• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Թրքական Դատարանը Արգիլած է Ռուս Դեսպանի Սպանութեան Հետաքննութեան Լուսաբանումը. ԶԼՄ-ներ

28.12.2016   08:06

Անգարայի դատարանը արգիլած է ԶԼՄ-ներուն լուսաբանել Թուրքոյ մէջ ՌԴ դեսպան Անտրէյ Կառլովի սպանութեան հետաքննութիւնը: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, կը յայտնէ Anadolu գործակալութիւնը:

Դատարանին մէջ անոր աղբիւրին տեղեկութիւններով` որոշումը ընդունուած է` ի պատասխան մայրաքաղաքի դատախազութեան հայցին: Արգելքի տակ կը յայտնուի մասնաւորապէս յանցանքի վայրէն տեսագրութիւններուն տարածումը, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններուն հրապարակումը` կապուած կասկածեալներու մասին: Անիկա ուժի մէջ կը մնայ մինչ հետաքննութեան աւարտը:

Յիշեցնենք, որ Կառլով սպաննուած էր Դեկտեմբեր 19-ի երեկոյեան` Անգարայի մէջ նկարչական ցուցահանդէսի բացման արարողութեան ժամանակ, ելոյթի պահուն: Յարձակողը` ոստիկան Մեւլիւթ Մերթ Ալթընթաշ, ոչնչացուած էր: ՌԴ ԱԳՆ կատարուածը որակած են ահաբեկչութիւն, իսկ ՌԴ ՔԿ քրէական գործ յարուցած է «Միջազգային ահաբեկչութեան ակտ» յօդուածով:

Share Button

Deja un comentario

Tu dirección de correo electrónico no será publicada. Los campos obligatorios están marcados con *

Media Partner