Հայրենի Տնտեսութիւն Կիւմրիի Մէջ Ստեղծուելիք Կարի Գործարանը 700-800 Աշխատատեղ Պիտի Ապահովէ

12 միլիոն ԱՄՆ տոլար արժէքով ներդրումային ծրագիրին ծիրէն ներս՝ կը նախատեսուի Կիւմրիի մէջ հիմնել կարի գործարան` 700-800 աշխատատեղի ստեղծումով: «Սաստեքս» ընկերութեան շէնքի շինարարական հրապարակին վրայ շրջայցին ընթացքին՝ ՀՀ վարչապետը ծանօթացած է կատարուած աշխատանքներուն:
Կառավարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդած տեղեկութիւններով՝ «Սաստեքս» ՍՊԸ տնօրէն Քրիստիան Կելեճին վարչապետին տեղեկացուցած է, որ ամբողջութեամբ աւարտին հասած են հիմքերուն ամրացման աշխատանքները, շէնքը կայուն է երկրաշարժի դէմ եւ գրեթէ պատրաստ շահագործման, մնացած են ներքին եւ արտաքին յարդարման, ելեկտրական հոսանքագիծերու կառուցման աշխատանքները:
Գործարանը բաղկացած պիտի ըլլայ 5 շինութենէ: Մարզային հիւանդանոցին շէնքը պիտի ծառայէ իբրեւ ուսումնական կեդրոն, ուր պիտի տեղաւորուի նաեւ ընկերութեան վարչական մասը, պատրաստ արտադրանքի ցուցադրութեան սրահը: Արտադրանքին 90 տոկոսը պիտի արտահանուի:
Քրիստիան Կելեճին նաեւ նշած է, որ նորակառոյց գործարանին մօտ կան տնակներ, որոնք տարածքէն հեռացնելէ ետք՝ այնտեղ ապրող ընտանիքներուն բնակարանով ապահովելու խնդիր կ’առաջանայ, եւ այդ նպատակով՝ նոյն տարածքին մէջ՝ 16 ընտանիքի համար կը կառուցուին միայարկ տուներ, որոնք պիտի տրամադրուին անհատոյց: Նշուած է, որ առաջին 8 տունը պատրաստ պիտի ըլլան այս տարուան Յուլիսին:
Ներկայացնելով «Սաստեքս»-ի զարգացման յետագայ քայլերը` ընկերութեան տնօրէնը կառավարութեան ղեկավարին դիմած է երկաթուղագիծի մօտ գտնուող չօգտագործուող շինութիւնները եւս իրենց տրամադրելու խնդրանքով: Ողջունելով կերպասագործութեան արդիւնաբերութեամբ զբաղող ձեռնարկութեան ընդլայնման ծրագիրները` կառավարութեան ղեկավարը պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու այդ հարցով:
Կարէն Կարապետեան եղած է նաեւ Կիւմրիի թիւ 21 «Օյունճեան» միջնակարգ դպրոց-վարժարան: Վարչապետը նախ դիտած է վարժարանի սաներուն պատրաստած երաժշտական ելոյթը, ապա՝ ծանօթացած դպրոցի 2-րդ մասնաշէնքի կառուցման աշխատանքներուն: Կառավարութեան ղեկավարին տեղեկացուցած են, որ վարժարանի 2-րդ մասնաշէնքին բացումը կը նախատեսուի այս տարի:
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

