռնի արհաւիրքը Պապայեաններուն համար գաղթականութեան ազդանշանը դարձաւ, ու այլոց նման անոնք եկան հաստատուելու Հալէպ, ուր արդէն տեղահան եղած այնթապցի Հայ ընտանիքներ հաստատուած էին: Ծանօթ միջավայրի մէջ էր, որ Երուանդ Պապայեանը հասակ պիտի առնէր ու յաճախէր նախ Կիլիկիեան, ապա Հայկազեան վարժարանները, իր նախակրթութեան համար, երկրորդական ուսման շրջանին ան կը ծանօթանայ Ֆրանսերէն լեզուին, յաճախելով Ֆրանսական լիսէ վկայականը, որ պիտի աւարտէր 1933-ին:
Նոյն տարին արդէն որպէս ուսուցիչ կ’ընդունուի իր յաճախած առաջին վարժարանէն ներս՝ Հալէպի Կիլիկեան վարժարանը: Ազգային հասարակական եռուզերը այդ տարիներուն մանաւանդ Հալէպի մէջ, կարեւորութեամբ ընկալուած էր գաղթաշխարհի կողմէ, ու որպէս տեղական հայութեան համար դարձած էր առաջին կայան:
Երիտասարդ ու աշխոյժ Պապայեանը, 1934-ին Հալէպի մէջ կը դառնայ հիմնադիրներէն «Արեգ» Մշակութային Միութեան, իսկ յաջորդ տարին կը ստանձնէ ատենապետութեան պաշտօնը Հ.Բ.Ը.Մ-ի Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան, որուն հիմնադիրներէն եղած էր խանդավառ երիտասարդը նորակազմ մասնաճիւղին:
Պապայեան կարճ ժամանակի ընթացքին կը դառնայ փնտռուած կրթական մշակ մը, ու շրջանի մը համար կ’ուղարկուի Թրիփոլի, ուր գոյութիւն ունէր փոքրաթիւ հայկական գաղութ մը հիւսիսային Լիբանանի տարածքին: Թրիփոլիի մէջ կը դասաւանդէ Բարեգործականի Նուպարեան վարժարանէն ներս, ու ապա զինք կը գտնենք դարձեալ Հալէպ, այս անգամ ստանձնելով տնօրէնութեան պաշտօնը Կիլիկեան վարժարանին:
Հալէպի մէջ կեանքի ընկեր պիտի ընտրէր Ռոզին Գապագեանը ու անոնք կը բախտաւորուին երեք զաւակներով՝ Սիլվա (Գարայեան), Ներսէս եւ Արա: Յետագային տոհմիկ իրենց դաստիարակութեամբ ու ազգային գիտակցութեամբ, երեքն ալ դարձան գործունեայ գաղութահայ կրթական ու ազգային իրենց գործունէութեամբ:
Հայրենական պատերազմի տարիներուն ան իր մասնակցութիւնը բերաւ «Սասունցի Դաւիթ» զօրասիւնի հանգանակութեան աշխատանքներուն Բերիոյ Թեմէն ներս: Ինչպէս նաեւ խանդավառ մասնակիցներէն եղաւ Հայ Ազգային Խորհուրդին ու ներկայացնելով սուրիահայութիւնը մասնակից դարձաւ 1946-ին Աղեքսանդրիոյ խորհրդաժողովին, ու այդ հանգամանքով կը շրջի Պէյրութ, Թել Ավիվ, Հայֆա, Եաֆա, Երուսաղէմ, ինչպէս նաեւ Գահիրէ:
Նոյն տարին իր հայրենասէր մասնակցութիւնը կը բերէ որպէս ատենադպիրը՝ Սուրիոյ մէջ կազմուած ներգաղթի կոմիտէին: Այս հանգամանքով ան յաճախ կը մեկնէր Դամասկոս, ինչպէս նաեւ Անթլիաս, հանդիպելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Գարեգին Ա. Յովսէփեանցին:
Հալէպի մէջ Պապայեան Կիլիկեան վարժարանի շրջանակէն ներս կը որոնէ Հնչակեան գաղափարախօսութեան ծառայելու հայրենասիրական որդեգրած ուղին:
1953-ին ընտաեօք կը տեղափոխուի Պէյրութ, ուր կը դառնայ Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանի տնօրէն, պաշտօն մը, որ հմտօրէն ու ամէն զոհողութեամբ պիտի վարէր յաջորդ 33 տարիներուն:
Շուրջ երեք տարի Պէյրութի մէջ (1953-56) ան կը հետեւի Սէն Ժոզէֆ համալսարանի Հայագիտութեան եւ Արեւելեան դպրութեան դասընթացքներուն, ստանալով համապատասխան վկայական բարձրագոյն ուսման մէջ: Ազգային-հասարակական իր խանդավառ գործունէութիւնը Պապայեան պիտի շարունակէր Պէյրութի մէջ, Թէքէեան Մշակութային Միութեան միջոցաւ, ու մանաւանդ Վահան Թէքէեան վարժարանի ուսուցչակազմը ու շրջանաւարտները մղելով մաս կազմելու Թէքէեանի զանազան կառոյցներու: Պէյրութի մէջ երախտաւորը մուտք կը գործէ ՌԱԿ-ի շարքերը ու կը ստանձնէ զանազան կարեւոր պաշտօններ կուսակցական հանգամանքով, ինչպէս նաեւ կը դառնայ փնտռուած ատենախօս ու բեմասաց իր ճառախօսութեամբ հմայելով ունկնդիրները:
Որպէս մանկավարժ, 1961-ին Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հովանաւորութեամբ կը մեկնի Փարիզ Centre International d’Etudes Pedagogiques համալսարանէն ներս հետեւելու մասնագիտական դասընթացքներու, կատարելագործելով իր ուսումը:
Պապայեանի կրթական գործունէութիւնը նաեւ կը հիմնաւորուի հրատարակչական բնագաւառէն ներս, 1957-60 ծանօթ դաստիարակներ՝ Օննիկ Սարգիսեանի եւ Սիմոն Սիմոնեանի հետ լոյս կ’ընծայէ Աշխարհագրութեան դասագիրքերու շարքի մը, որոնք տրամադրելի կը դառնան Միջին Արեւելքի հայկական վարժարաններու նախակրթարաններուն համար:
1951-ին իր դռները բացած Վահան Թէքէեան վարժարանը Պէյրութի արուարձան՝ Թիրօ թաղի շրջանը, 1965-ին պիտի օժտուէր նորակառոյց եւ արդիական շէնքով մը՝ Պուրճ Համուտի սրտին մէջ, դառնալով սրտմօտիկ կրթական հաստատութիւնը ամերիկահայ Ռամկավար շրջանակին համար: Երախտաւոր Պապայեան, այդ աշխատանքը դրսեւորեց նոր շէնքը դարձնելով տիպար հայեցի կրթութեան օճախը, այդ օրերուն Պէյրութի հայահոծ գաղութէն ներս:
Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանը հետզհետէ կը դառնար զանազան յաջողութեանց թափնեկիր եւ պետական քննութեանց յաջողութիւնը տոկոսային յաւելում կը կրէ ու կը հասնի 100 տոկոսի:
Երուանդ Պապայեանի տնօրէնութեան շրջանին վարժարանի աշակերտութեան թիւը կը հասնի 1,100-ի, վարժարանը հասցնելով Լիբանանահայ վարժարաններու բարձրագոյն աշակերտական թիւին:
Պապայեանի միութենական աշխոյժ մասնակցութիւնը Պէյրութի մէջ աւելի հիմնաւորուեցաւ, երբ ան դարձաւ ատենապետը Պէյրութի Թէքէեան Մշակութային Միութեան 1967-71 տարիներուն, իր օրով պէտք է ըսել, որ հայրենի մտաւորականներ եւ մշակութային գործիչներ հրաւիրուեցան Լիբանան, ու Հայրենասիրութեամբ տոգորեցին Լիբանանահայ գաղութը:
