Օրագրութիւն՝ Օր 8

*ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ*
Յատուկ «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ին
Պէյրութ, 29 Յունիս 2014
Հանդիպում մը ունեցայ Քեսապէն գեղանկարիչ Հրաչ Այնթապլեանին հետ, որ այս գիւղախումբին ազատագրուելէն երկու օր ետք մեկնելով Քեսապ, իր ականատեսի տպաւորութիւնները պատմեց ինծի:
Հրաչ ականատես եղած էր փլատակներու, համատարած կողոպտումի, տուներու, եկեղեցիներու, դպրոցներու պատերուն վրայ արաբերէն լեզուով լուտանքներու, սպառնալիքներու եւ նոյնիսկ քանդուած գերեզմանաքարերու:
Կորսուած էր, չկար կիսանդրին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Ա.ին, որ գործն էր Արա Շիրազ քանդակագործին:
Քանդած էին դամբանը Հայ Կաթողիկէ վարդապետ Գլընճեանին ու անոր ոսկերոտիքը հոս ու հոն նետած:
Հրաչ ականատես եղած էր թուրքական փասփորթի մը եւ Սէուտական Արաբիայէն ղրկուած կերակուրի ծանրոցներու, որոնց վրայ գրուած էր .- Նուէր Սէուտական Արաբիայէն:
Նման մակագրութեամբ Քաթարէն ղրկուած էր շարժական հիւանդանոց մը իր բոլոր յարմարութիւններով, բուժական առաջին օգնութիւն մը ցոյց տալու, ելուզակ վիրաւորներուն մինչեւ որ ենթակաները հասցնէին մօտաւոր Թուրքիա:
Տակաւին, Հրաչ ականատես եղած էր թուրքական մակնիշով ջարդուած տասնեակ մը շտապ օգնութեան մեքենաներու:
Խօսող ապացոյցներ փլատակներու մէջ ցոյց տուող, որ քանդիչ արշաւողներ ամէն կողմ ուզած էին Հայկական գիւղերը վերածել անապատի:
Հրաչ լուսանկարած էր այդ տեսարանները, 21-րդ դարի նոր վայրագութիւնները:
Նոյն օրը այցելեցի Հայկազեան Համալսարան, որուն գեղարուեստի Մաթոսեան սրահին մէջ տեղի կ’ունենար գեղանկարչական ցուցահանդէս մը, մասնակցութեամբ հայ եւ արաբ արուեստագետներու գործերուն ի նպաստ Քեսապի մէջ տուժած մեր հայրենակիցներուն:
Տեղ մը քանդում ու կողոպուտ, սպաննութիւն, այլ տեղ գեղանկարչական ցուցահանդէս: Կեանքի պատկերներ, ուր իւրաքանչիւր կողմ իր իսկ ձեռքով իր պատկերը կը հիւսէ:
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

