Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Ընդառաջ` Բռնապետութիւնը եւ Ցեղապաշտութիւնը կը Գործեն Նոյն Օրէնքին Տակ

*ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏՈՅԵԱՆ –ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ*
Միթ՞է ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը ընդմիշտ թաքնուած պիտի մնան մեծ տէրութիւններու դիւանագիտական խաղերուն մէջ :
Երբ Հայոց Եղեռնապատումի էջերը չեն փակուած տակաւին:
Ինչպէս չենք վախնար աշխարհին յիշեցնելու մեր գոյապայքարն ու ողբերգութիւնը՝ հայ ժողովուրդին հանդէպ գործադրուած մեծ ոճիրը, չվախնանք նաեւ յայտարարելու Երիտթուրքերու որդեգրած ջարդի ու կոտորածի քաղաքականութիւնը: Թէ՝ «ինչպէս որ ոճիրը եղած էր այն միջոցը՝ որով այդ մարդիկը գերագոյն իշխանութեան տիրացած էին, նոյնպէս ոճիրը մնաց իրենց գործիքը՝ այդ իշխանութեան մէջ դիրքերնին պահպանելու համար»: ( Հ. Մ. Յուշերը էջ 18)
Եւ միթ՞է այս չէ բռնապետական կարգերու օրէնքը: Այն ահխախտ օրէնքը, որ կը միտի ուժի քաղաքականութեամբ ժողովուրդները ստրկացնել, յանուն միահեծան տիրակալութեան: Այսպէս կը գործեն եւ նոյն ուղեգիծին կը հետեւին ցեղապաշտները: Անոնց «մտայնութեան թաքուն հիմնական ոգին կը կազմէ խոր արհամարհանքը՝ բոլոր ուրիշ ցեղերու հանդէպ»: ( Հ. Մ. Յուշերը էջ 22)
Անոնք, որոնք արդարութեան անունով, անվախօրէն անարդարութիւն կը գործեն: Ահա թէ ինչու այլ կերպ չէր կրնար մտածել փանթուրանիզմի գաղափարախօս՝ Զիա Կէօք Ալփ, երբ հայկական ջարդերու նախօրեակին կը յայտարարէր .- «Արդարութիւնը պարտաւոր եմ ամրացնել իմ թուրի սայրին, քաղաքակրթութիւնը զարնել ձիուս պայտերուն: Ես պարտաւոր եմ ոչնչացնել ամէն բան, քարը քարի վրայ չթողուլ, ոչ ալ կանգնած ծառ, եւ ոչ իսկ կանանչ տերեւ ծառին վրայ, իմ ետեւէն պարտաւոր եմ ձգել այնպիսի աւերակներ, որպէսզի զանոնք տեսնող ամէն ոք իրաւունք ունենայ ըսելու, «Այստեղէն թուրքն է անցեր»: (Բոգդան Գամբարսկի «Նամակներ Աշխարհին» էջ 83 եւ 127)
Այդպէս կը մտածէին իրեն հետեւող համաթուրանական գաղափարախօսները, որոնք կը գործէին ամէն կողմէ միացած նոյն բաղձանքով եւ նոյն թելադրութիւններով:
Անոնք չթերացան իրագործելու իրենց առաջնորդին մտայղացումը:
Պարզ մարդիկ չէին անոնք, այլ գրողներ , տեսաբաններ, Եւրոպական կրթութիւն ստացած կրթական առաջնորդներ ու բանասէրներ, որոնցմէ արժէ յիշել .-
- Էօմէր Նաճի – Զիա Կէօք Ալփի առաջին գործակիցներէն եւ «Կէնճ Գալէմլեր»-ի հիմնադիրներէն:
- Թուրղուտ Ալփ- հրապարակագիր, «Թուրք Եուրտու»-յի հիմնադիրներէն եւ աշխատակիցներէն:
- Թէքին Ալփ. հրապարագիր, տեսաբան. «Թուրքիզմի եւ Փանթուրքիզմի»-ի հեղինակ:
- Ճէլալ Սահիպ – Կէօք Ալփի գործակիցներէն եւ «Կէնճ Գալէմլէր»-ի գլխաւոր հիմնադիրը:
- Խալիտէ Էտիպ հանըմ – թուրքիստ գրագիտուհի հեղինակ «Ենի Թուրան» – «Թուրք Կնոջ Մը Ճակատագիրը» վէպին:
- Խալիտ Զիա – հրապարակագիր, թուրքիզմի կրթական առաջնորդներէն:
- Եուսուֆ Աքչուրա – թաթար քաղաքական գործիչ եւ հրապարակագիր: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պոլիս, իսկ բարձրագոյնը Փարիզ: 1908-ին կը մեկնի Պոլիս իբր թուրքիզմի կեդրոնական դէմք: «Թրքական Կաճառ»-ի հիմնադիրներէն: 1911- ին Իթթիհատի Կեդրոնականի անդամ եւ «Թուք Եուրտու»-ի հիմնադիր: Քաղաքական փանթուրանիզմի հիմնադիր:
- Սուլթանով – Ազրպէյճանի, Մուսավաթական թուրքիզմի իրականացումին ամէնէն գործօն դէմքերէն:
- Վէլէտ Թահիր – բանասէր, թուրքիզմի ցեղային քարոզիչ:
