• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Օրագրութիւն՝ Օր 16

06.10.2014   22:41

*ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ*

toros-toranian

Յատուկ «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ին

Պէյրութ, 9 Յուլիս 2014

Քեսապէն կու գար: Հայ երիտասարդ մըն էր: Հոն զբաղած էր մի քանի հոգի մարզելով, զէնքի վարժութիւններ ընելով: Մեծ երազներ ունէր Արեւմտեան գրաւեալ Հայաստանը ազատագրելու հարցին մէջ: Նկատի ունէր Սեւրի դաշնագիրը զոր ստորագրած էին Ֆրանսան, Մեծն Բրիտանիան, Ռուսաստանը, եւ նոյնինքն Թուրքիան զոր պարտաւոր էին իրագործել դէպի Սեւ Ծով ելքով Հայաստան մը:

Բայց չէ՞ որ նոյն դաշնագիրը Լոզանի մէջ նոյն պետութիւնները սեւ թուղթի վերածած էին եղածը, ստորագրուածը բազմահազար Հայ ժողովուրդին համար: Ցեղասպանութիւնը իրենց վրայ չէր գործադրուած: Իրենց հո՞գը, որ հայութիւնը կորսնցուցած էր իր թիւին կէսէն աւելին: Ցեղասպանութիւն մը, որ սկսած էր Օսմանցիին մեր հողին վրայ գալուն առաջին օրէն ու գագաթներու հասած կարմիր Սուլթանի օրով 1894-1896 տարիներուն, կրկնուած 1909-ին Ատանայի ու շրջակայքի ջարդով ու իր լրումին՝ գագաթնակէտին հասած 1915-1923 եւ 1937 տարիներուն Ֆրանսայի կողմէ Հաթայը Թուրքիոյ յանձնելով: Ցեղասպանութիւնը այսօր եւս կը շարունակուի գաղութներու մէջ՝ ձուլումով …

Ձուլումի առաջքը առնելու մէկ ուղի կայ միայն՝ հայրենադարձ:
Ուրիշ ճամբայ չի կայ: Անկախ Հայաստան ունինք, որ կը շարունակէ կորսնցնել իր գիտական ուժերը: Հայրենալքումը աւերներ գործելու վրայ է: Ահա թէ ինչը կասեցնելը աւագ պարտաւորութիւն է:

Հնարաւորը առանց գործի վերածելու կը կազմենք խմբաւորումներ ազատագրելու համար Արեւմտեան Հայաստանը:

Այդ փորձը ըրաւ Ասալան, Հայկական գաղտնի բանակը, որ յառաջացուց ցնցում: Այդքան: Այսօր լռած է: Իր ողջ արխիւը ղրկելով Անկախ Հայաստան:

Ժողովներով, դիմումներով, ցոյցերով, մեծ պետութիւններու միացեալ կազմակերպութիւններու բեմերէն ճառեր խօսելով կարելի չէ ազատագրել գրաւեալ Արեւմտեան Հայաստանը: Բայց կարելի կը դառնայ այդ դժուարին գործը Արեւմտեան հայաստանը հզօրացնելով: Խմբաւորումներու ճիգերէն վեր գործ մըն է: Պետական գործ մը՝  եղածը հզօրացնելով չեղածին հասնելու համար:

Ցեղասպանութեան յաջորդող հարիւր  տարիներու ընթացքին, Սփիւռքը չկրցաւ համահայկական կազմակերպութիւն մը ստեղծել, դառնալ բռունցք եւ աշխարհին ներկայանալ միահամուռ յարգել տալու համար միջազգային օրէնքները:

Ուրեմն ազատագրումի գործը խմբակներու ուժերէն վեր է:
Ձայն մը, ձայներ կը լսուին պղպջանքի արդիւնքով: Այդքան:
Ի՞նչ կրցաւ ընել իր նուիրուածութեամբ՝ Իսրայէլ Օրին եւ իրեն յաջորդողները:

Պետութիւն ունինք, որ այսօր կը ներկայանայ որպէս պահանջատէր: Անոր ձայնը լսելի կը դառնայ երբ բոլոր ճիգերու միախառնումով հզօրանայ այսօրուան Հայաստանը: Փորձուած փորձերը Սփիւռքէն կրկին փորձելը արդիւնքի չէ հասած, կը մնայ անարդիւնք, ինչպէս հարիւր տարիներէ ի վեր կը տեսնենք:

Ո՞վ է պահանջողը երբ հարցուի, պէտք է կարենանք ըսել.- Ամբողջ երկիր մը՝ այսօրուան անկախ Հայաստանը իր Արցախով եւ Սփիւռքով եւ ոչ թէ խմբակներ:

Share Button

Deja un comentario

Tu dirección de correo electrónico no será publicada. Los campos obligatorios están marcados con *

Media Partner