• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Օպամա Պէտք Է Մասնակցի Արցախի Տագնապը Լուծելու Ջանքերուն. Պրայզա

27.08.2014   11:58

Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի նախկին համանախագահ Մեթիու Պրայզա յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է յաւելեալ ջանք տանի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բանակցային հոլովոյթին մէջ յառաջընթացի մը հասնելու ուղղութեամբ։ Ան աւելցուցած է, որ բանակցութիւններուն իրենց անմիջական մասնակցութիւնը պէտք է բերեն նաեւ նախագահ Պարաք Օպաման ու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերին։

Պրայզա յայտնած է նաեւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին լուծումով զբաղող ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահ երկիրները՝ Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա եւ Ռուսիա, նաեւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի անդամներ են, ինչ որ, ըստ Պրայզայի՝ կրնայ յանգեցնել Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին որդեգրած չորս բանաձեւերու պահանջներու կատարման։

Share Button

Deja un comentario

Tu dirección de correo electrónico no será publicada. Los campos obligatorios están marcados con *

Media Partner