- Ռասուլ Զատէ – Ազրպէյճանցի, Թեհրանի « Իրան Ազատ» թերթի խմբագիր:
Իսկ ո՞վ էր Զիա Կէօք Ալփ
Թրքական թուրանականութեան մեծագոյն գաղափարաբանն էր: Տիգրանակերտի ծնունդ (1876 – 1924), ծագումով քիւրտ, (այլ աղբիւրներ անոր հրէական ծագումը կը նշեն), եղած է Հիւսէյն Զատի գաղափարական աշակերտներէն, եւ Իթթիհատի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ: Ան «Կէնճ Գալէմլէր» -ի ղեկավար խմբագիրն էր եւ հեղինակը, « Շուրուրը Միլլի» (Ազգային Գիտակցութիւն), «Թիւրք Ճիւլիւլին Էսասլարը» (Թուրքիզմին Հիմունքները), գիրքերուն:
Թէ ի՞նչպէս դաստիարակուեցան սերունդները թուրքիզմի գաղափարախօսներու շունչին տակ: Այդ մասին յիշենք Հ. Մորկէնթաուի հետեւեալ վկայութիւնը .- « Զաւակս, կ՛ըսէր անգամ մը ծերունի թուրք մը, կը տեսնե՞ս խոզի սա երամակը, ոմանք ճերմակ են, ոմանք սեւ են, ոմանք պզտիկ են – կարգ մը տեսակէտներով իրարմէ կը տարբերին, բայց ամէնքն ալ խոզ են: Ատանկ են քրիստոնեաներն ալ: Մ՛ի խաբուիր, զաւակս»:
Կատարելապէս անմիտ գոռոզութիւն մը տիրական յատկորոշից մեծ նշանն է՝ այս մարդկային տարօրինակ ցեղին» : (Հ. Մ. Յուշեր էջ 229)
Փանթուրքիզմի շարժման միջոցով ահարկու վտանգ մը կ՛աճէր հայ ժողովուրդի գոյութեան դէմ: Համաթուրանական գաղափարախօսները պիտի չծածկէին իրենց ծրագրի իրագործման համար առաջին հերթին՝ վերացնել ու անհետացնել հայ ժողովուրդը: Այս արդէն անառարկելի փաստ է:
Թուրքիզմի իսկական սպառնալից բնոյթը կը բացայայտէ Զիա Կէօք Ալփի կարգախօսը, «պիւթիւն թուրքլէր պիր օրտու» ( բոլոր թուրքերը մէկ բանակ են): «Այս քաղուածք չէ ղուրանէն», – «Զիա Կէօք Ալփի յղացած այս կարգախօսն է, որ Կամախի, Մեսքենէի եւ Տէր Զօրի հազարաւոր հայերու սպանութեան իսկական շարժառիթը եղաւ»: «Եւ նոյնպէս 1988 թ. Փետրուարի Սումգայիդեան ջարդերը այդ կը վկայեն», – կ՛ըսէ անգլիացի պատմաբանը: Յիշելով, թէ այդ կարգախօսը կը նշանակէր «մահ հայերուն»: Այդ մասին Տ. Մարշալ Լանգ հարց կուտայ, թէ «պիւթիւն թուրքլէր պիր օրտու» ի էութիւնը արտացոլող ք՞անի թուրքական գործեր թարգմանուած են անգլերէն կամ ֆրանսերէն: Եւ քանի դեռ այդպէս գործեր չեն թարգմանուած, միշտ բաց տեղ կը մնայ անոնց համար, ովքեր 1915 – 1916 թուականներու իրադարձութիւններուն լուրջ ու մտածուած բացատրութիւն մը կը փնտռեն: Եւ յատկապէս ան կը շեշտէ, թէ ոեւէ մէկը մամուլի մէջ քններ է արդե՞օք « թուրանչիլիք», « թյուրքյուլյուք» եւ «թյուրքլյուք» հասկացութիւնները, օգտագործելով այդ ժամանակաշրջանի տեքստերը: ( Տ. Մարշալ Լանգ, Ք. Ջեյմս Ուոքըր « Հայերը» 1992 Երեւան էջ 76-77)
Թէ ինչ կ՛երազէին ցեղապաշտ թուրքերը: Այդ մասին Զիա Կէօք Ալփի կենսագիրը կը գրէ, – « Կէօք Ալփը, Հալիտէ Էտիպը կ՛երազէին բոլոր թուրքերուն միաւորումը մէկ միապետի գլխաւորութեամբ, որ կարող էր ետ բերել Աթիլլայի, Ճէնկիզխանի եւ Լենկթիմուրի ժամանակները»:
Այս տեսաբանումը կ՛ըսէ Մարշալ Լանգ . – «այնքան ալ անվնաս մտամարզանք չէր, ինչպէս եւ Ատոլֆ Հիթլէրի արիականութեան առասպէլը»: ( Տ. Մարշալ Լանգ, Ք. Ջեյմս Ուոքըր « Հայերը» 1992 Երեւան էջ 26)
Եւ այսպէս թուրքիզմի հետեւանքները դարձան չափազանց վտանգաւոր հայութեան համար: Ցեղապաշտներուն հիմնական նպատակն էր՝ հայ ժողովուրդը զրկել հայրենիք ունենալու իրաւունքէն: Ամէն միջոց ի գործ դնելով, հայերը բնաջնջել, վերացնելու համար փանթուրանիզմի իրագործման ճամբուն վրայ գտնուող խոչընդոտը:
Եթէ աչքի առջեւ ունենանք հայ ժողովուրդի արեւմտեան հատուածի օրհասական տարիներու ամբողջական պատկերը: Պիտի տեսնենք, թէ 19-րդ դարու 80–90 ական թթ. Օսմանեան պետականութեան ներքին քաղաքականութեան գլխաւոր առանցքը դարձած էր՝ հակահայկականութիւնը:
Թուրք իշխանութիւններու հակահայկական ընթացքը կը հետապնդէր ստրկացնել հայ ժողովուրդը, խեղդել Արեւմտահայութեան վերելք ապրող ազգային ազատագրական պայքարը: Եւ որովհետեւ թուրքերը կ՛օգտուէին տիրապետող տարրի բոլոր արտօնութիւններէն, այդ հողին վրայ ծնունդ առած էր թուրքերու գերադասելիութեան մտայնութիւնը, որ դարձաւ երկրի քաղաքականութեան վճռական հիմնական գործօններէմ մէկը:
Այդ օրերուն, պետական մարմինները չխուսափեցան բռնի ուժով հպատակ ազգերու՝ հայերուն, յոյներուն, տնտեսական մշակոյթային բացայատ առաւելութիւնները, ի չիք դարձնելու:
Երկրէն ներս բռնապետական կարգերու գործադրած ճնշումները, բռնարարքներն ու կեղեքումները, առիթ տուին հպատակներուն մէջ օրաւոր խորացող ազգային զարթօնքին: Իսկ թուրք իշխանութիւնները վճռեցին ջարդով ու կոտորածով լուծել հայկական հարցը:
Որքան ալ Թուրքիան իր անհիմն պնդումներով շարունակէ ուրանալ հայ ժողովուրդին հանդէպ կատարուած ցեղասպանութիւնը, յամառօրէն ժխտելով պատմական իրողութիւնը, խեղաթիւրելով դէպքերն ու եղելութիւնները, հանրութեան հաւատացնելու համար, թէ թուրքերը, նոյնպէս տուժած են այդ ողբերգութենէն, թէ հայերն ալ թուրքերուն սպանած են:
Սակայն, Թուրքիան չի կրնար ջնջել հայոց սպանդէն ճողոպրած վերապրող հայերուն կեանքին եղերական պատմութիւնն ու եղեռնային յուշերը, որոնք չեն խամրած տակաւին, այլ փոխանցուած են իրենց ժառանգորդներուն:
Ֆայէզ Էլ Ղուսէյն
Երբ Ականատեսը Կը Վկայէ
Ո՞վ կրնայ քօղազերծել խոշտանգուած արդարութիւնը.
Ո՞վ կրնայ բազմաչարչար հայ ժողովուրդին պատմութիւնը ճիշդ լուսաբանել, համարձակ արդարացի դատողութիւններ ու մտքեր արտայայտել, եթէ ոչ ժամանակի դէպքերուն ականատես վկան:
Ան՝ որ բաց աչքերով տեսաւ տիրող իրականութիւնը՝ 20–րդ դարու ամենամեծ եղեռնագործութիւնը: Տեսաւ հայ ժողովուրդին գաղթն ու կոտորածը:
Այդ բոլորին ականատես դարձաւ արաբ գրողը՝ Ֆայէզ Էլ Ղուսէյնը: Ան, որ խորապէս ըմբռնած էր Օսմանեան Կայսրութեան Հայերուն նկատմամբ կատարած բռնութիւններն ու ոչնչացման քաղաքականութիւնը, եւ իր մաշկին վրայ կրած էր բռնատիրութեան գործած չարիքը:
Այդ մասին, 1916 թուկանին արաբական «Մուկատամ» թերթին մէջ լոյս կը տեսնէ յօդուած մը, Ֆայէզ Էլ Ղուսէյնի «Հերոսական Հայութեան Անցեալէն» գիրքին մասին: Յօդուածէն ընդարձակ քաղուածքներ ռուսերէն թարգմանութեամբ կը հրատարակուին Մոսկուայի պարբերաթերթերու մէջ: Յօդուածը բարձր կը գնահատէ գիրքին բովանդակութիւնը, եւ հեղինակին կատարած ազնիւ գործը:
Ո՞վ Էր Ֆայէզ Էլ Ղուսէյնը
Այդ օրերուն ապրող եւ դէպքերուն ուշի ուշով հետեւող, հայոց սպանդին ականատես վկան է:
Ֆայէզ Էլ Ղուսէյն, արաբ ցեղապետի որդի, թուրքահպատակ, վարած է Խարբերդի գաւառապետի տեղեկալի պաշտօնը, այնուհետեւ Դամասկոսի մէջ աշխատած է որպէս փաստաբան:
Անձամբ տեսնելով Օսմանեան պետութեան խտրական քաղաքականութիւնը արաբներու, հայերու եւ այլ հպատակ ազգերու նկատմամբ՝ կը հիասթափուի Թուրք իշխանաւորներէն: Թուրք գերիշխանութեան դէմ պայքարելու համար, ան կը մասնակցի լեռնային Լիբանանի մէջ կազմուած արաբական ազատագրական կազմակերպութիւններուն:
Ֆայէզի եւ իր երիտասարդ համախոհներու նպատակն էր, թօթափել Օսմանեան բռնատիրութեան լուծը, ստեղծել Արաբական պետութիւն:
