Օրագրութիւն՝ Օր 7

*ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ*
Յատուկ «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ին
Պէյրութ, 28 Յունիս 2014
Այսօր, ուշացումով, «Արարատ» օրաթերթին մէջ 25 Յունիսի թիւ, կարդացի յօդուած մը Էտուարտ Ա. Գրիգորեանի գրիչէն հետեւեալ վերնագիրին տակ, «Քաղաքական Խենթանոցն ու Անոր Մշտարթուն Պահակները»: Մեր օրերուն մասին հետաքրքրական վերլուծում մըն էր: Բայց ամենէն աւելի ուշադրութիւնս գրաւողը այս յօդուածին մէջ՝ գրուածքին ենթախորագիրն էր ստորագրուած Ուինսթըն Չըրչըլի կողմէ:
Կ’ընդօրինակեմ .- «Երբ երիտասարդ էի, կ’ուզէի աշխարհը վերափոխել, հասուն տարիքիս՝ երկիրս ուզեցի բարեփոխել, երբ մեծցայ ընտանիքս կ’ուզէի բարեփոխել, բայց միայն մահուան մահիճին մէջ հասկցայ որ պէտք է ինքզինքս փոխէի, արդիւնքին մէջ գուցէ ե՛ւ ընտանիքս, ե՝ւ երկիրս, ե՝ւ աշխարհը փոխուէր:»
Զարմանալի զուգադիպութի՞ւն արդեօք ես ալ երբ 17 տարեկան էի, միանալով համայնավար կուսակցութեան շարքերուն, կ’ուզէի աշխարհը վերափոխել բայց երբ դարձայ 34 տարեկան ու գացի Հայաստան որպէս ուսանող (արդէն ամուսնացած ու երկու զաւակի հայր) ազերի ղեկավարի մը հանդիպեցաւ, որ հարց տուաւ ինծի.- կարդացա՞ծ էք «Եղբայր Դարձաւ Ազրպէյճան-Հայաստան»:
-Ոչ միայն կարդացած եմ այլ երգած ալ եմ:
-Ընկեր ճան, այդ բոլորը սուտ են, իսկ գիտէ՞ք թէ ինչ կը նշանակէ Խորհրդային Միութիւն:
-Անշուշտ գիտեմ: Կը նշանակէ կատարեալ եղբայրութիւն:
-Սուտ մըն ալ այս, գիտցէք, խոշոր սուտ մը, այստեղ Ռուսը կ’ուզէ մեզ կարգադրել, մեն ալ կ’ուզենք Ռուսը կարգադրել:
Անշուշտ ազերին այս արտայայտութիւնը ըրաւ թրքավարի բառերը իր ուզածին պէս օգտագործելով:
Հայաստանի մէջ եօթը տարի ուսանելով հաստատեցի, որ ճիշդ էին ազերիին խօսքերը: Որով դուրս եկայ համայնավար կուսակցութենէնէն առանց հայհոյելու համայնավարութեան, որուն գաղափարականը կը ձգտէր փոխել աշխարհը:
Ու յանկարծ հաստատեցի նաեւ, որ չէի կրնար բարեփոխել նոյնիսկ որդիս:
Միակ համերաշխութիւնը զոր ունեցայ իմ կնոջս՝ Արմիկին հետ էր: Ես փոխուեցայ քիչ մը:
Աշխարհը անփափոխ մնաց: Ընդերկար պիտի մնայ: Վա՜յ բոլորիս:
Որքա՜ն ճիշդ մտածած էր Ուինսըթն Չըրչըլ, բայց միայն այն ատեն երբ մահուան մահիճին մէջն էր …
Ես տակաւին մահուան մահիճին մէջ չեմ, տակաւին կը շարունակեմ մտածել, որ անկարելի չէ բարեփոխել աշխարհը հակառակ 86 տարիներու փորձառութեանս:
Ի՞նչ է, երազելն ալ արգիլուած է մարդուն, ցանկանա՞լն ալ, կը շարունակեմ աշխարհը մաքրուած տեսնել:
Ո՞վ է դէմ ցանկութեանս:
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

