• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Գերմանիոյ Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը Կանչուած է Իր Երկիր

03.06.2016   07:59

Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունումէն յետոյ բոլորին ուշադրութիւնը առաջին հերթին սեւեռուած է Գերմանիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպանին վրայ:

Թրքական Sozcu պարբերականին փոխանցած տեղեկութիւններով` Գերմանիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հուսէյն Աունի Քարսլըօղլուն, հաշուի առնելով նախորդ դէպքերը, արդէն սկսած է հաւաքել իրերը` սպասելով Անգարա վերադառնալու հրահանգին:

Կ՝ակնկալուի, որ Թուրքիան Գերմանիային պիտի արձագանգէ այնպէս, ինչպէս Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած միւս երկիրներու պարագային: Այսինքն, ետ պիտի կանչէ դեսպանը, յետոյ ամիսներ անց դեսպանը պիտի վերադառնայ Պեռլին:  Այս փաստին առիթով ներկայիս Թուրքիոյ մէջ հեգնանքով կ՝ըսեն, որ լաւ պիտի ըլլայ դեսպանը Անգարայի տոմսը ետ դարձով գնէ:

Share Button

Deja un comentario

Tu dirección de correo electrónico no será publicada. Los campos obligatorios están marcados con *

Media Partner