Հայաստանի Անկախութեան Նուիրուած Տօնակատարութիւն Փրակի Մէջ

Սեպտեմբեր 24-ին Չեխիոյ ՀՀ դեսպանութիւնը մայրաքաղաք Փրակի “Ինթըրքոնթինենթըլ” հիւրանոցին մէջ կազմակերպած է ընդունելութիւն` նուիրուած ՀՀ Անկախութեան 23-րդ տարեդարձին: Այս մասին կը հաղորդէ ԱԳՆ լրատուական ծառայութիւնը:
Ձեռնարկին մասնակցած են ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ էդուրադ Շարմազանովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, Չեխիոյ խորհրդարանի Ծերակոյտի փոխնախագահ Միլուշէ Հորսգան, Չեխիոյ արդիւնաբերութեան եւ առեւտրու նախարար Եեան Մլատեգը, ծերակուտականներ, պատգամաւորներ, երկրին մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, արտաքին գործոց նախարարութեան եւ այլ գերատեսչութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, մշակոյթի եւ արուեստի գործիչներ, լրագրողներ, հասարակական կազմակերպութիւններու, Չեխիոյ գործարար աշխարհի, Չեխիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր Հայաստանէն:
Ելոյթներով հանդէս եկած են Չեխիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Սէյրանեանը եւ Ծերակոյտի փոխնախագահ Միլուշէ Հորսգան: Դեսպանը հիւրերուն ներկայացուցած է ՀՀ անցած 23-ամեայ ուղին, անցեալի եւ ժամանակակից մարտահրաւէրները, անդրադարձած Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին, Հայող Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին, Հայաստանի եւ Եւրոպական միութեան համագործակցութեան: Դեսպանը իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է հայ-չեխական յարաբերութիւններու աննախադէպ վերելքին, խօսած է անոնց հեռանկարներուն, ինչպէս նաեւ` Չեխիոյ հայ համայնքի մասին:
Տիկին Հորսգան նոյնպէս անդրադարձած է վերջին երեք տարիներուն ընթացքին չեխ-հայկական գործակցութեան զարգացման զանազան բնագաւառներուն` ընդգծելով երկու երկիրներու ընդհանրութիւնները, յաջողութիւններն ու մարտահրաւէրները: Ան հպարտութեամբ նշած է, որ Չեխիան պատրաստակամ է շարունակելու աջակցութիւնը Հայաստանի մէջ ընթացող բարեփոխումներուն:
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

