• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Ford-ը Ներկայացուցած Է Հայ Ձեւաւորողի Նախագիծով Ստեղծուած Նոր GT Supercar-ը

30.06.2016   08:16

Ամերիկեան Ford ինքնաշարժներ արտադրող ընկերութիւնը ներկայացուցած է նոր՝ Ford GT ’66 Heritage Edition supercar-ը, որ նուիրուած է 1966-ին  «Լը Ման» մրցարշաւին կրած յաղթանակի 50-րդ տարեդարձին:

«Թէեւ նոր ինքնաշարժի արտաքինը նման է GT40 Mark II մրցարշաւային ձեւին, որ կէս դար առաջ յաղթած է հեղինակաւոր մրցարշաւին, մենք ատոր նոր շունչ  հաղորդած ենք՝ զայն ներկայացնելով ժամանակակից ձեւաւորման լուծումներով», ըսած է ինքնաշարժի արտաքին ձեւաւորման պատասխանատու Կարէն Նիկողոսեան:

Ինչպէս tert.am-ի փոխանցմամբ կը նշէ gizmag.com-ը, Ford-ը կը պատրաստուի տուեալ ինքնաշարժը  արտադրել շատ սահմանափակ քանակով: Իսկ անոր գինին վերաբերեալ որեւէ տեղեկութիւն չկայ:

 

Share Button

Deja un comentario

Tu dirección de correo electrónico no será publicada. Los campos obligatorios están marcados con *

Media Partner