1970-ին ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի որոշումով, Պապայեան կ’ուղեւորուի Միացեալ Նահանգներ եւ Գանատա, բանաստեղծներու իշխան՝ Վահան Թէքէեանի մահուան 25-ամեակին առիթով բանախօսելու, ինչպէս նաեւ ԹՄՄ հիւսիսային Ամերիկայի մասնաճիւղերու կազմակերպած ձեռնարկներուն մասնակցելու, որոնք նպատակադրուած էին օժանդակելու Պէյրութի մէջ Թէքէեան կեդրոնի շինութեան, ինչպէս նաեւ Վահան Թէքէեան վարժարանին: Պապայեանի այս այցելութեամբ Նիւ Եորքի, Պոսթընի եւ Ֆրեզնոյի մէջ, կը կազմուին Վահան Թէքէեան վարժարանի օժանդակ մարմիններ, որոնց միջոցաւ կարելի կը դառնայ հանգանակել մեծագումար նուիրատուութիւններ: Ատենոյ ՌԱԿ-ի Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութիւնն ալ իր կազմակերպչական աջակցութեամբ ու մամուլով նպաստեց այս կարեւոր ծրագրին: Իրաւաբան Տիգրան Սմսարեան, Համբարձում Պէրպէրեան, Անդրանիկ Լ. Փոլատեան ու Պոսթընի Սրբ. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Բաբգէն Աւագ Քհնյ. Մաքսուտեանի ջանքերով, օժանդակ մարմինները շարունակեցին Պապայեան երախտաւորի այցելութենէն ետք կարեւոր նպաստընկեալ ծրագիրները:
1971-ին Այնթապի Հայրենակցական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան որոշումով կը դառնայ խմբագիր «Նոր Այնթապ» եռամսեային, պաշտօն մը, որ ձեռնհասօրէն կը վարէ յաջորդ 7 տարիներուն, ինչպէս նաեւ իր աշխատակցութիւնը կը բերէ ՌԱԿ մամուլին, մանաւանդ «Զարթօնք» օրաթերթին, դառնալով փնտռուած յօդուածագիր թերթի բացառիկ հրատարակութեանց համար: Յաջորդ տարին Այնթապի Հայրենակցական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան որպէս ներկայացուցիչ Հայաստանի «Նոր Այնթապ» աւանի մէջ կը կատարէ հիմնարկէքը վարագոյրի եւ ժանեակի գործարանին:
Այս ժամանակաշրջանին արդէն որպէս բեմասած կը ստանայ զանազան հրաւէրներ, այցելելու միջին արեւելեան հայահոծ գաղութներ, որոնց կարգին Գահիրէ, ուր կը մասնակցի ՌԱԿ-ի կազմութեան 50-ամեայ տօնակատարութեան 1972 Ապրիլին:
Պապայեանի համար յատկանշական դարձաւ 1974-ին հարաւային Ամերիկայի կարեւոր շրջագայութիւնը, Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ Բարեգործականի որպէս ներկայացուցիչ, ան սատար հանդիսացաւ Մոնթեվիտէոյի եւ Պուէնոս Այրէսի, ինչպէս նաեւ Գորտոպայի հասարակական կեանքին, հայրենասիրական նոր զարթօնք մը խթանելով այդ գաղութներէն ներս: Իր այցելութեան առիթով բացումը կատարուեցաւ Բարեգործականի զոյգ վարժարաններու, «Նուպարեան» վարժարանը Մոնթեվիտէոյի մէջ, իսկ «Մարի Մանուկեան» վարժարանը Պուէնոս Այրէսի մէջ: Կազմակերպչական իր գործունէութիւնը նպաստեց ՌԱԿ-ի շրջանակի ծրագիրներուն ու Պուէնոս Այրէսի մէջ ծնունդ առաւ «Արշակ Չօպանեան» Մշակութային Միութիւնը, որ յետագային պիտի անուանուէր Թէքէեան Մշակութային Միութիւն ու օժտուէր իր սեփական գեղակերտ նոր կեդրոնով: Ինչպէս նաեւ 1975-ին ալ այդ Միութիւնը պիտի հրատարակէր ՌԱԿ-ի պաշտօնաթերթ՝ երկլեզու «Սարդարապատ» շաբաթաթերթը:
Լիբանանահայ գաղութի ազգային, կրթական կեանքն ու եռուզերը 1975-ի աշնան կը պատուի գորշ ամպերով, Լիբանանի տարածքին ծայր տուած քաղաքացիական պատերազմին պատճառով ու հայկական թաղերու համար Վահան Թէքէեան վարժարանը դարձած էր ապաստարան ու պահեստանոց: Անշուշտ կրթական կեանքն ալ լիբանանահայ վարժարաններէն ներս արկախուած էր հայ մատղաշ սերունդին համար:
