Գերմանիոյ Դեսպանութիւնը 41.000 Եւրօ Պիտի Տրամադրէ Հայաստանի Գիւղերուն Մէջ Իրականացուող Ծրագիրներուն

Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան դեսպանութիւնը այս տարի նոյնպէս կ՝օժանդակէ՝ փոքր դրամաշնորհային ծրագիրի ծիրէն ներս իրականացուող նախաձեռնութիւններուն: Այս մասին ըստ Armenpress.am-ի կը տեղեկացնեն՝ ՀՀ-ի մէջ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան դեսպանութեան մամուլի բաժինէն։
Վերջին օրերուն պայմանագրեր ստորագրուած են հայկական այն կազմակերպութիւններուն հետ, որոնց ներկայացուցած ծրագիրները հաւանութեան արժանացած են: «Ուրախ ենք, որ այս տարի մեզի հասած են մեծ թիւով լաւ յայտեր: Յաջողակ նախաձեռնութիւնները անցած են դժուար ընտրութեան գործընթացի մէջէ: Մեր կողմէ քննարկուած են 125 դիմում-յայտեր եւ մեզի համար որոշում կայացնելը եղած է շատ դժուար», ըսած է դեսպանութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Նատիա Լիխդենպըրկըր:
Դեսպանութեան փոքր դրամաշնորհային ծրագիրը կ՝օժանդակէ կարճաժամկէտ ձեռնարկներ, որոնք կոչուած են արձագանգելու կարիքաւորութեան կէտային խնդիրներուն եւ կրնան նպաստել բնակչութեան ամենախոցելի խումբերու կենսապայմաններու բարելաւման` առաւելութիւնը տալով գիւղական վայրերուն: Ընդհանուր առմամբ այս տարուան ծրագիրներուն համար յատկացուած է 41.000 եւրօ:
Այս տարի օժանդակութիւն պիտի ստանան շարք մը նոր նախաձեռնութիւններ: Մասնաւորաբար «Հայկական ճամբար» լեզուի եւ առագաստանաւի դպրոց ՀԿ` Սեւանայ լիճի ափին արձակուրդային ճամբարի վերակառուցում, Գանձաքար գիւղի շահառուներու խումբ` գիւղացիներու եւ փոքր ձեռներէցներու համար շարժական շուկայական ծրագիրի ստեղծում, Սիւնիքի զարգացման ՀԿ (Եղէգնաձոր)` թիւ 64 մանկապարտէզի բակային պարագաներու համալրում, «Յոյսի կամուրջ» ՀԿ (Նոյեմբերեան)` հաշմանդամներու արհեստանոցի համալրում, Ֆրանս-հայկական զարգացման հիմնադրամ` խուլ եւ համր անձերու ուսուցիչներու վերապատրաստում, Հայկական Կարմիր խաչի ընկերութիւն` Աբովեանի հանրակացարանին մէջ հանրային սենեակի ստեղծում, «Սուրբ Սանդուխտ» կանանց ՀԿ` Գեղարքունիքի մարզի հինգ դպրոցներու համար մարզական պարագաներու ձեռքբերում, ՀԵՆԱ ՀԿ (Սառնաղբիւր)` երիտասարդական համայնքային կեդրոնի ստեղծում, «Լոռէ» էքօակումբ ՀԿ (Ստեփանաւան)` տասը արեւային չորանոցներու կառուցում միրգի չորացման համար:
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

