• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Ամենայն Դառնութեամբ…

06.10.2014   09:48

*ԼԻՒՍԻ ՏԷՕՔՄԷՃԵԱՆ*
Lucy

Այս նիւթը կը վերագրուի բոլոր անոնց, որոնք ապրած են դաւաճանութեան փորձառութիւնը, որոնք ինկած են սուտի թակարդին մէջ, որոնք քանդուած են նենգութեան մուրճով, որոնք ամէն ջանք թափած են որպէսզի բաժանումի ապտակին հետքերը սրբեն իրենց օրերու ճակտին վրայէն:

Ամենայն դառնութեամբ կը ներկայացնեմ տառապանքի ամէնէն անկեղծ արտայայտութիւնը: Կ’արժէ զայն կարդալ սրտով, զգացումներով եւ ամբողջ զգայարաններով:

Կը հանդիպինք կարգ մը մարդոց, թերեւս պատահմամբ կամ ալ որոշ կարգադրութեամբ: Կը ձեռնուինք համակրանքով, զանոնք կը դիմաւորենք վստահութեամբ եւ կը կարծենք, թէ իրենց գոյութիւնը մեր առաջին քայլն է դէպի երջանկութիւն: Կը խորհինք, թէ իրենց հետ մեր կեանքը հոյակապ պիտի ըլլայ, եւ թէ իրենց գալուստով մեր տխրութիւնը պիտի մեկնի: Իրենց համար կը բարեփոխուինք, իրենց համար կը վերանորոգենք մեր կոտրած հոգիները: Ուրախութենէն թեւեր կ’առնենք, յոյսին դիմաց մեր դռները լայն կը բանանք, աշխարհը կը դիտենք գունաւոր ակնոցով, կ’երազենք աւելի լաւ վաղուան մը մասին: Անոնց կը տրամադրենք ինչ որ կարելի է տրամադրել, իրենց համար կը գծենք գեղեցիկ պատկեր մը, որուն մէջ կը դնենք մեր գիծերէն եւ զգոյշ կ’ըլլանք, որ զայն ներկենք մեր սրտի արիւնով:

Կ’երազենք աւելի լաւ վաղուան մը մասին, սակայն շուտով կ’արթննանք մեր դալար երազներէն, իրականութեան զարնուելու ձայնին վրայ, որ զարնուած կ’ըլլայ մեր սրտի պատերուն: Հոն այդ անձերը կը տեսնենք ամէնէն տգեղ պատկերի մէջ եւ ամէնէն վատ տեսարանի մէջ: Գետնի նման կը շարժինք եւ լեռներու նման փուլ կու գանք:

Այն ժամանակ, միայն այն ժամանակ, իսկական պատկերը կը յստականայ, դիմակները կը պատռուին, զանոնք կը տեսնենք իրենց մեկնումի պայուսակները շալկած, կը մեկնին շալկած գեղեցիկ երազներդ, անկեղծ զգացումներդ եւ ուրիշներուն հանդէպ վստահութիւնդ:
Անոնց մեկնած ժամանակ մեզի այնպէս կը թուի, թէ անոնք կը խօսին ու բարձրաձայն կը խնդան, բարձր՝ նման քու լացիդ ձայնին: Հոն է, որ կը դողաս, կը գոռաս … կարծես անգամ մը եւս կեանքի կու գաս, չտեսածդ կը տեսնես, չլսածդ կը լսես, չզգացածդ կը զգաս:

Այն ժամանակ ինքզինքիդ աւելի կը մօտենաս, կը հաշտուիս անձիդ հետ ու ներողութիւն կը խնդրես իրմէ, կը խոստանաս իրեն անգամ մը եւս դուռերդ այս խանդավառութեամբ եւ վստահութեամբ չբանալ:

Զգոյշ եղիր, մի՛ նեղուիր իրենց համար: Թոյլ տուր որ անոնք երթան, կարելի եղած չափով քեզմէ հեռանան, որովհետեւ իրենց մեկնումով մէջդ գտնուող անկեղծութիւնը պիտի չկորսուի:

Երբ արտասուելու փափաք ունենաս … մի՛ տատամսիր: Անոնց երեսին գոցէ բոլոր դռները, որպէսզի անգամ մը եւս քու աշխարհիդ չմօտենան անոնք: Եւ մի՛ զղջար, որովհետեւ ամէնէն կարեւորը այն է, որ ինքզինքիդ դէմ անարդարութիւն չընես:

Ներողութիւն … կեանքդ դառնացուցին, դեռ ի՞նչ կը սպասես:

Կեանքիդ գիրքէն դարձուր անոնց էջը եւ նորէն սկսիր … կամ ալ ամբողջովին պատռէ այդ էջերը:

Երբ կոտրուիս, քու անձդ քեզի պիտի վերանորոգէ: Երբ պարտուիս, միայն կամքդ է, որ քեզի պիտի յաղթեցնէ, որովհետեւ դարձեալ ոտքի կանգնելու կարողութիւնը միայն դուն ունիս:

Կոտրուիր, որպէսզի աւելի լաւ ձեւով վերակերտուիս:

Share Button

Deja un comentario

Tu dirección de correo electrónico no será publicada. Los campos obligatorios están marcados con *

Media Partner