Երիտասարդ արաբները կը ձերբակալուին եւ կը նետուին Տիգրանակերտի բանտը: Ան կ՛ազատի բանտէն ռուսերու յարձակման եւ թուրքերու պարտութիւններու հետեւանքով ստեղծուած իրադաձութիւններու ժամանակ:
Ապրելով Տիգրանակերտի մէջ, ան ականատես կ՛ըլլայ հայերուն դէմ կատարուած խժդժութիւններուն, գրի կ՛առնէ շատ դէպքեր: Ֆայէզ Էլ Ղուսէյնի ականատեսի վկայութիւնները լոյս կը տեսնեն առաջին անգամ 1916 թ. մի քանի լեզուներով՝ «Հերոսական Հայութեան Անցեալէն» գիրքին մէջ, որուն երկրորդ վերնագիրն է՝ «Ջարդերը Հայաստանի Մէջ», «Ականատեսի Վկայութիւններ»:
Գիրքին բովանդակութիւնը հիմնուած է իր տեսած ու գրի առած դէպքերուն, ինչպէս նաեւ պաշտօնատար անձերու, զինուորական գործիչներու հաղորդած տեղեկութիւններուն ու պաշտօնական փաստաթուղթերու վրայ:
Թէ ինչ մղումով Ֆ. Ալ Ղուսէյնը գրեց իր գիրքը, այս մաասին կը յիշէ հետեւեալը . – «Իմ պարտքս կը համարեմ հրատարակել այս գիրքը ծառայելու համար ճշմարտութեան, եւ այն ազգին, որ թուրքերու կողմէ խոշտանգուեցաւ»:
«Գրածներս դժբախտ հայ ազգին հանդէպ թուքերու գործադրած գարշատեսիլ անգթութիւններու չնչին մէկ մասն են» , – կ՛ըսէ Ֆայէզ Էլ Ղուսէյնը: (Ա.Ն. Մնացականեան «ՀայԺողուուրդի Ողբերգութիւնը» էջ 154)
«Հերոսական Հայութեան Անցեալէն» հրատարակուած եւ վերահրատակուած աշխատութենէն կարելի է յիշել հետեւեալ վերնագիրները՝ «Ջարդերու Տարբեր Ձեւերը», «Զինուորականներու Եւ Ցեղախումբերու Բարբարոսութիւնները», «Պատանիներ, Որոնք Կը Մեռնին Սովէն Եւ Ծարաւէն», «Թրքացած Հայուհիներ», «Կանանց Քարավանը», «Մէկ Գիշերուայ Հիւրընկալութիւնը 50 Ոսկի», «Ոճրագործ Դատաւորը», «Վիճակագրութիւն Հայկական Ջարդերու»:
Հեղինակը «Հայոց Ինչքերը Եւ Իրենց Եկեղեցիներու Խաչքարերը» վերնագրին տակ կը նկարագրէ արտաքսուած կամ գնդակահարուած հայերու ունեցուածքի եւ ամայացուած գիւղերու եւ քաղաքներու հայկական եկեղեցիներու թանկարժէք իրերու աճուրդն ու կողոպուտները: Ան կը պատմէ, թէ հայերու ունեցուածքներու բռնագրաւումը, դարձած էր Թուրքերուն «անյագ ընչաքաղցութիւնը բաւարարելու միջոցներէն մէկը»: (Ա. Ն. Մնացականեան «Հայ Ժողուուրդի Ողբերգութիւնը» էջ 155)
Անդրադառնալով թուրքերուն գործադրած բարբարոսական արարքներուն, ան արաբ ականատեսի մը վկայութիւնը մէջբերելով կը նկարագրէ՝ ինչպէս թուրքերը օրը ցերեկով կը յարձակէին աքսորի քաշուող կանանց վրայ, կը կողոպտէին, կը հանէին իրենց հագուստները, լրիւ կը մերկացնէին: Իսկ անոնք «մահը ամօթէն գերադասելով, իրենք զիրենք կը նետէին Եփրատի ջուրերուն մէջ» : «Հայ Կանայք այնպիսի հրոսութիւն եւ կամքի այնպիսի վեհութիւն ունէին, որով օժտուած չեն շատ տղամարդիկ» , – կ՛եզրակացնէ ականատեսը: (Ծ. Աղ . « Հայ Ժողովուրդի Ազադագրական Պայքարի Պատմութիւնից » էջ 482)
Այդ ահաւոր յանցագործութիւնները քօղարկելու եւ քաղաքակիրթ աշխարհի առջեւ արդարանալու համար, թուրքերը կը դիմէին կեղծ փաստաթուղթեր ու վկայութիւններ յօրինելու ամէն տեսակ միջոցներու: Յատկապէս ապացուցելու, թէ կոտորածները հայ քրտական ընդհարումներու արդիւնք է :
Այդ մէկը հաստատելու համար, կառավարութիւնը իր գործակալներուն կը հրահանգէ ջարդին զոհուած հայերուն «քիւրտի հագուստ հագցնել, գլուխներուն քոլոզներ դնել» քիւրտ կանանց հաւատացնել , թէ հայերը սպաննեցին իրենց ամուսինները:
Այդ ամբողջ տեսարանը կը նկարահանուի որպէսզի «ապացուցեն» , թէ հայերը յարձակած են քիւրտերուն վրայ, իսկ քրտական ցեղախումբերը ոտքի ելած են իրենց վրէժը լուծելու, թէ կառավարութիւնը մասնակցութիւն չէ ունեցած այդ բոլորին մէջ:
« Բայց խելօք մարդիկ.- կը շարունակէ Ֆայէզ Էլ Ղուսէյնը, – տեսնելով հայերու դիակներուն այլակերպումը քիւրտերու , կը հասկնան խաղը եւ լուրը կը տարածեն Տիգրանակերտի մէջ»: (Ծ. Աղ . « Հայ Ժողովուրդի Ազադագրական Պայքարի Պատմութիւնից » էջ 482)
Այս առումով կ՛ուզենք ընդգծել, թէ որքան ալ դէպքերուն անտեղեակ գրիչներ շարունակեն յամառօրէն ժխտել պատմական իրողութիւնը, խեղաթիւրել եղելութիւնները, հանրութեան հաւաստացնելով՝ թէ թուրքերը նոյնպէս տուժած են այդ ողբերգութենէն: Թէ հայերն ալ թուրքերուն սպանած են: Սակայն անժխտելի փաստ է՝ դէպքերուն ժամանակակից ականատեսներու վկայութիւնները, որոնք կ՛ապացուցեն հայերու հաւատարմութիւնն ու խաղաղասիրութիւնը:
Այդ մասին ուշագրաւ է Ֆայէզ Էլ Ղուսէյնի հետեւեալ վկայութիւնը : Տիգրանակերտ գտնուած շրջանին ան թուրքերուն կը հարցնէ, թէ հայերը երբեւիցէ սպանա՞ծ են ոեւէ թուրք կամ քիւրտ: Անոնք կը պատասխանեն . – « Հայերը ոչ ոք սպանեցին »: (Ծ. Աղ . « Հայ Ժողովուրդի Ազադագրական Պայքարի Պատմութիւնից » էջ 480)
Հայերը ոչնչացնելու թուրքերուն կիրառած սարսափելի արարքներուն մասին, թէ ինչպէս կը գործադրուէին հայկական ջարդերն ու կոտորածները, արաբ գրողը կը պատմէ . – « Կառավարութիւնը Հալէպէն օգնական բանակ կը պահանջէ , եւ Ֆախրի Փաշա , հրաման կը ստանայ Սուրիոյ տխրալիօրէն հանրածանօթ Ճեմալ Փաշայէն, զսպելու ըմբոստները: Ան աճապարեց երթալու Ուրֆա, ուր թնդանօթի հարուածներով հիմնայատակ կործանեց հայկական թաղերը՝ կոտորելով այր մարդիկ, երախաները եւ կիները, առանց խտրութեան, բացի անոնցմէ որոնք զինուորներուն յանձնուեցան:Ֆախրի Փաշան անոնցմէ ամէնէն գեղեցիկները զատեց իրեն ու իր սպաներուն: Եւ միւսները տարագրուեցան յանձնուելու համար կամ զինուորականութեան կամ մահուան»: (Ծ. Աղ . « Հայ Ժողովուրդի Ազադագրական Պայքարի Պատմութիւնից » էջ 476 – 477)
Ֆայէզ Էլ Ղուսէյն նոյն ականատես թուրքերու պատմածները վկայակոչելով կը յիշէ ինչպէս, . – «նոր նահանգապետը՝ Ռաշիտ Պէյ, զէնք հաւաքելու պատրուակով, 700 հարուստ հայեր ձերբակալեց եւ բանտ նետեց»:
Եւ ինչպէս Պիթլիսի պետական իշխանութիւնները հայերուն մարագներուն մէջ փակելով կրակի կը մատնէին: Այնտեղ «անոնք ծուխէն կը խեղդուէին եւ կը մահանային: Երիտասարդ աղջիկ մը իր փեսացուին գրկախառնուած, առանց վախնալու կը մտնէ հրդեհուած մարագը՝ դէպի մահ կ՛երթայ»: (Ծ. Աղ . « Հայ Ժողովուրդի Ազադագրական Պայքարի Պատմութիւնից » էջ 481)
Անդրադառնալով հայ մտաւորականութեան սպանութիւններուն, ան կը պատմէ, թէ թուրքերը հրամայած էին զիրենք «սպաննել ճանապարհին», յետոյ լուր կը տարածեն, իբրեւ թէ « ելուզակները սպանեցին»: (Ծ. Աղ . « Հայ Ժողովուրդի Ազադագրական Պայքարի Պատմութիւնից » էջ 481)
Ասոր մէկ վկայութիւնը ան կը տեսնէր, Ուրֆայի ճամբուն վրայ գտնուող Կարա – Ջուրն (Կարաքիոփրու) կոչուած տեղը: Այն բլուրը, ուր սպանեցին Զօհրապն ու Վարդգէսը: «Մեր ձիապանը , ազգութեամբ թուրք, ցոյց տուաւ բլուրի մօտ քարերու կոյտը, հոն ուր սպաննուեցան Զօհրապն ու Վարդգէսը՝ երկու ականաւոր հայ երեսփոխաններ»: (Ծ. Աղ . « Հայ Ժողովուրդի Ազադագրական Պայքարի Պատմութիւնից » էջ 477)
Այդ մասին հետագային Զօհրապի սպանութիւնը գործադրող նոյնինքն ոճրագործ՝ Չէրքէզ Ահմատը կը խոստովանի ըսելով . – «Զօհրապը ձեռք անցուցի: Ոտքիս տակը արի, խոշոր քարով մը գլուխը ճզմեցի , ճզմեցի , ճզմեցի մինչեւ որ…….»: (Ծ. Աղ . « Հայ Ժողովուրդի Ազադագրական Պայքարի Պատմութիւնից » էջ 479)