1976-ին գարնան, Լիբանանի մէջ ՌԱԿ-ի ղեկավարութիւնը երախտաւոր Պապայեանին կը վստահի Լիբանանի աղէտեալ Հայ ընտանիքներու համար, կազմակերպել նուիրահաւաք, այս ծրագրին մէջ իրեն կ’ընկերակցի ՌԱԿ ատենոյ Լիբանանի շրջանային կազմէն Երուանդ Կրպոյեանը ու անոնք միասնաբար կը շրջին Պարսկաստան, Եգիպտոս, Յորդանան ու Արաբական Ծոցի կարգ մը երկիրներ: Հանգանակութեան համար նպատակադրուած ծրագիրը կը պսակուի յաջողութեամբ, նպաստելով ՌԱԿ-ի բարենպաստ աշխատանքներուն: 1976-ի աւարտէն առաջ, Լիբանանի մէջ յարաբերաբար հանդարտութիւն կը տիրէ ու կրթական կեանքն ալ կը վերադառնայ իր բնականոն վիճակին, անշուշտ նօսրացած հայկական երբեմնի աշխոյժ գաղութէն ներս կարգ մը վարժարաններ ալ իրենց դռները կը փակեն:
1977-ի Փետրուարին, Պապայեան կ’ընտրուի ատենապետ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ու շուրջ տարուայ մը համար կը վարէ այդ պաշտօնը, առաւելաբար լիբանանահայ գաղութի վերակերտումի ծրագիրներով կլանուելով: Ու Պապայեան մաս կը կազմէ Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Կեդրոնական Մարմնին:
Յառաջիկայ հինգ տարիները Պապայեան կրթական մշակին ու հասարակական եռանդուն գործիչին համար կը դառնան ծրագրումի ու կայունացման տարիներ լիբանանահայ գաղութէն ներս: Երկու տարբեր առիթներով ան կ’այցելէ Միացեալ Նահանգներ, ուր հաստատուած էին Պապայեան ամոլի երեք զաւակները: Այս այցելութիւնները նաեւ կը ծառայեն Վահան Թէքէեան վարժարանի նպաստաւորման ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ պիտի խթանուէր կազմութիւնը Թէքէեան Վարժարանի Շրջանաւարտներու Միութեան կազմութեամբ՝ Լոս Անճելըս հաստատուած նախկին սաներուն միջոցաւ:
1983 Յունիսին արժանավայել հանդիսութեամբ կը նշուի Երուանդ Պապայեանի 50-ամեայ յոբելեանը՝ կրթական-հասարակական գործունէութեան Պէյրութի մէջ: Այս առիթով իրեն կը շնորհուի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա.-ի կողմէ Սրբ. Սահակ-Սրբ. Մեսրոպ շքանշանը՝ համապատասխան կաթողիկոսական կոնդակով, ինչպէս նաեւ Լիբանանի Կրթական նախարարութեան արժանեաց շքանշանը, իսկ Խորհրդային Հայաստանի Սփիւռքահայութեան Մշակութային Կապի Կոմիտէն ալ պատուոյ գիրով կը պարգեւատրէ զինք: Վաստակաշատ յոբելեարը նաեւ պիտի արժանանար այլ ոսկեայ կրծքանշաններու ու այս առիթով ալ լոյս կը տեսնէ յատուկ գրքոյկ մը երախտաւորին 50-ամեայ վաստակին նուիրուած:
