Պիտի Շարունակենք Նաւարկումը Դէպի Աւելի Պայծառ Հորիզոններ

*ՃԵՆԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ – ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ*
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 85 ամեակն էր՝ երբ օրուայ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը՝ ընկեր Մայք Խարապեան Դամասկոսի մէջ մեծ տօնակատարութեան մը ընթացքին երէց ընկերներու ՌԱԿ-ի վահանիկներ յանձնեց… այսօր անոնք չկան…:
Կը դիտեմ նկարները, եւ կը մտածեմ… Արդեօք եթէ հայրիկս ՌԱԿ-ի ղեկավարներէն չըլլար, ես այսքան հարազատ պիտի համարէ՞ի այս համակարգը: Եթէ մանկութիւնս ՌԱԿ-ի ակումբին մէջ չանցնէր, պատանեկութիւնս եւ երիտասարդութիւնս այնտեղ չվայելէի, մտաւոր ու հոգեւոր աշխարհս այս համակարգի հսկաներուն ազդեցութեամբ չմշակուէր, կեանքիս ընկերը այս շրջանակէն արած չըլլայի, այսօր Հոկտեմբեր 1-ը ՌԱԿուսակցութեան տարեդարձ ըլլալը պիտի յիշէ՞ի…
Ըսողներ կան, թէ. «Ծայրահեղ մարդը դեմոկրատ չի կրնար ըլլալ, իսկ կուսակցութիւն հասկացողութիւնը՝ գաղափարի մը հանդէպ հաւատարիմ մնալով անսասան համոզում մը կերտելով մարդուն ծայրահեղ դարձնելու ձեւ մըն է, ուստի՝ դեմոկրատ եւ կուսակցութիւն գաղափարները հակամերժ են…» եկուր ալ տակէն ելիր…: Բայց ինչո՞ւ այդքան կը բարդացնեմ հարցը: Ռամկավարութիւնը (դեմոկրասին) իմ կուսակցութեանս համար այնքան առաջնային չէ որքան ազգային հարցերը… հայրիկս այդպէս դաստիարակած է զիս. «Կուսակցութիւնը միջոց է եւ ոչ թէ նպատակ… նպատակը ազգն է, դատն ու հայրենիքը…» կը կրկնէր ան:
Իր հիմնադրութեան օրէն ի վեր, հայապահպանումը, Հայ Դատը եւ մայր հայրենիքին աջակից ըլլալը իր առաջնային նպատակները համարած է ՌԱԿ-ը, միւս աւանդական կուսակցութիւններու եւ միութիւններուն պէս՝ անոնց հետ այս սրբազան նպատակները իրագործելու ճակատամարտին մէջ մէկ գիծի վրայ միասնական պայքար մղելով…:
Փաստօրէն նոյն գլխաւոր նպատակի համար պայքարող զօրքեր են սփիւռքի ազգային բոլոր կազմակերպութիւնները, հետեւաբար անոնց որեւէ մէկուն տկարանալը միւսներուն բեռը կը ծանրացնէ եւ ընդհանուր գործը կը տկարացնէ:
Երեւի այս իրականութիւնը գիտակցելով է որ, ժամանակին հայրիկիս Հոկտեմբեր 1-ը կը շնորհաւորէին նոյնիսկ ոչ համախոհ՝ այլ ազգային կուսակցութիւններու նուիրեալ ծանօթներ, այնպէս ինչպէս այսօր կը շնորհաւորեն ինծի եւ ամուսինիս: Եւ որպէսզի Հայ մնալու իրաւունքէն ու հպարտութիւնէն ապագային չզրկուին աղջիկներս, պարտաւոր եմ ես անձամբ հոգալ, պահել ու թիավարել այն կապոյտ նաւը, որ մեզի հոս հասցուցած է, որուն վրայ կը գտնուինք ընտանեօք…:
93 –րդ տարեդարձդ շնորհաւոր՝ մեր բարի եւ հարազատ կապոյտ տապան, թող գալ տարի յաջող ըլլայ մեզի համար, ու յաջորդ հանգրուանդ թող ըլլայ մեր Վան…
1 Հոկտեմբեր 2014
Երեւան
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