Որովհետեւ «Զօհրապի ակնառու ծառայութիւններն ու արծարծած հայեացքները, – դուր չէին գար Երիտթուրթերուն: Այդ պատճառով անոնք ուզեցին հաշուեյարդար տեսնել իրեն հետ, որպէսզի անկաշկանդ վերադառնան իրենց նախնիներուն ամայացնող մեթոդներուն» կ՛ըսէ հեղինակը:(Ծ. Աղ . « Հայ Ժողովուրդի Ազադագրական Պայքարի Պատմութիւնից » էջ 478)
Թէ որքան մօտէն Ֆայէզ Էլ Ղուսէյնը ճանչցած էր հայ ժողովուրդը եւ հայոց ազգային արժանիքները: Այդ մասին բաւական է յիշել հետեւեալը .- «Ո՞վ կրնայ պատկերացնել այն զգացումը, որ կը ճմլէ ականատեսին սիրտը, երբ կը մտածէ այդ դժբախտ եւ հերոսական ազգի մասին, որ զարմանք պատճառած է աշխարհին իր հերոսութեամբ ու փառքով, որ դեռ երէկ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ ապրող բոլոր ազգերէն ամենակենսունակ եւ առաջաւոր ազգն էր, իսկ այժմ վերածուած է անցեալի յիշողութեան: Իր դպրոցները, որ ժամանակ մը լի էին աշակերտներով, այժմ դատարկ են, իր ամենարժէքաւոր գիրքերը՝ խանութպանները կ՛օգտագործեն պանիր փաթելու համար»: (Ծ. Աղ . « Հայ Ժողովուրդի Ազադագրական Պայքարի Պատմութիւնից » էջ 480 -481)
Իսկ ինչ կը վերաբերի վիճակագրական տուեալներուն, իր բերած փաստարկներուն հիման վրայ, ան կը հերքէ Թուրքական պաշտօնական հաղորդագրութիւնները, մասնաւորապէս Թալէադի յայտարարութիւնները հայերու զոհերու քանակի մասին ապացուցելով, որ «կոտորածի, աքսորի, սովի մատնուած հայերուն թիւը եղած է 1. 200. 000: Իսկ Հալէպ, Մուսուլ, Դամասկոս եւ Տէր Զօրի մօտ բռնագաղթուած հայերու թիւը կը կազմէր 492 . 000 մարդ»:
Վերոյիշեալ տուեալները կը վերաբերին գիրքի լոյս ընծայման ժամանակին, այսինքն՝ 1916 թուականի կէսերուն: «Յետոյ Թուրքերը շարունակեցին աւելցնել իրենց զոհերուն թիւը»: (Ա. Ն. Մնացականեան « Հայ Ժողովուրդի Ողբերգութիւնը » էջ 156)
Իր տեսածն ու ապրածը գրի առնելով, արաբ գրողը կը յանգի այնպիսի եզրակացութիւններու, որոնք պատմագիտական ու քաղաքական տեսակէտէն կարեւոր նշանակութիւն ունին: «Եթէ Թուրք կառավարութեան հարցնեն հայոց ջարդերուն պատճառները . – կը գրէ հեղինակը . – կը պատասխանեն, թէ հայերը Վանի մէջ ջարդած են իսլամները, արգիլուած զէնքեր եւ պայթուցիկ նիւթեր պահած են, ինչպէս նաեւ հայկական պետականութեան նշաններ, դրօշակներ եւ այլ բաներ: Թէ այս ամէնը կը հաստատեն, որ այս համայնքը բանսարկութիւններ կը նախապատրաստէ, առիթի կը սպասէ, որ խռովութիւն յառաջ բերեն թուրքիոյ մէջ, այն ալ Ռուսաստանի օգնութեամբ , որ Թուրքիոյ դարաւոր թշնամին է»: (Ա. Ն. Մնացականեան « Հայ Ժողովուրդի Ողբերգութիւնը » էջ 156)
Ահա թէ ինչպիսի անաչառ մօտեցում կը ցուցաբերէ արդարամիտ արաբ հեղինակը եղած զրպարտութիւններուն դէմ, – «Ես ուսումնասիրեցի այդ հարցը ամէնէն աւելի վստահելի աղբիւրներով, քննութիւններ կատարեցի Վանի բնակիչներէն եւ պաշտօնատար անձանց մօտ, իմ քննութիւններու ընթացքին տեղեկացայ, որ հայերը ոչ մէկ մահմետական սպանած են, ոչ Վանի եւ ոչ ալ շրջակայ բնակավայրերու մէջ» :
Նոյնը եւ Տիգրանակերտի, Պոլսոյ, Էրզրումի, Տրապիզոնի, Պիթլիսի, Մուշի, Ատանայի, Խարբերդի, Սեբաստիոյ հայկական այդ քաղաքներու մէջ, « հայերու դէմ արձանագրելիք որեւէ ստոյգ դէպք չէ եղած»: (Ա. Ն. Մնացականեան « Հայ Ժողովուրդի Ողբերգութիւնը » էջ 156)
