«ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-Ի ԿԱՅՔԷՋԻՆ ՄԵԿՆԱՐԿՈՒՄԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

.ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ.
Սիրելի ընթերցող/բաժանորդ «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ի,
Ուրախութեամբ կ’ուզենք ձեզի տեղեկացնել, թէ աւելի քան ութ տարիներէ ի վեր անխափան ելեկտրոնային հրատարակութեամբ ցրուող «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ը, որ իր լոյս ընծայման ժամանակամիջոցին միշտ ալ ջանացած է բարելաւել եւ ժամանակին ու ընթերցողին յարմար դարձնել իր տեսքն ու բովանդակութիւնը, այսօր ահա քայլ մը եւս առնելով ելեկտրոնային հրատարակութեան աշխարհին մէջ՝ յետ այսու պիտի հրատարակուի իրեն յատուկ կայքէջին միջոցաւ՝ առիթը տալու իր բաժանորդներուն, նաեւ համացանցը օգտագործող համայն հանրութեան, որոնք ծառաւ են ազգային առումով կենսական հարցերու տեղեկութիւններու եւ առ հասարակ՝ հայկականութեամբ առլցուն, անխտիր այցելել www.ragmamoul.net եւ կարդալու այն ինչ, որ կը հետաքրքրէ իւրաքանչիւրը: Ասոր կողքին, մենք պիտի շարունակենք ամէն օր մեր հասցէացանկին հասցնել՝ մեր կայքէջին վրայ տեղադրուած նորագոյն լուրերուն եւ յօդուածներուն կապը, զոր բաժանորդը ճնշելով պիտի առաջնորդուի մեր կայքէջին համապատասխան էջը՝ կարդալու իր նախընտրածը:
Շարունակելով մեր նախորդ՝ «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ի վաստակաշատ պատասխանատու խմբագիր Ընկ. Ասատուր Տէվլեթեանի աշխատանքը, եւ փոխարինելով զինք ու հիմնուելով իր իսկ խօսքերուն վրայ, ուր ան կ’ըսէ. «…Կը փափաքիմ պարտականութիւնը փոխանցել երիտասարդ ուժերու, որպէսզի «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ը առաւելագոյնը օժտուի նաեւ ժամանակի հնարաւորութիւններու թարմ շունչով», ինչպէս նաեւ համեստօրէն վայելելով ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան վստահութիւնը, ահաւասիկ այսօր՝ www.ragmamoul.net-ի միջոցաւ կու գանք մեր կարողութիւններու ներած տարողութեամբ, իրագործել մեր նախորդին իղձը եւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան մեր վրայ դրած յոյսը:
Լիայոյս ենք, որ մեր այս նախաձեռնութիւնը «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ը քայլ մը եւս պիտի մղէ դէպի ապագայ՝ արժանանալով ձեր գնահատանքին եւ ջանալով մնալ ձեր ակնկալութիւններուն
բարձրունքին վրայ:
Սիրով`
Սեւակ Յակոբեան
Յ.Գ. Յետագայ քանի մը օրը նկատելով փորձառական շրջան մը www.ragmamoul.net -ի համար, կը յայցենք ձեր ազնիւ հասկացողութիւնը՝ ինչ կը վերաբերի կայքէջի ոչ-ամբողջական ձեւին եւ բովանդակութեան (ջանալով նաեւ շուտով «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ի տարիներու արխիւը փոխադրել կայքէջ), նոյն ատեն ակնկալելով ձեր կողմէ մեզի ուղղուած անոր ձեւին առնչուող նկատողութիւններ, զանոնք շուտով նկատի ունենալու համար:
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

