Նախագահ Սարգսեան Մասնակցած է Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիոյ Տարեկան Ընդհանուր Ժողովին

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ այցելած է Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիա, ուր տեղի ունեցած է ակադեմիոյ 2016 թուականի գիտական եւ գիտակազմակերպական գործունէութեան հիմնական արդիւնքներուն նուիրուած տարեկան ընդհանուր ժողովը: ՀՀ ԳԱԱ նախագահ, ակադեմիկոս Ռադիկ Մարտիրոսեան ներկայացուցած է ակադեմիոյ կազմակերպութիւններու գիտական կարեւորագոյն արդիւնքներն ու կիրառական մշակումները, անդրադարձած հաշուետու տարուան մէջ միջազգային համագործակցութեան ուղղութեամբ իրականացուած աշխատանքներուն, գիտական մարդուժի պատրաստման եւ գիտական հետազօտութիւններու աշխուժացման մէջ ԳԱԱ ծրագիրներուն ու շարք մը այլ ուղղութիւններով 2016-ին ակադեմիոյ գործունէութեան:
Հանրապետութեան նախագահը նշած է` նկատի առնելով, որ հանրապետութեան մէջ այժմ նախընտրական քարոզչութեան ժամանակաշրջան է, զերծ կը մնայ ելոյթէ եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է պատասխանել ժողովի մասնակիցներուն հետաքրքրող հարցերուն, լսած անոնց առաջարկները:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան նաեւ շնորհաւորական ուղերձ յղած է ՀՀ ԳԱԱ իսկական անդամ, փրոֆեսոր Սերգէյ Համբարձումեանին ծննդեան 95-ամեակի առիթով` այդ նշանակալի յոբելեանի առթիւ մաղթած անոր առողջութիւն եւ ազգանուէր գործունէութիւնը շարունակելու ուժ ու կորով:
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