Քննելով միւս հարցը , « ռումբերը, դրօշակներ պահելու » մասին ան կը նշէ, որ եթէ նոյնիսկ ճշմարտութիւն է, «ատով կարելի չէ արդարացնել ամբողջ ազգի բնաջնջումը, առանց խտրականութիւն դնելու տղամարդկանց, կանանց, ծերունիներու եւ պատանիներու միջեւ: Այդ ոճիր մըն է, որ չ՛ընդունիր մարդկութիւնը, մահմետականութիւնը, եւ բոլոր մահմետականները»: (Ա. Ն. Մնացականեան « Հայ Ժողովուրդի Ողբերգութիւնը » էջ 157)
Այսօր, հայոց եղեռնի 100 ամեակի պահանջն է, լուսարձակի տակ բերել պատմական իրողութիւնները, հրապարակել քօղարկուած ճշմարտութիւններ, որպէսզի Միջազգային հանրութիւնը սթաբի, տեսնելու համար պատմական դէպքերուն խոր թաքուն ծալքերը: Որպէսզի աշխարհը իրազեկ դառնայ դաժան այդ իրականութեան, որ ցաւագին ու ճշմարտացի արտացոլուած է համաշխարհային հասարակական մտքի, յառաջադէմ մարդկանց ստեղծագործութիւններուն մէջ:
Իրականութիւն մը, ուր արտացոլուած է հայ ժողովուրդի կեանքը իր ամբողջ խորութեամբ, իր խիզախումներով ու մաքառումներով, իր տառապանքներով ու երազանքներով:
Այսօր հարկաւոր է մարդկութեան յիշեցնել, թէ հայ ժողովուրդը չէ մոռցած իր անցեալը, եւ չի կրնար մոռնալ: Երբ տակաւին հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, եւ հայ ժողովուրդի բռնագրաւուած իրաւունքներուն հատուցման պահանջքի իրաւական հարցերը չեն գտած իրենց արդար լուծումը:
Այնուամենայնիւ այս օրերուն, ունինք այն համոզումը, թէ թուրքիզմի հին գաղափարները այլեւս մեռեալ են: Կ’ուզենք հաւատալ, թէ վերացած է ժողովուրդին անցեալի ստրկական հոգեբանութիւնը: Այդ հաւատքը կը ներշնչեն նոր ժամանակներու հայերուն վերաբերող հրապարակուած թուրք մտաւորականներուն ողջմիտ եւ ժամանակակից հայեացքները:
Հետեւաբար հեռու չէ, եթէ այսօր աշխարհի յառաջադէմ հասարակական մտքի ներկայացուցիչներու կողքին գտնուին թուրք մտաւորականներ, որոնք պիտի շարունակեն հետեւիլ արաբ մարդասէրին՝ Ֆայէզ Էլ Ղուսէյնի ուղեգիծին: Անոնց արդար դատողութիւններուն ու բարի մաղթանքներուն մասին կը խօսի ու կը վկայէ Քէմալ Եալչընի հեղինակած գիրքը՝ «Սիրտս Քեզմով Կը Խայտայ»:
Հոն, ուր կը տեսնենք հայ ժողովուրդի դժբախտութիւններուն համար տրոփող ազնիւ ու մաքրամաքուր սիրտ մը: Խոր մարդասիրութիւն մը, որ կը բխի հեղինակին խիզախ ու անկաշկանդ մտածումներէն: Հոն, անաչառ ու անկողմնակալ պատմագէտի մը խօսքն է որ կը հնչէ: Երբ իր գիրքին յառաջաբանին մէջ յիշելով թրքերէն առածը, կ՛ըսէ . –
«Արեւը ցեխով կարելի չէ ծածկել»
«Ես, կենդանի վկաներէն եմ, իմ լսած ու տեսածներուս, իմ հետազօտութիւններով ձեռք բերած ճշմարտութիւններու մասին առանց բառ մը փոխելու, նոյնութեամբ գրեցի:
Ամէն ժողուուրդի, ազգի մէջ լաւերն ալ կան, վատերն ալ: Եղբայրութեան կողմնակիցներ ալ կան, եղբօր արեան ծարաւներ ալ …. Հայ ազգի պատմութեան մէջ սրբազան գիտնական՝ Մեսրոպ Մաշտոցի նման, սէրը, հաշտութիւնը, բարեկամութիւնը, գիտութիւնը պաշտպանող մեծ մարդիկ ալ կան: Թուրք ազգի պատմութեան մէջն ալ, Եունուս Էմրէյի նման, հաշտութիւնը, բարեկամութիւնը, գիտութիւնը պաշտպանող մեծ մարդիկ կան: Թուրք ազգի պատմութեան մէջն ալ, Եունուս Էմրէյի նման, հաշտութիւնը, սէրը, ամէն բանէն վեր համարող մեծ մարդիկ ապրած են: Մեսրոպ Մաշտոցներն ու Եունուս Էմրէները նոյն հողերէ, նոյն աշխարհագրութիւնը կը բաժնեն: Ես ալ այս հողերուն մէկ զաւակն եմ: Հետեւաբար, հաշտութեան, եղբայրութեան, սիրոյ եւ գիտութեան անոնց հարթած ճանապարհին որպէս մէկ ճամբորդը, որպէս մէկ գրագէտը ըլլալէն հպարտ եմ» :
Որքան վճիտ ու անկեղծ զգացումներ, սրտի զեղումներ ամփոփուած են Քէմալ Եալչընի հետեւեալ խօսքերուն մէջ: Սթափութեան պատգամ մըն է ուղղուած համայն մարդկութեան . –
