Խուռներամ էր Զապէլ Մովսէսեան հանդիսասրահը9 27 Յունիս 2015, երեկոյեան ժամը 6:30ին:
Լեւոն Կ. Նազարեան վարժարանը տօնական օր մը կ0ապրէր. 19 պարման-պարմանուհիներ շրջանաւարտ կ0ըլլային, թէ՛ իրենք այդ ուրախութիւնը վայելելով, թէ՛ ծնողներն ու հարազատները, թէ՛ տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը:
Շրջանաւարտները երջանիկ էին իրենց ստանալիք թանկագին վկայականներուն համար:
Ծնողները ցնծութեան մէջ էին, ի տես իրենց զաւակներուն արձանագրած յաջողութեան:
Տնօրէնութիւն եւ ուսուցիչներ հպարտ էին իրենց դաստիարակած սերունդին շրջանաւարտութեան համար:
Այս հոգեպարար պահը ըմբոշխնելու համար, ներկայ էին9 հանդէսը հովանաւորող ՀԲԸՄիութեան Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբը, ատենապետուհի9 Տիկ. Սիլվա Լիպարիտեանով, անդամներ9 Տիկ. Սինթիա Մենտիլեանով, Պրն. Մայք Կիրիթլեանով, Միութեան վարժարաններու ընդհանուր տնօրէն Պրն. Արա Վասիլեանով, նաեւ նախկին Նազարեանցիներով եւ յարգելի հիւրերով, անշուշտ, ծնողներու ու հարազատներու կողքին:
Բեմը գեղազարդարուած էր Արարատեան դաշտի եւ Արարատ լերան պայծառատես պաստառով, նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի յայտարարութեամբ, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի եւ Անմոռուկներու տպաւորիչ ցուցադրութեամբ:
Այսպիսի վառ ու ջերմ մթնոլորտի մէջ, շրջանաւարտները, խրոխտ քայլելով մուտք գործեցին սրահ, երաժշտական յատուկ նուագակցութեամբ, մինչ հանդիսականները ծափահարութեամբ ողջունեցին անոնց գալուստը:
Լիբանանի, Հայաստանի ու ՀԲԸՄիութեան քայլերգներու յոտընկայս ունկնդրութենէն ետք, դաստիարակուհի Տիկ. Յասմիկ Տեմիրճեան, յաւուր պատշաճի բացումը կատարեց հանդէսին, նախ9 կարեւորելով կրթական այս հունձքին հոգեպարարութիւնը, ապա, շեշտելով շրջանաւարտներուն Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած ըլլալու անոր իրողութիւնը (խօսքը9 առանձին):
Ուշագրաւ ու տպաւորիչ էր շրջանաւարտ-շրջանաւարտուհիներու Գէորգ Էմինի «Յաւերժի Ճամբորդը» պոէմէն հատուածներու ներկայացումը, մերթ ընդ մերթ, գեղարուեստական իւրաքանչիւր ելոյթէ ետք, անհատական թէ հաւաքական արտասանութեամբ, ինչ որ հանդիսութեան տուաւ յատուկ խորհուրդ ու հմայք:
Հայկական պարը9 Կոմիտասեան «երկինքն ամպել ա…»ով, կատարողութեամբ շրջանաւարտուհիներ Սելեսդա Կէօքճեանի եւ Լոռի Տաքէսեանի նազելաճեմ շարժումներուն, ներկաներուն մօտ ստեղծեց բարձր տրամադրութիւն, իսկ շրջանաւարտուհի Լէա Շիր Յակոբեան, դաշնամուրի վրայ նուագեց հաճելի կտոր մը9 Kabalevsky-ի “Toccatina”-ն:
Շրջանաւարտուհիներու «Մոկաց հարսեր» պարը առաւել ջերմացուց մթնոլորտը, որուն յաջորդեց Լոռի Տաքէսեանի թաւ ջութակային ելոյթը9 “Vocalise” (Մ. Մազմանեան) եւ «Շողեր Ջան» (Կոմիտաս), Էմինէն ընթերցումներու զուգակցութեամբ:
«Սասնայ Պար»ը, ապա9 «Ջան Հայաստան» խմբերգը արդէն ներկաներուն ոգեւորութիւնը աւելի բարձրացուց եւ հոգիները առինքնեց:
Կարգը եկած էր մրցանակաբաշխութեան (վարքի, ուսման, ընկերասիրութեան, ծառայասիրութեան), որուն համար բեմ հրաւիրուեցան Տիկ. Ցոլինէ Էմայեան, Պրն. Արա Վասիլեան, Պրն. Պերճ Արապեան եւ «Խօսնակ» ամսաթերթի խմբագիր Պրն. Համբիկ Մարտիրոսեան, բաշխելու մրցանակները:
Տնօրէնութեան խօսքը արտասանեց, տեսչուհի Տիկ. Ցոլինէ Էլմայեան, որ ողջունելէ եւ շնորհաւորելէ ետք շրջանաւարտները, ներկայացուց վարժարանին գործունէութեան համապարփակ պատկերը, որ մեծապէս գնահատուեցաւ ծնողներուն կողմէ (Խօսքը9 առանձին):
Այնուհետեւ, հանդիսաւորապէս բեմ բարձրացան աւարտականները, ունկնդրելու համար օրուան «հուսք բանքը»ը ներկայացնող9 Պրն. Պերճ Արապեանին, որ եղած է Նազարեան վարժարանէն շրջանաւարտ մը (1968-1969), նաեւ գործօն մասնակցութիւն մը ունեցած է միութենական-հասարակական կեանքին մէջ:
Պրն. Արապեան հաղորդական ոճով մը իր մտորումներուն եւ յորդորները արտայայտեց, իր դպրոցական պատանեկան փորձառութենէն եւ յուշերէն պատառիկներ փոխանցելով եւ այդ բոլորը համեմելով մեր մեծանուն գրողներէն վկայութիւններ տալով, մասնայատուկ շահեկանութեամբ մը (խօսքը9 առանձին):
Հուսկ9 աշակերտական ուղերձներով հանդէս եկան հետեւեալ շրջանաւարտները.
– Լէա Շիր Յակոբեան9 Ֆրանսերէնով
– Նարեկ Կիւրիւնեան9 Անգլերէնով
– Սելեսդա Կէօքճեան9 Արաբերէնով
– Սթեֆանի Կիրակոսեան9 Հայերէնով
Չորսն ալ, իրենց երախտիքի եւ շնորհակալիքի խօսքը ուղղեցին իրենց ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն, իրենց ինքնութեան կառչած մնալու վճռակամութեան եւ հաւատարիմ9 իրենց հայեցի դաստիարակութեան ոգիին:
Պահը հասած էր վկայականներու բաշխման, որուն համար բեմ հրաւիրուեցան9 Տիկ. Սիլվա Լիպարիտեան, Տիկ. Սինթիա Մենտիլեան, Պրն. Մայք Կիրիթլեան, ընդհանուր տնօրէն Պրն. Արա Վասիլեան եւ տեսչուհի Տիկ. Ցոլինէ Էլմայեան, որոնք պաշտօնապէս վկայականները յանձնեցին շրջանաւարտ-շրջանաւարտուհիներուն, ներկաներուն բուռն ծափողջոյններուն տակ:
Աւարտին, շրջանաւարտները խմբովին երգեցին «Նազարեանի քայլերգ»ը, որպէս հրաժեշտի արտայայտութիւն, որմէ ետք, ընդունեցին իրենց ծնողներուն,, դաստիարակներուն եւ ընդհանրապէս ներկաներուն շնորհաորանքները, իսկ սրահի մուտքին, շատեր յամեցան ակնդիրը դառնալու Նազարեանցիներու արուեստի գողտրիկ գործերուն:
Սիրելի Աւարտականներ:
Որքան պիտի ուզէի որ հրաշք մը պատահեր ու ես ալ վերադառնայի մանկութեանս ու պատանեկութեանս եւ ձեր հետ ըլլայի աւարտական դասարանի այդ նոյն շարքերուն մէջ: 46 տարի առաջ էր այդ, ափսո՜ս որ չի կրկնուիր:
Յիսուն երեք տարիներ անցան այն օրէն երբ առաջին անգամ ոտք դրինք այս պատուական դպրոցին՝ Հ.Բ.Ը. Միութեան Լեւոն Կ. Նազարեան վարժարանէն ներս՝ որպէս մանկապարտէզի աւարտական դասարանի աշակերտ:
Դեր մանուկ հասակին՝ մենք ալ ձեզ նման արտասանեցինք Ազգին ու Քրիստոնէութեան համար նահատակուած «… քաջ Վարդանի թոռն եմ ես»ը, երգեցինք «Հիմի էլ լռենքը» ու այդպէս իմացանք թէ հայերս, առաջին քրիստոնէայ պետականութիւնն էինք աշխարհի վրայ: Տասնեակ՝ տասնեա՛կ տարիներ ետք միայն գիտակցելու համար թէ որքան կարեւոր եւ խորիմաստ է քրիստոնէութեան ուսուցանած վարդապետութիւնը՝ Հաւատքը, Յոյսը եւ Սէրը:
Հաւատացէք ձեր երազներուն ու պիտի իրականան անոնք, լաւ իմացէք թէ՝ Յոյսը մեծագոյն զէնքն է կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն դէմ կարենալ պայքարելու համար, իսկ սիրով է որ միայն կ’ազնուանայ ձեր հոգին, կ’ամրանայ ձեր ինքնավստահութիւնը:
Աւելի ոյշ, մեր այս սիրելի դպրոցի կամարներուն տակ, հպարտութեամբ արտասանեցինք Պարոյր Սեւակի «Մենք քիչ ենք, Այո՛, բայց կոչվում ենք Հա՛յ»ը եւ ասմունքն աւարտեցինք. «կա՛նք, պիտի լինե՛նք, եւ դե՜ր ..շատանանք»ով:
Չմորցանք Թումանեանի «Ապրէ՛ք երեխէք, բայց մեզ պէս չ’ապրէք»ը:
Հայերէնի դասագրքին առաջին էջին վրայ, գրեթէ ամէն օր կ’արդացինք, Սիլվա Կապուտիկեանի նման հայ մօր մը իր հարազատ զաւկին ու հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն տուած խորհորդը. «… թէ մօրդ անգամ մտգիցդ հանես, քո մայր լեզուն չմոռանաս»ը. անշուշտ շա՛տ, շա՜տ աւելի ոյշ գիտակցտելու եւ գնահատելու համար այդ կեցուածքին կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը հայ իրականութեան մէջ:
Սորվեցանք աղիւսակ, թուաբանութիւն, հաշիւ: Թուաբանութիւնն էր բոլո՜ր գիտութիւններու բանալին՝ նոյնիսկ եւ բժշկութեան: Բայց այս բոլորէն աւելի՝ թուաբանական պարզ խնդիրները լուծելուն ընդմէջէն, սորվեցանք նաեւ շատ աւելի կարեւորը՝ տրամաբանական յաջորդականութիւնը եւ յաջորդականութեան տրամաբանութիւնը: Պարզ բառերով՝ տրամաբանութիւնը:
Մեր ուսուցիչները, ուսման կողքին սորվեցուցին մեզի, թէ՝«կամքը, աշխատանքն ու կորովը»այն երեք ձիրքերն էին որոնք կեանքի մեր պայքարին մէջ անպայման յաջողութիւն պիտի բերէին մեզի:
Բոլորդ, բոլորս, անդամներն ենք Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան: Արդեոք կա՞յ բարեգործութէնէ աւելի մե՛ծ հարստութիւն մը որ պիտի շարունակէ մնալ նոյնիսկ երբ մենք չկանք այլեւս: Միութեան պարզ անդամներն էք այսօր, բայց վաղը՝ եղէք գործունեայ անդամ, ցմահ կ’առչած մնալով Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան: Այն Միութեան որ ձեզի՛, մեզի՛ ու իր երդիկին տակ եղող բոլո՜ր, բոլորի՛ն սորվեցուց թէ՝ «Միութիւնը զօրութիւն է»: Միութիւն մը՝ որ Ընդհանուրի՛ն, ամբո՜ղջ Հայութեան կը պատկանի եւ ոչ թէ հատուածական փոքր մէկ մասնիկին, եւ թէ հայը ազգաշինութեան վսե՜մ գործին շուրջ, պէտք է միանայ ու ըլլայ «Մէ՛կ սիրտ, Մէ՛կ հոգի»:
Աւարտական ձեր վկայականներուն համար, ձեր ծնողները որքա՜ն հպարտ են այսօր: Մաղթանքս է որ յառաջիկային օր մը դուք ալ հպարտանաք ձեր զաւակներուն վկայականներով՝ ու միայն այն ատեն պիտի կարենաք գնահատել ու գիտնալ թէ ինչ մեծ զոհողութիւն կ’ենթադրէ ծնողք ըլլալը:
Երանի՜, կարենայի գերբնական կարգադրութեամբ մը վերադառնալ մանկութեանս ու պատանեկութեանս: Հրաշք մը պատահեր այսօր, գուցէ եւ միայն մէկ օրուայ համար եւ իմ շուրջ ունենայի Նազարեան Վարժարանի իմ Տնօրէնն ու ուսուցիչ ուսուցչուհիներս:
Տար Աստուած որ քոնէ վարկյեանի մը համար վերադառնային անդէնական Աշխարհէն ու ես խոնարհաբար համբուրէի անոնց հոգնաջան ձեռքերն ու հոգնատանջ ճակատները: Այն ձեռքերը որոնք ձեռագործի նման հիւսեցին մեզ եւ այն ճակատները որոնց ետին գտնուող միտքն ու ոգին տքնաջան կերպով աշխատեցաւ կազմաւորելու համար մեր միտքն ու հոգին: Ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, որոնք նուիրումով իրագործեցին իրենց վստահուած առաքելութիւնը` այն ինչ, որ ձեր պատոարժան Տնօրէնն ու ուսուցչական կազմը կը կատարէ այսօր:
Սիրելի Նազարեանցիներ: Ուսումը վերջակէտ չի՛ ճանչնար: Միակ հարստութիւնը որ կը պատկանի ձեզի ու մի միայն ձեզի, մեծագոյն գանձը որ ձեր հետ կը տանիք ու ընդմիշտ կը մնայ ձեր հետ՝ ձեր ստացած ուսումը, գիտութիւնն ու կրթութիւնն է:
Ա՛խ երանի՜ կարենաք արժեւորել զայն:
Պերճ Արապեան
27 Յունիս 2015
Պերճ Արապեան
Աւարտած է Նազարեան Վարժարանի Մանկապարտէզն ու նախակրթարանը: Յովակիմեան Մանուկեան վարժարանն աւարտելէն ետք, պաշտօնավարած է Լեւոն Նազարեան առեւտրական ընկերութեան մէջ: Հ.Ե.Ը.ի սկաուտական շարքերէն ներս եղած է Ընդհանուր Խմբապետ, հիմնած Սկուտական «Առաջնորդ» պարբերաթերթը եւ վարած Վեթերան Սկուտներու Համախմբումին Ատենապետութիւնը:
Կրկնակի վեթերան Հ.Բ.Ը.Միութեան: Երկար տարիներ եղած է «Խօսնակ Պատանեկան»ի խմբագրական Կազմին մնայուն անդամ: Յօդուածներ ստորագրած է «Խօսնակ», «Զարթօնք», «Արարատ», «Ազդակ»,«Մարմարա»,«Նոր Օր» եւ այլ թերթերու մէջ: Ատենապետ՝ Լիբանանի Զէյթունի Հայրենակցական Միութեան: Խորհրդական «Լիբանանի Վարպետ Ոսկերիչներու եւ Գոհարգործներու Սենտիքայ»ին: Հիմնադիր, վարչական անդամ եւ Ատենադպիր՝ «Լիբանան-Հայաստան բարեկամական Միութեան», ինչպէս նաեւ հիմնադիր եւ Գանձապահ «Զուիցերիա-Լիբանան Գործարարներու խորհուրդին»:
Դժուարութիւնները մարդ արարածին կը մղեն յարատեւութեան, յատարեւութիւնը՝ նկարագրի կերտման, իսկ նկարագիրը՝ յոյսի… եւ յոյսը մարդուս մտքին ու հոգիին խարիսխն է՝ ամուր ու զօրաւոր:
Յարգելի հիւրեր, սիրելի ծնողներ, հարազատներ եւ բարեկամներ,
Ահա անցած է դար մը, 100 տարիներ, որուն ընթացքին հայ ժողովուրդը նեղութիւններու եւ տեղահանութեան դժուար ճամբէն անցնելով՝յարատեւեց եւ ամէն ճիգ թափեց պահելու ազգ եւ հաւատք, լեզու եւ ինքնութիւն, նկարագիր եւ յոյս:
Այսօր, մենք բոլորս կը գոյատեւենք, որպէս արժանի սերունդ այն նկարագրի տէր մարդոց, որոնք հաւատքով անցան դժուարութիւններու հովիտէն, յարատեւեցին եւ իրենց կեանքը նուիրուեցին ի խնդիր ազգի ու լեզուի պահպամնման:
Տարագրեալ, սակայն յոյսով եւ եռանդով լեցուն՝ շարունակեցինք մեր ընթացքը:
Եւ ահա հայ դպրոցը մեծագոյն ապացոյցներէն մին է որ հայ ժողովուրդը կայ ու կը մնայ եւ պիտի յարատեւէ, քանի որ ան ամուր պահելով իր անցեալի հարստութիւնը ունի նաեւ ապագայի յոյս, յոյս մը որ այս դժուարութիւններով եւ մարտահրաւէրներով լեցուն ծովուն մէջ իր խարիսխը ամուր նետած է կեանքի ջուրերու խորքը:
Յոյսը կը տեսնէ անտեսանելին, կը զգայ անշօշափելին, եւ կը հասնի անհասանելիին…
Մեր նախահայրերուն նման, հաւատարիմ մնալով անոնց զոհողութեան, միեւնոյն ժամանակ կառչելով անոնց յոյսի խարիսխին, մենք եւս Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան յարկին տակ, կը ջանանք մեր ուխտը եւ խոստումը պահել Լեւոն Կ. Նազարեան Վարժարանէն ներս, շարունակելով այն առաքելութիւնը որ ստանցնեցինք մեր նախահայրերէն եւ որուն յանձնառու կ՛ուզենք մնալ՝ յոյսով սերմեր ցանելու ապագայ հայ ազգի զաւակներուն մտքերուն, սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ: Սերմեր հայ լեզուի, հայ մշակոյթի, հայ երաժշտութեան եւ արուեստի, ընդհանուր գիտութեան եւ զարգացման, վերլուծման եւ տրամաբանութեան, ապագայի յոյսի եւ յարատեւութեան, նկարագրի կերտման եւ այն գիտակցութեան թէ մարդուս համար աւելի լաւ է տալը քան առնելը…
Այս բոլորը որպէս նպատակակէտ ունենալով անցնող 2014-2015 տարեշրջանը սահուն եւ արդիւնաւէտ ընթացաւ՝ տնօրէնութիւն, ուսուցիչ, աշակերտ եւ ծնողք համագործակցական աշխատանքով:
Դպրոցական կեանքն ու առօրեան բեղուն էր զանազան տեսակի ուսումնական-դաստիարակչական աշխատանքներով, գեղարուեստական-մշակութային ձեռնարկներով եւ շաբաթական ատենամարզանքներու աշխոյժ ու տպաւորիչ յայտագիրներով, որոնք մեր աշակերտներուն միտքն ու հոգին լեցուցին գիտութեամբ եւ ազնւութեամբ, ինչպէս նաեւ բարոյական եւ ընկերային դաստիարակութեամբ:
Ինչպէս անցնող տարեշրջաններուն, այս տարի եւս մեր աշակերտները մասնակցեցան զանազան արտադպրոցական թատրոններու եւ պտոյտներու, ինչպէս ՀԵԸ-ի Արին Պարախումբի Տարեկան Ելոյթը եւ Kids Mondo-ն, ՀԲԸ Միութեան վարժարաններու միացեալ մարզական օրը՝ ուր նշուեցաւ Միութեանս 109րդ տարեդարձը, ինչպէս նաեւ նախակրթարանի Դ, Ե եւ Զ դասարաններու աշակերտները մասնակցեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակին նուիրուած Հայոց Պատմութեան եւ Մշակոյթի մրցանքին՝ նախաձեռնութեամբ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբին: Նշենք, թէ այս մրցանքին՝ Նազարեան Վարժարանէն 9 աշակերտներ մրցանակի արժանացան, որոնք ամավերջի ծնողական ժողովին ընթացքին պիտի ստանան իրենց արժէքաւոր նուէրները՝ նորագոյն արհեստագիտութեամբ օժտուած tablet-ներ:
Կատարողութեամբ մեր վարժարաններու աշակերտներուն, Եղեռնի 100 ամեակի նուիրուած «Փիւնիկի Սլացք» երգչախմբային համերգը մեծ յաջողութիւն արձագանգեց ներկաներուն հոգիներուն եւ յիշողութեան մէջ:
Ապրիլ ամսուն, Ե եւ Զ դասարանները կազմակերպեցին կարկանդակի յաջող վաճառք մը որուն հասոյթով անոնք կրցան գրենական պիտոյքներ նուիրել Զուարթնոց Կեդրոնի աշակերտներուն: Աւելի յատկանշականը այն էր, թէ անոնք առիթը ունեցան այցելելու կեդրոնը եւ անձնապէս յանձնելու այդ նուէրները, անհատապէս իրար ծանօթանալով եւ միասին հաճելի ժամանակ մը անցընելով:
Նոյն ընթացքով, մեր զոյգ դասարաններու աշակերտները, իրենց դաստիարակներուն առաջնորդութեամբ այցելեցին երեք յարանուանութիւններուն պատկանող տարբեր եկեղեցիներ, մանրամասնօրէն ծանօթացան իւրաքանչիւրին եւ մասնակցեցան արեւագալի արարողութեան: Անոնք այցելեցին նաեւ Հայկազեան համալսարանը ուր յատկանշական եղաւ իւրաքանչիւրին տպաւորութիւնը եւ յոյսով ու տեսիլքով ներշնչուած վերադաձան անոնք տուն:
Մեր աշակերտներէն ոմանք մասնակցեցան զանազան միջ-դպրոցական մրցումներու՝որոնցը նթացքին արժանացան տարբեր մրցանակներու, ինչպէս ընթերցանութեան, ասմունքի եւ ճատրակի:
Այս տարի եւս նախակրթարանի մեր աշակերտներէն խումբ մը երգ ու պարով իր մասնակցութիւնը բերաւ միջ-բարեսիրականի Հայ մամիկներու եւ պապիկներու համար կազմակերպած Ամանորի նախաճաշին:
Վարժարանիս Ծնողաց Յանձնախումբի կազմակերպած Ամանորեայ խաղալիքներու վաճառքը դրական արձագանք ունեցաւ, որուն ընթացքին եւս մեր մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի աշակերտները գեղարուեստական յայտագրով ու պարով ելոյթ եկան:
Յարգանք, Պատասխանտուութեան գիտակցութիւն, Վստահելիութիւն, Արդարամտութիւն, Հոգատարութիւն եւ Քաղաքացիութիւն: Շարունակուեցաւ մեր աշակերտներուն առօրեան սնուիլ այսպիսի առաքինութիւններով եւ գործնական փոխ-յարաբերութիւններով՝ շօշափելի փոփոխութիւն բերելով անոնց կեանքին եւ ապագայի աշխատանքներուն եւ որոշումներուն մէջ:
Մեր աշակերտներուն տարեկան աշխատանքներէն , յատկապէս նկարչութեան եւ ձեռային դասընթացքներէն փոքր եւ գեղեցիկ փունջ մը հրամցուած է նաեւ այսօր ձեզի այս սրահէն ներս: Բարի եկած էք բոլորդ վայելելու ապագայի արուեստագետներու «առաջին քայլերը»:
Շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն ՀԲԸՄիութեան Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովին, Կրթական Յանձնախումբին ու բոլոր բարերարներուն իրենց ցուցաբերած նիւթական եւ բարոյական նեցուկին համար: Շնորհակալութիւն նաեւ վարժարանիս Տիկնանց Օժանդակ մարմնի եւ Ծնողաց Յանձնախումբի անդամներուն իրենց անշահախնդիր աշխատանքին համար:
Նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն Գալուստ Կիւլպէնքեան եւ Հաուըրտ Գարակէօզեան հաստատութիւններուն, World Vision-ին, Տոքթ Լեւոն Աւագեանին, Մեծարգոյ երեսփոխան՝ Տիար Շանթ Չինչինեանին, Խորհրդատու՝ Օրդ Միրիամ Սալխանեանին, ՀԵԸ-ի Երիտասարդ Մասնագետներու (Young Profesionals)-ին՝ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի դասարաններուն նուիրած AC-ներուն համար, Trade Plus հաստատութեան, Ժպիտ Յանձնախումբին, Սին էլ Ֆիլի քաղաքապետութեան, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան ակումբին, նուիրատու բոլոր անձնաւորութիւններուն եւ ծաղկեկողով նուիրով ծնողներուն:
Շնորհակալութիւն նախակրթարանի ուսուցչական կազմին իրենց տարած տքնաջան աշխատանքին համար: Շնորհակալութիւն նաեւ բոլոր անոնց որոնք ձեռք տուին այսօրուան հանդիսութեան պատրաստութեան: Շնորհակալութիւն Տիկ. Յասմիկ Տէմիրճեանին, Տիկ. Հայարփի Ճերեճեանին եւ Տիկ. Նորա Եղիայեանին: Յատուկ շնորհակալութիւն Տիկ. Թամարա ՇիրՅակոբեանին բեմի գեղեցիկ հարդարումին համար: Ուժերնիդ անսպառ մնայ…
Շնորհակալութիւն ձեզ սիրելի ծնողներ որ անցնող տարիներուն ձեր զաւակները վստահեցաք Լեւոն Կ. Նազարեան վարժարանի ուսուցման եւ դաստիարակութեան առաքելութեան ու աշխատանքին, եւ վստահ ենք թէ պիտի շարունակէք վստահիլ զանոնք եկող տարիներուն Միութեանս Դարուհի-Յովակիմեան վարժարանին:
Վարժարանիս տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին անունով՝ սրտանց կը շնորհաւորենք մեր սիրելի շրջանաւարտները………եւ բոլոր ծնողներն ու հարազատները: Շնորհակալութիւն
Այժմ եկէք միասնաբար, մեծ ուրախութեամբ, բեմ հրաւիրենք 2014-2015 տարեշրջանի ՀԲԸՄ-ի Լեւոն Նազարեան Վարժարանի մեր սիրելի շրջանաւարտ-շրջանաւարտուհիները:
Ցոլինէ Էլմայեան





