• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Դէպի Անմահութիւն. Երուանդ Պապայեան

14.08.2014   13:50

*ՌԱՖՖԻ  ՏՕՆԵՐԵԱՆ*

Raffi Donerian

Սիրելի Ուսուցիչ,

Շիրիմիդ առջեւ խոնարհած, թոյլ տուէք իմ համեստ գրիչով նորոգեմ իմ անկեղծ սէրն ու յարգանքը:

Արտասովոր կսկիծով կը յիշեմ մանկութեան օրերը հին, անմեղ ու անհոգ, երբ «պայծառ միտքով լուսատենչ ու հոգիներով խանդավառ» կը բարձրանայինք միշտ դէպի վեր, դէպի դասարանները մեր:

Կը յիշեմ Ձեր խիստ ու խրոխտ ներկայութիւնը, զոր կ՛անշարժացնէր բոլորս: Տարիներ վերջ միայն զգացի եւ ապրեցայ այդ խստութեան ընդմէջէն վճիտ ցոլացումը հայրական ջերմ գուգուրանքին, օրհնեալ յատկանիշը Ձեր վսեմ էութեան: Այդ գուրգուրանքին, որ ամբողջ դար մը վերջ տակաւին կը ճառագայթէր նոյն ջերմութեամբ:

Չեմ մոռնար բնաւ, երբ կը յաճախէի Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը ամէն տարի Ամանորի շրջանին, հեռաւոր Ամերիկաներէն շնորհաւորական նամակներով կը մաղթէիք լաւագոյնն ու բարին: Հայրական յորդորներով կը սփոփէիք, վանելու համար դառն անցեալի ահաւոր յուշերը, որոնց մանրամասնութիւններուն քաջատեղեակ էիք, ինչպէս հայրս հարազատ: Այժմ արցունքախառն աչքերով կը կարդամ մասունքի նման պահած նամակները Ձեր, նոյն մխիթարանքը ստանալով ընդմիշտ:

Բանաստեղծութեան իշխանը եւ Ուսուցիչս:

Երկու անզուգական տիտաններ հայ ազգի ու հայապահ պանման: Մին անմահացած, միւսն անմահութեան ճամբուն վրայ: Թէքէեանի տողերուն ընդմէջէն կ՛ուրուագծեմ Ձեր անձը:

Ցնո՞րք թէ իրողութիւն:

Արդարեւ սիրեցիք հայ լեզուն մրգաստանի մը նման եւ անոր հիւթեղ բառերով օծեցիք քիմքերը բազմահազար հայորդիներու:

Բարձրացաք եւ Ձեզի հետ բարձրացուցիք շա՜տ շատեր:

Ինչ որ տուիք ուրիշին ահա կը վերադառնայ անուշցած ու զօրացած Ձեր հոգւոյն մէջ մնալու յաւիտեան:

Սիրելի Ուսուցիչ,

Սուրբ շիրիմիդ վրայէն մխացող գուլայ-գուլայ խունկերուն հետ միատեղ կ՛աղօթեմ առ բարձեալն, Թէքէեանի մեծ ընտա նիքին անունով` հոգաբարձութիւն, տնօրէնութիւն, ուսուցչական կազմ եւ օժանդակ մարմիններ, որ «հայու յոգնած սուրբ հոգիդ» երկնային արքայութեան մէջ լուսաւորէ առյաւէտ:

Թէքէեանի սոյն ,Կտակեով սուրբ յիշատակդ կ՛անմահանայ բոլորիս սրտերուն մէջ.

«Թող ոչ ոքի մահըս չըտայ տխրութիւն,
Ուրախութիւն թող ան ըլլայ ամէնուն,
Թշնամիին, բարեկամին ալ համար…:
Տառապանքիս վերջը եկաւ հուս ուրեմն,
Եւ անցնելով խաւար ու մեծ տունին սեմն
Ես կը հանգչիմ, պիտի հանգչիմ յաւիտեան…»:

Բարի երթ դէպի յաւիտենականութիւն…:

Աշակերտդ`
Ռաֆֆի Տօներեան

 

Share Button

Deja un comentario

Tu dirección de correo electrónico no será publicada. Los campos obligatorios están marcados con *

Media Partner