Պարտաւոր Ենք Պատրաստ Ըլլալ Իրադարձութիւններու Որեւէ Զարգացման. Վիգէն Սարգսեան`ԼՂ Հակամարտութեան Մասին

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին համար պայքարի տիպիկ օրինակ է:
Ռուսական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման մը ընթացքին, ըստ 1in.am–ի, այս մասին ըսած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան:
«Խօսքը ժողովուրդին մասին է, որ ստիպուած էր այդ իրաւունքը հաստատել զէնքով, քանի որ անոր պարտադրուած էր պատերազմը: Այդ ժողովուրդը 1990-ականներուն կարողացած է այդպէս ընել շատ անհաւասար պայքարի իբրեւ արդիւնք, իսկ անկէ ետք կրցած է կառուցել պետական կառավարման արդիւնաւէտ համակարգ` ժողովրդավարական համակարգ, ուր պարբերաբար կ’իրականացուին ընտրութիւններ, կը ձեւաւորուի խորհրդարան, կ’ընտրուի նախագահ, ունի սեփական դատական համակարգ, տնտեսական զարգացման հայեցակարգ»,- նշած է Սարգսեան:
Ան աւելցուցած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը՝ զինադադարի կնքման 24 տարիներուն ընթացքին՝ ամբողջովին իրականացուցած է բոլոր կառուցակազմերը, որոնք անհրաժեշտ են պետութիւնը ճանչնալու համար: «Այդ չճանչցուած հանրապետութեան մէջ ամբողջ սերունդ մը մեծցած է այն գաղափարով, որ իրենք կ’ապրին գերիշխան պետութեան մէջ, որ կ’ընդունի իր որոշումները: Չկայ գործընթաց մը, որ կրնայ անոնց հակառակը համոզել»,- ըսած է նախարարը:
Վիգէն Սարգսեան ընդգծած է, որ հայկական կողմը միշտ բաց է հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցութիւններուն համար: «Մենք աշխուժօրէն կը մասնակցինք բանակցութիւններուն, բայց կը համարենք, որ լուծման ճանապարհ գտնելու փնտռտուքները ուղիղ կապ ունին Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը ճանչնալու եւ զայն յարգելու հետ: Բոլոր մնացած հարցերը, որոնք գոյութիւն ունին այս ծիրէն ներս, ածանցեալ են հիմնական խնդիրին: Անոնք պէտք է կարգաւորուին` հաշուի առնելով Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին անվտանգութիւնը եւ ազատ զարգացման իրաւունքը»,- ըսած է նախարարը:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը ցաւով նկատած է, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին գործադրած ջանքերը պարբերաբար կը ձախողին Ազրպէյճանի պատճառով, որ միտուած չէ հակամարտութեան լուծման փնտռտուքներուն: «Ազրպէյճանը մշտապէս կը ձգձգէ հակամարտութեան լուծումը` աւելցնելով սպառազինութիւնը, տարածելով հայատեաց հռետորաբանութիւն բոլոր մակարդակներով: Ատելութեան այդպիսի մակարդակով, անշուշտ, ղարաբաղեան հարցով սեփական հասարակութեան պատրաստել փոխզիջումային լուծման ուղղակի անհնար է: Եւ մենք շատ լաւ կը հասկնանք, որ շատ դժուար է համադրել բացարձակապէս իրարմէ տարբերող կառավարման համակարգերը, որոնք գոյութիւն ունին Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի մէջ: Մենք պիտի չյոգնինք հակամարտութեան խաղաղ լուծման հասնելու աշխատանքէն, բայց մենք պարտաւոր ենք պատրաստ ըլլալու իրադարձութիւններու ցանկացած զարգացման, որովհետեւ, իմ գնահատականով, Ազրպէյճանի մէջ ամբողջովին կը բացակայի քաղաքացիական եւ ժողովրդավարական վերահսկողութիւնը զինուած ուժերուն նկատմամբ: Իսկ ատիկա կը նշանակէ, որ մարտական գործողութիւններու վերսկսման հաւանականութիւնը հակամարտութեան գօտիին մէջ կարելի է գնահատել 0-էն մինչեւ 100 տոկոս»,- ընդգծած է Սարգսեան:
Ան յոյս յայտնած է, որ Պաքուի մէջ լաւ կը հասկնան, որ որեւէ լարուածութիւն կրնայ յանգեցնել լայնածաւալ պատերազմի, որ կրնայ քաոս առաջացնել, իսկ այդպէս հակամարտութիւնը հաստատ չի լուծուիր, քանի որ անիկա ռազմական լուծում չունի: «Ասիկա շատ յստակ է, հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ խնդիրը յօրինուած չէ, անիկա իրական է ու անհնար է պատկերացնել, որ այնտեղ ապրող մարդիկ կրնան նահանջել իրենց երկրին մէջ սեփական օրէնքներով ապրելու իրաւունքէն»,- եզրափակած է Վիգէն Սարգսեան:
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