Սիրելի Հայ եղբայրներս ,
Մեր հարիւրամեակի մեծագոյն ցաւը , մարդկութեան ճակտին սեւ մուրը եղող ջարդերուն, «աքսորի ընթացքին ծրագրուած կերպով սպաննուած», կեանքը կորսնցուցած բոլոր Հայերու եւ Ասորիներու յիշատակին առջեւ կը խոնարհիմ, ձեր ցաւերը կ՛ընդունիմ որպէս իմ ցաւը: Որպէս Թուրք գրագէտ, իմ անունով ձեզմէ եւ մարդկութենէն ներողութիւն կը խնդրեմ:
Նոյնպէս, այս աղէտի միջոցին Հայ Ասորիներու ճակատագրին բախտակից, սպաննուած իրենց կեանքը կորսնցուցած Թուրք, Քիւրտ եւ բոլոր մարդոց առջեւ յարգանքով կը խոնարհիմ, անոնց ցաւերը կ՛ընդունիմ որպէս իմ ցաւը :
Մարդկութեան ճակտին մուրը՝ այս մեծ աղէտին պատճառ եղողները, ծրագրող եւ իրականացնողները անիծեալ թող ըլլան:
Ցեղապաշտութիւնը, ազգամոլութիւնը, խտրականութիւնը մարդկանց ու ժողովուրդներու իրարու հետ յարաբերութիւնները կը թունաւորեն: Խտրականութեան դէմ բարեկամութիւնը, բիրտ ոյժի դէմ հաշտութիւնը, գաղութարարութեան դէմ վստահութիւնն ու համագործակցութիւնը զարգացնող բոլորովին նոր մօտեցումով մը պէտք է ձեռք ձեռքի տանք:
Սէրը, բարեկամութիւնը եւ հաշտութեան մշակոյթը վերակենդանացնելու, մեր մեծ ցաւը մոռնալու եւ անգամ մըն ալ այսպիսի ցաւեր չապրելու համար սիրտս Ձեզի կը մատուցանեմ:
Սիրտս քեզմով կը խայտայ:
Քէմալ Եալչըն
Պոխում , 3 Նոյեմբեր 2002
Այսօր, թուրք գրողին մտածումները, հասարակական փոխյարաբերութիւններու, մարդկային գեղեցիկ իտեալի մասին, մարդկութեան համար վեհ նպատակներ են: Իր արտայայտած միտքերը՝ մշակութային կենցաղի հետ մէկ տեղ, ժողովուրդներու բարեկամութիւնը մէկ յարկի տակ, տարբեր ազգերու խաղաղ ու համատեղ աշխատանքը, սրբատաշ մասունքներ են հայ ժողովուրդի պատմութեան համար:
Մասունքներ՝ որոնք հետագային թերեւս որոշիչ դեր խաղան հայ թրքական յարաբերութիւնները հարթելու, ճիշդ լուսաբանելու բազմաչարչար հայ ժողովուրդին պատմութիւնը: ժողովուրդ մը, որ ահաւասիկ դար մը ամբողջ կը պայքարի, յանուն ճշմարտութեան եւ «խաչուած» արդարութեան:
Թող այսօր Քէմալ Եալչընի խօսքերը, որպէս սրբատաշ մասունքներ մատուցուին հայ եւ թուրք կնճիռի ճանապարհին վրայ…:
Ծանօթ:
v Ֆայէզ Էլ Ղուսէյնի «Հերոսական Հայութեան Անցեալէն» գիրքը սկիզբը լոյս կը տեսնէ Ֆրանսերէն՝ Պոմպէյ, 1917 թ. ապա անգլերէն: Յաջորդ տարին, եւ այնուհետեւ 1922-ին որոշ լրացումներով կը հրատարակուի գերմաներէն:
1960 –ին գիրքը լոյս կը տեսնէ հայերէն, Գահիրէի մէջ, թարգմանութիւնը Ֆրանսերէնէն եւ ծանօթագրութիւնը կատարած է Գ. Պասմաճեան:
1965-ին երկրորդ անգամ կ՛արտատպուի Ֆրանսերէն, Պէյրութ:
Մեր կատարած մէջբերումները առնուած են հայերէն հրատարակութենէն, Ա. Մնացականեանի եւ Ծ. Աղայեաննի գործերէն:
v Տէյվիտ Մարշալ Լանգ եւ Քրիստոֆեր Ճէյմս Ուոքըր , անգլիացի հայագէտ պատմաբաններ, համահեղինակներն են՝ «Հայերը» գիրքին : Յիշեալ աշխատութիւնը իրենց պատրաստած զեկուցագիրն է Մեծ Բրիտանիոյ «Փոքրամասնութիւններու Իրաւունքներու Խումբին», ուր կը յիշուի հայերուն կրած տառապանքները Օսմանեան Կայսրութեան տիրապետութեան տակ:
v Քէմալ Եալչընի հեղինակած «Հոգիս Քեզմով Կը Խայտայ» գիրքը, հայացուց՝ Գարեգին Արք. Պէքճեան , հրտ. Սրբոց Յակոբեան Տպարան Երուսաղէմ 2004:
v Բոգդան Գեմբարսկի – Լեհ հրապարակագիր, թարգմանիչ, գրող: Ան իր «Նամակներ Աշխարհին» (Երեւանի Պետ. Համալսարանի Հրատարակչութիւն, Երեւան 1990), ժողովածուին մէջ հանդէս կուգայ հայոց արդար դատի պաշտպանութեամբ:
Ն.Մ.Տ.
ՀԱԼԷՊ
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

