ՕՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ՝ Օր 3

*ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ*
Պէյրութ, 23 Յունիս 2014
Աւարտեցի ընթերցումը Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի հեղինակած մէկ գիրքին՝ անգլերէնով (541 էջ):
Իսկապէս գնահատելի գործ մը այս նուիրեալ ճանչցուած ու գնահատուած տնօրէն ու պատմաբանին կողմէ երբ հեղինակը մանրամասնօրէն կու տայ քաղաքական պատմութիւնը Լիբանանի հայութեան, թէ մեր համայնքը ինչպիսի մասնակցութիւն բերած է երկրին մէջ կատարուած երեսփոխանական ընտրութիւններուն 1934-2009 թ. ընթացքին եւ թէ որպիսի՜ համայնքային կեանքով կ’ապրի Հայը այս երկրին մէջ առանց բեռ մը ըլլալու Լիբանանին, բայց նաեւ որպիսի օժանդակութեամբ բաժին կը բերէ մայրիներու երկրի զարգացումին:
Այս քաղաքական հատորը իր նիւթերը կը ներկայացնէ կարելի մանրամասնութեամբ ուր Հայը կը ներկայացուի որպէս երկրի առաջընթացքին միախառնած իր տնտեսական, մշակութային հնարքները: Հոս կը լսենք հեղինակին դիտողութիւնները նաեւ մեր ժողովուրդին մասին ուր կ’ըսուի թէ Հայը ունի մշտամեայ անմիաբանութիւն զոր առայսօր չէ կրցած պատմութեան աղբանոցին մէջ նետել որպէս անպէտք իր:
Ասով հանդերձ Հայը կրցած է պահել իր ինքնութիւնը, աստուածային լեզուն, դպրոցը, եկեղեցին, եւ իր պանծալի մշակոյթը:
Ահա Դոկտ. Զաւէն Մըսրլեանի հեղինակած հատորին անունը.- “Armenian Participation in the Lebanese Legislative Elections 1934-2009”
Երկրին քաղաքական կացութիւնը բնական ըլլալէ հեռու է:
Վերջը Բարի ըլլայ:
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

