• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Թուրքիոյ Վճռաբեկ Դատարանը Չեղարկած է Հայկական Հիւանդանոցին Հողակտորը Վերադարձնելու Որոշումը

15.04.2016   07:46

Սթամպուլի Սուրբ Փրկիչ հայկական հիւանդանոցի հիմնադրամը կը շարունակէ իրաւական պայքարը՝ իրեն պատկանող եւ նախապէս պետութեան կողմէ բռնագրաւուած 48.259քմ մակերեսով տարածքի վերադարձման համար:

Թուրքիոյ հայկական «Ակօս» թերթը կը տեղեկացնէ, որ Զէյթինպուրնուի թաղապետարանը գործնականօրէն տարածքը վերադարձնելէ կը հրաժարի հայկական կողմին, թէեւ անիկա Սուրբ Փրկիչ հիմնադրամին յատկացուած է դեռ 2014-ի Հոկտեմբեր 22-ին` Թուրքիոյ հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութեան որոշումով:

Նշեալ որոշումէն ետք թաղապետարանը դատական գործ յարուցած է Հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութեան դէմ, սակայն Սթամպուլի վարչական դատարանը 2014-ի Դեկտեմբեր  29-ին հաստատած է անշարժ գոյքի` հայկական հիւանդանոցի հիմնադրամին վերադարձնելու որոշման օրինականութիւնը:

Զէյթինպուրնուի թաղապետարանը բողոքարկած է այս վճիռը վերաքննիչ դատարանին մօտ, որմէ ետք շատ կարճ ժամանակի մէջ տեղական դատարանի որոշումը չեղարկուած է: Սուրբ Փրկիչ հիմնադրամը եւ Հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութիւնը, ընդդիմանալով վերաքննիչ դատարանի այս վճիռին, դիմած են վերին ատեան` պահանջելով շտկել կայացած վճիռը:

Նշենք, որ Սթամպուլի Սուրբ Փրկիչ հայկական հիւանդանոցի հարեւանութեամբ գտնուող նշեալ հողատարածքը պետականացած էր 1974-ին` փաստաթուղթերու համաձայն սեփկանատէր չունենալու պատրուակով: Ատիկա հանրապետական Թուրքիոյ պատմութեան մէջ, պետութեան կողմէ գրաւուած ամենախոշոր հայկական անշարժ գոյքն է: Այդ տարածքին մէջ այժմ կը գտնուին Զէյթինպուրնուի մարզադաշտը, քաղաքապետարանին պատկանող փակ մարզասրահ ու կայանատեղ:

Share Button

Deja un comentario

Tu dirección de correo electrónico no será publicada. Los campos obligatorios están marcados con *

Media Partner