«The Guardian» Կ՛անդրադառնայ Ցեղասպանութիւնը Վերապրողներու Պատմութեան

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, անգլիական “The Guardian” թերթը Հայաստանի ու Սփիւռքի իր ընթերցողներուն առաջարկած էր պատմել, թէ ի՞նչ ազդեցութիւն ձգած է Ցեղասպանութիւնը անոնց ընտանիքներուն վրայ։
Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթին հաղորդած տեղեկութիւններով՝ այս նախագիծին արձագանգած են աւելի քան 500 ընթերցողներ՝ ուղարկելով նամակներ, լուսանկարներ եւ այլ նիւթեր, որոնց մէկ մասը ներկայացուած է թերթի կայքին վրայ, եւ որոնցմէ մէկն է Միսաք Ուրֆալեանի պատմածը. «Մեծ մայրս դուստր մը եւ մանչ զաւակ մը ունէր, երբ սկսած էին կոտորածներն ու տեղահանութիւնները։ Իր ամուսինը սպաննած էին, եւ ինք ստիպուեր էր փախչելու։ Ան չէր կրցած իր երկու զաւակները իրեն հետ առնել եւ ստիպուած՝ իր հնգամեայ աղջիկը թողած էր տեղւոյն եկեղեցւոյ աստիճաններուն վրայ եւ տղուն հետ միասին փախած էր անապատ։ Յետագային հաստատուած էր Լիբանան, ուր կրկին ամուսնացած էր եւ աշխարհ բերած էր հայրս։ Մեծ մայրս երբեք չգիտցաւ, թէ ի՛նչ եղաւ իր աղջկան ճակատագիրը։ Չեմ կրնար պատկերացնել, թէ ի՛նչ ցաւ ապրած է ան՝ կորսնցնելով իր աղջիկը։ Ինչ որ է, ան ամուր գտնուած է, երախաներ ունեցած է իր երկրորդ ամուսնութենէն եւ նոր ընտանիք մը կազմած է»։
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

