Սերժ Սարգսեան Ընդունած է ԵԱՀԿ Կարճաժամկէտ Դիտորդական Առաքելութեան Պատուիրակութիւնը

ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Ապրիլ 2-ին կայանալիք ՀՀ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին՝ դիտորդական առաքելութիւն իրականացնելու նպատակով Հայաստան ժամանած ԵԱՀԿ կարճաժամկէտ դիտորդական առաքելութեան յատուկ համակարգող եւ ղեկավար Իգնասիօ Սանչես Ամորը եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Հանրապետութեան Նախագահը բարձր գնահատած է ԵԱՀԿ դիտորդական առաքելութիւններուն դերը Հայաստանի ընտրական գործընթացին, ներառեալ` ընտրական համակարգի շարունակական բարելաւման եւ զարգացման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ անցած քսանհինգ տարիներուն ընթացքին Հայաստանին ցուցաբերուած օժանդակութիւնը:
ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Սերժ Սարգսեան գոհունակութեամբ արձանագրած է, որ Ապրիլ 2-ին նախատեսուած ՀՀ ԱԺ ընտրութիւններու դիտարկման ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովը եւ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ը կը ներկայանան համատեղ ուժեղ խումբով, որ կը ղեկավարէ եւ կը համակարգէ իր սկզբունքային դիրքորոշումներով յայտնի, փորձառու եւ հմուտ քաղաքական գործիչ` պարոն Իգնասիօ Սանչես Ամորը:
Ընդգծելով, որ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւնները կարեւոր հանգրուան են Հայաստանի արդիւնաւէտ կառավարման տեսլականը կեանքի կոչելու ճանապարհին, Նախագահը նշած է, որ երկրի իշխանութիւնները այս տեսանկիւնէն իսկ կարեւոր կը համարեն ընտրողներու վստահութեան բարձրացումն ու ամրապնդումը ընտրական գործընթացին նկատմամբ: Այդ նպատակով՝ լայն քաղաքական եւ հասարակական քննարկումներու եւ խորհրդատւութեան իբրեւ արդիւնք ընդունուած են ու նոր ընտրական օրէնսգրքին մէջ ամրագրուած ընտրական գործընթացի օրինականութեան վերահսկման կառուցակազմերը սահմանող դրոյթներ: Նախագահին համոզումով՝ իրականացուած մեծածաւալ աշխատանքը թոյլ կու տայ պնդելու, որ առկայ են բոլոր նախադրեալները` քաղաքական կամք, օրէնսդրական կարգաւորումներ, ճարտարագիտական հնարաւորութիւններ` Հայաստանիմէջ լաւ ընտրութիւններ իրականացնելու համար, եւ իշխանութիւնները իրենց իրաւասութեան ծիրէն ներս հնարաւոր ամէն ինչ պիտի ընեն` ատիկա իրականութիւն դարձնելու:
Նշելով, որ ընտրութիւնները, բնականաբար, կ’ենթադրեն մրցակցութիւն, եւ ինչպէս իւրաքանչիւր մրցակցային պայքարի մէջ, ընտրութիւններուն եւս մրցանակային տեղ գրաւելու համար՝ մասնակիցներէն շատերը, երբեմն, կրնան տրուիլ տարբեր` ներառեալ անընդունելի մեթոտներու գայթակղութեան, նախագահը այս ծիրէն ներս չափազանց կարեւոր համարած է, որ բոլոր դիտորդական առաքելութիւնները ցուցաբերեն հաւասարակշռուած, անկողմնակալ մօտեցում եւ իրենց գնահատականը ձեւաւորեն սեփական դիտարկումներու հաւաստի տեղեկութիւններու հիման վրայ: Նախագահ Սարգսեան նշած է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները պատրաստակամութիւն ցուցաբերած են համակողմանի օժանդակութիւն ցուցաբերելու բոլոր դիտորդական առաքելութիւններուն` իրականացնելու իրենց մասնագիտական աշխատանքը, ներառեալ ընտրութիւններուն օրը եւ անկէ ետք:
ԵԱՀԿ կարճաժամկէտ դիտորդական առաքելութեան յատուկ համակարգող եւ ղեկավար Իգնասիօ Սանչես Ամորը վստահեցուցած է, որ մասնագիտական որեւէ շեղում իրենց աշխատանքին մէջ պիտի չըլլայ, եւ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ը, իբրեւ ընտրական գործընթացի դիտարկման գործին մէջ Եւրոպայի ամենափորձառու կազմակերպութիւնը, որ մէկ ամիսէն աւելի է, որ Հայաստանի մէջ է եւ իրականացուցած է իրավիճակի գնահատման ուղղութեամբ փորձագիտական մեծ աշխատանք` պիտի շարունակէ նոյն բարձր մասնագիտական որակով ու բարեխղճութեամբ իրականացնել իր առաքելութիւնը:
Դիտորդական առաքելութեան ղեկավարը գոհունակութիւն յայտնած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը ընտրութիւններու դիտարկման գործընթացին ներգրաւած է մեծ թիւով` շուրջ 30 հազար տեղական հասարակական կազմակերպութիւններ, որոնց կազմին մէջ ընդգրկուած են բազմաթիւ օտարերկրեայ քաղաքացիներ: Ան միաժամանակ կարեւոր համարած է, որ բոլոր առաքելութիւնները պատասխանատու կերպով մօտենան իրենց աշխատանքին` ցուցաբերելով բարձր մասնագիտական մօտեցում:
Հանդիպման ընթացքին Իգնասիօ Սանչես Ամորը նաեւ ողջունած եւ քաջալերած է Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումները։
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

