«Թուրքիան Պիտի Չհանգստանայ Առանց Առերեսուելու Հայոց Ցեղասպանութեան Հետ». Ամերիկացի Գործիչ

Ամերիկացի 36ամեայ հոգեւոր գործիչ Սեպասթիան Ճէյմզ վերջերս հրատարակած իր՝ «Սպասուող Զարթօնք» գիրքին մէջ առաջադրած է այն գլխաւոր միտքը, որ՝ «առանց առերեսուելու Հայոց Ցեղասպանութեան հետ, Թուրքիան պիտի չհանգստանայ»:
«Ակօս»ին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Սեպասթիան Ճէյմզ ըսած է, որ կեանքի վերջին 12 տարիները անցուցած է Թուրքիոյ, Սուրիոյ, Փաքիստանի եւ Պաղեստինի մէջ՝ «Աստուածաշուն»չ բաժնելով, ուսումնասիրած է քրիստոնեաներուն կեանքը այդ երկիրներուն մէջ եւ փորձած է հասկնալ, թէ ինչո՛ւ այդ տարածքներուն մէջ նախապէս բնակչութեան մեկ երրորդը կազմող քրիստոնեաներուն թիւը այժմ աննշան է: «Յիշեալ երկիրներուն մէջ, Աֆղանիստանէն ետք ներկայիս ամէնէն փոքր թիւով քրիստոնեաներ կան Թուրքիոյ մէջ, մինչ 100 տարի առաջ այդ երկրի բնակչութեան 33 տոկոսը քրիստոնեայ էր: Քրիստոնեայ բնակչութեան թիւի այդ տարողութեամբ նուազիլը զիս մղեց մտածելու այս երեւոյթի պատճառներու բացայայտման մասին։ Թուրքիոյ մէջ ժողովուրդին սուտ բաներ կը սորվեցնեն։ Այդ սուտերը նաեւ առնչուած են այդ երկրին մէջ նախապէս ապրած քրիստոնեաներուն, քրիստոնէութեան եւ անմիջականօրէն Սուրբ Գիրքին հետ: Շատ սուտ բաներ կ՛ըսուին նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Ասոր նպատակը միայն իրենց գործած մեղքը քօղարկելը չէ, այլ ըսելով, թէ՝ «այդ բանը մենք չենք ըրած, անոնք ըրած են», կը զրպարտեն հայերը: Այսինքն՝ նոր յանցանք կը գործեն», յայտնած է ամերիկացի գործիչը։
Սեպասթիան Ճէյմզ խօսած է նաեւ «Սպասուող Զարթօնք» գիրքին գլխաւոր միտքին մասին. «Թուրքիան պէտք է առերեսուի Հայոց Ցեղասպանութեան եւ յունական, ասորական հասարակութիւններու, նաեւ միւս քրիստոնեաներուն այս երկրէն հեռանալով աւարտած կացութեան, 1894-1923 թուականներուն տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն հետ: Թրքական հասարակութիւնը այսօր պէտք է խոստովանի անցեալին հայերուն նկատմամբ իրենց կատարած մեղքը եւ ներում հայցէ այս երկրի հնամեայ քրիստոնեայ հասարակութիւններէն: Առանց ասոր, յատկապէս՝ հոգեբանական իմաստով, անկարելի է, որ Թուրքիան խաղաղութիւն եւ հանգստութիւն ձեռք բերէ»:
Ճէյմզ նաեւ խօսած է ապագային կատարելիք ծրագիրի մը մասին։ «Կ՛ուզեմ թուրք, քիւրտ եւ քրիստոնեայ հոգեւոր գործիչներու հետ պատրաստել միացեալ գրութիւն մը, որուն մէջ պէտք է կոչ ուղղուի՝ առերեսուելու Հայոց Ցեղասպանութեան ու քրիստոնեաներուն նկատմամբ կատարուած վատ արարքներուն հետ եւ ներում հայցելու: Ասիկա պիտի ըլլայ հայերէն, ասորիներէն, յոյներէն եւ այս երկրին մէջ հնաւորուրց քրիստոնեայ հանրութիւններէն ներում հայցող գրութիւն մը»։
armenpress.am
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

