• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻՆ ՄԱՍԻՆ ԲԱՆԱՁԵՒԸ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒԵՑԱՒ

30.06.2014   08:36

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Էտ Ռոյսի նախաձեռնութեամբ, Հինգշաբթի, Յունիս 26ին քննարկուած եւ քուէարկութեան դրուած՝ Թուրքիոյ մէջ կրօնական ազատութիւններուն առնչուող երկկուսակցական բանաձեւը (HR-4347), վաւերացուած է յանձնախումբին կողմէ, հակառակ զայն ձախողութեան մատնելու թրքական ջանքերուն։

Բանաձեւին նպատակն է երաշխաւորել Թուրքիա գտնուող քրիստոնէական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը եւ հազարաւոր քրիստոնէական եկեղեցիներու եւ եկեղեցական գոյքի վերադարձը:

Բանաձեւը Ռոյսի եւ քոնկրեսական Էլիըթ Էնկըլի կողմէ ներկայացուած էր Մարտին:

Բանաձեւին մէջ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններէն կը պահանջուի տարեկան դրութեամբ զեկոյց ներկայացնել Թուրքիոյ եւ գրաւեալ Կիպրոսի բռնագրաւուած եկեղեցիներու եւ կրօնական կալուածներու վիճակին, ինչպէս նաեւ անոնց վերադարձը ապահովելու աշխատանքին մասին:

Բանաձեւին իբրեւ հիմք ծառայած է քրիստոնէական տաճարներու պարտադիր վերադարձին մասին 2011ի Դեկտեմբեր 13ին վաւերացուած թիւ 306 բանաձեւը, որ օրին ներկայացուած էր Ռոյսի եւ Հաուըրտ Պըրմընի կողմէ:

Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը կը շարունակուի Թուրքիոյ մէջ եւ մէկ օղակը կը հանդիսանայ սուլթանական, երիտթրքական, ինչպէս նաեւ քեմալական-հանրապետական վարչակարգերուն կողմէ գործադրուած՝ Հայկական Հարցը ,լուծելեու միտող քաղաքականութեան: Հակառակ հայկական յուշարձաններուն վերաբերեալ հոգատար ըլլալու թրքական իշխանութիւններուն կատարած բարձրաձայն յայտարարութիւններուն, Անգարա չէ դադրեցուցած հայկական յուշարձաններու ոչնչացումը կամ թրքացնելու փորձերը: Թուրքերուն կողմէ բռնագրաւուած հիւսիսային Կիպրոսի մէջ եւս քրիստոնէական ժառանգութիւնը ոչնչացնելու աշխատանքը կը շարունակուի։

Share Button

Deja un comentario

Tu dirección de correo electrónico no será publicada. Los campos obligatorios están marcados con *

Media Partner