1986-ին վերջնականապէս իր կողակիցին՝ Ռոզինին հետ, կու գայ հաստատուելու Լոս Անճելըս, միանալու իր դստեր՝ Դոկտ. Սիլվա Գարայեանին ու կրտսեր որդւոյն Արային ու անոնց ընտանիքներուն: Հակառակ իր 70-ը անցած տարիքին, ան հրաժեշտ առած էր իր երկարամեայ կրթական պաշտօնէն, բայց որպէս նուիրեալ հասարակական գործիչ ան խանդավառութեամբ բաժին պիտի բերէր ամերիկահայ ազգային ու գաղութային կեանքին: 1987-ին իրեն կը վստահուի վարիչ-տնօրէնի պաշտօնը՝ ԹՄՄ-ի Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ, պաշտօն մը, որ Պապայեան ձեռնհասօրէն պիտի վարէր շուրջ 6 յաջորդական տարիներ, որպէս կեդրոնատեղի ունենալով՝ Ալթատինայի Միութեան նորակերտ կեդրոնը: Այս շրջանին (1987), ու յաջորդական երկու տարբեր առիթներով երախտաւորը յատուկ առաքելութեամբ կ’այցելէ Աւստրալիա ու յաջողութեամբ կը դառնայ հիմնադիրը՝ Սիտնիի «Ալեքսանդր» ամէնօրեայ հայկական վարժարանին: Իր այցելութեանց ընթացքին նաեւ կը սատարէ Բարեգործականի եւ ԹՄՄ-ի գործունէութեանց ու ծրագրումներուն:
1989 իր յոբելեանը հանգամանօրէն կը նշուի Լոս Անճելըսի մէջ, ուր արդէն համախմբուած էին, սաները, նախկին գործակիցները, միութենական բարեկամները ու գաղափարի ընկերները:
Այս առիթով բազմաթիւ գնահատագրեր կը յղուին Մեծարեալին, ներառեալ Գալիֆորնիոյ ատենոյ կառավարիչ Ճորճ Տէօքմէճեանի (Այնթապցի) գնահատագիրը, իսկ Ամերիկահայ Միջազգային Գոլէճի ուսուցչարանը (Տատեան) այս առիթով կը կոչուի՝ Երուանդ եւ Ռոզին Պապայեաններու անունով:
Ազգային-հասարակական տարիներու վաստակը Երուանդ Պապայեանի համար պիտի շարունակուէր իր մնայուն աշխատակցութեամբ ՌԱԿ-ի մամուլին համար, մանաւանդ «Նոր Օր» պաշտօնաթերթին համար իր բերած մասնակցութեամբ:
Պապայեան նաեւ ունի հրատարակուած գիրքեր, 1983-ին «Ժողովուրդին եւ Հայրենիքին Հետ», որ լոյս տեսաւ իր 50-ամեայ յոբելեանին առիթով, դարձեալ 1983-ին՝ «Պատմութիւն ՀԲԸՄ-ի» որպէս դասագիրք կ’օգտագործուի հայկական վարժարաններէն ներս, 1994-ին՝ Գ. Հատոր «Պատմութիւն Այնթապի Հայոց», 1993-ին, 80 տարեկան հասակին Միացեալ Նահանգներու մէջ հանգստեան կը կոչուի Պապայեան, 60 տարիներու բազմաբեղուն իր հասարակական վաստակը արժանի դարձնելով, գաղթաշխարհի գաղութներուն համար, բայց ան հանգիստ պիտի չճանչնար ու աշխատասիրութեան որպէս արդիւնք 1998 լոյս կ’ընծայէ նոր հրատարակութիւն մը՝ «Յիշատակներու Արահետներով» հատորը:
2001 Հոկտեմբերին կը հրաւիրուի Հայրենիք ու զինք կը դիմաւորեն հայրենաբնակ իր աշակերտները , ու իր վերջին հատորին ներկայացման առիթով Երեւանի մէջ, գնահատական խօսքերով հանդէս կու գան հայրենի ականաւոր անձնաւորութիւններ՝ Սիլվա Կապուտիկեան, Լեւոն Հախվերդեան, ինչպէս նաեւ Ռոմէն Կոզմոյեան:
2002-ին կը հրաւիրուի Պէյրութ, ուր որպէս երկարամեայ տնօրէն Վահան Թէքէեան վարժարանի իր մասնակցութիւնը կը բերէ վարժարանի 50-ամեայ տօնակատարութեան, իր այցելութեան առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Պապայեանին կը շնորհէ Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանը, իսկ Լիբանանի Կրթական Նախարարութիւնն ալ զինք կը պատուէ Ուսուցիչի շքանշանով: Պատեհ առիթ մը եղաւ Պապայեաններուն համար այս առիթով այցելել Հալէպ, որ եղաւ իր վերջին