Գերմանիոյ Բոլոր Եկեղեցիներու Զանգերը Միաժամանակ Պիտի Ոգեկոչեն Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակը

Գերմանիոյ Միջեկեղեցական խորհուրդի տարեկան նիստին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի վերաբերեալ ընդունուած է պաշտօնական յայտարարութիւն, ուր կը նշուի, որ անցած է մէկ հարիւրամեակ, սակայն կատարուածը իր ծանր ազդեցութիւնը ձգած է ոչ միայն հայ ժողովուրդի, այեւ միջազգային հանրութեան վրայ: Այս մասին կը յայտնէ PanARMENIAN.Net-ը։
«2015-ին մենք կ’ոգեկոչենք Օսմանեան Կայսրութեան կողմէն իրագործած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը: 1915-1922 թուականներուն մէկ ու կէս միլիոն հայեր սպանուեցան, իսկ հազարներ ալ տեղահանուեցան իրենց տուներէն (ներկայ Թուրքիա) եւ աքսորուեցան: Այսօր աշխարհով մէկ սփռուած աւելի քան վեց միլիոնանոց հայկական սփիւռքը այդ ցեղասպանութեան տեսանելի հետեւանքն է:
Անցած է մէկ հարիւրամեակ, սակայն կատարուածը իր ծանր ազդեցութիւնը ձգած է ոչ միայն հայ ժողովուրդի, այլեւ միջազգային հանրութեան վրայ: Նոյնիսկ եթէ այսօր գրեթէ վերապրողներ չկան, ցաւի եւ անարդարութեան ճանաչումը կը շարունակէ մնալ արդիական:
Մենք կը յարգենք , յիշատակը՝ հայ, ինչպէս նաեւ շուրջ 600.000 արամէացի, ասորի եւ յոյն քրիստոնեաներու, ներառեալ կաթոլիկներու ու բողոքականներու, որոնք սպաննուեցան իրենց հայ եղբայրներու եւ քոյրերու հետ միասին: Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ջանքերը «հայ եկեղեցիներուն հնարաւորութիւն ընձեռել` իրենց ձայնը բարձրացնելու եւ պայքարելու 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան ճանաչման համար”, միշտ գնահատուած է հայ եկեղեցւոյ կողմէն”,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
www.panarmenian.net
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