այցելութիւնը, հոն Պապայեան ամոլը արժանացաւ Հալէպահայութեան մեծարանքին: Վերադարձին Մաշտոց Գոլէճի կողմէ արժանացաւ «Պատուոյ Փրոֆեսօր» կոչումին, ու 2004 Յունիսին Գոլէճի նախաձեռնութեամբ, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանի համալիրէն ներս կայացաւ երախտաւորին ծննդեան 90 եւ կրթական-հասարակական գործունէութեան 70-ամեակին առիթով համագաղութային մեծարանքը, որ կը վայելէր մեծարեալի սաներէն՝ Թեմակալ Առաջնորդ՝ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութիւնը: Այս առիթով յատկանշական եղաւ ատենոյ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշի յղած շնորհագիրը, ու Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի յատուկ կոնդակը: Իսկ ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան կողմէ Պապայեան երախտաւորին յանձնուեցաւ համապատասխան յուշատախտակ:
Յատկանշական եղաւ այս առիթով իր դստեր՝ Դոկտ. Սիլվա Գարայեանի կողմէ անակնկալ իմանալ ընտանեկան որոշումով, կազմութիւնը «Երուանդ Պապայեան Կրթական Հիմնարկ»-ին:
Ազգային հասարակական իր վաստակը պիտի գնահատուէր ՌԱԿ-ի ղեկավարութեան կողմէ, դարձնելով զինք կրկնակի վեթերան, իսկ իր միութենական աշխատանքն ալ պիտի դարձնէր զինք ՀԲԸՄիութեան եռակի վեթերան ու Բարեգործականի Կեդրոնական Վարչական ժողովն ալ իրեն կը շնորհէ Պատուոյ Անդամի կոչում:
2009-ին երախտաւորը լոյս կ’ընծայէ «Պէտք չէ Մոռցուին» հատորը, որ յուշագրութեանց հաւաքածոյ մըն է այն երախտաւորներուն, որոնց Պապայեան ճանչցած էր ու գնահատած իրենց դերը որպէս երաշխիք Հայ ժողովուրդի յաւերժութեան:
2010-ին լոյս պիտի տեսնէր իր վերջին հրատարակութիւնը՝ «Սիրուած Դէմքեր, Գիրքեր, Իրագործումներ, եւայլն»: Հոս գնահատանքով կ’արժէ նշել նաեւ, որ Պապայեանի զաւակներուն նախաձեռնութեամբ, լոյս տեսաւ 2004-ին երախտաւոր Պապայեանին յոբելեանական զոյգ հատորները:
Յառաջացած տարիքին բժշկական խնամքի, ինչպէս նաեւ իր աննկուն կամքին ապաւինելով ան վայելեց իր ծննդեան դարադարձը, որ տօնուեցաւ արժանավայել շուքով Պըրպէնքի Հայոց Առաջնորդարանի համալիրէն ներս, ու այս առիթով Լա Քրեսենթա-ի շրջանի ծուխի շաբաթօրեայ վարժարանը կոչուեցաւ «Երուանդ Պապայեան Շաբաթօրեայ Վարժարան»:
2014-ի գարնան առիթը ունեցանք զինք այցելելու, ու այս տողերուն յանձնեցինք, իրմէ քաղուած կարգ մը կարեւոր պատմական յուշագրութիւններ:
101 գարուններ բոլորած վաստակաշատ ու նուիրեալ դաստիարակը յաւիտեան իր աչքերը կը փակէ 6 Օգոստոս, 2014-ին, Միշըն Հիլզ-ի Արարատ Տարեցներու Տան մէջ, իր ետին թողելով ազգային-հասարակական, կրթական ու միութենական հարուստ ու բազմաբեղուն վաստակ մը:
Երախտաշատ այս նուիրեալ հայուն ազգապահպանման գործը, արժանաւոր իր երեք զաւակները արդէն իրենց ապրած գաղութներէն ներս կը շարունակեն աւելի տոգորած ու գիտակից իրենց առաքելութեան:
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

