Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հովանիին Ներքեւ Գործող Զոյգ Թանգարանները Իրենց Մասնակցութիւնը Բերին Միջ-Լիբանանեան Թանգարաններու Երեկոյին

Այս տարի եւս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին ներքեւ գործող «ԿԻԼԻԿԻԱ» եւ Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանները իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան կողմէ ամէն տարի կազմակերպուող «Թանգարաններու Երեկոյ»ին (Museum Night):
Արդարեւ, Ուրբաթ 7 Ապրիլ, 2017-ի երեկոյեան ժամը 5:00-էն սկսեալ, կաթողիկոսարանիս զոյգ թանգարանները ընդունեցին տեղացի եւ օտար աւելի քան երեք հարիւր յիսուն այցելուներ:
Այցելուները Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գործող «Կիլիկիա» թանգարանին ճամբով մօտէն ծանօթացան հայ եկեղեցւոյ պատմական հարուստ անցեալին, հայկական մշակոյթին, արուեստին ու ստեղծագործութեան: Տեղացի եւ օտար այցելուները յատկապէս հիացմունքով դիտեցին Սիսի Կաթողիկոսարանէն փրկուած եկեղեցական զգեստներն ու սպասները, որոնք, իրենց իսկ վկայութեամբ, պերճախօս արտայայտութիւնն են հայ ժողովուրդի ունեցած անկոտրում հաւատքին:
Միաժամանակ, Ճիպէյլի մէջ հաստատուած Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարանը իր կարգին, տեղացի եւ օտար այցելուներուն, տեղադրուած յօդուածներով, ցուցադրուած նկարներով եւ պատմական տեսերիզներու ճամբով ծանօթացուց 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք հայ ժողովուրդի դժուար, սակայն գոյատեւելու վճռական պայքարին, Ցեղասպանութենէն վերապրած որբերու ներքին կեանքին եւ մանաւանդ դանիացի միսիոնարուհի՝ Մարիա Ճէյքըպսընի նուիրական առաքելութեան մասին:
«Թանգարաններու Երեկոյ»ն անգամ մը եւս առիթ հանդիսացաւ, որ տեղացիներն ու օտարները հպարտութեամբ արտայայտուին հայ ժողովուրդի ունեցած աննկուն կամքին եւ շինելու ու ստեղծագործելու անսպառ շնորհքին մասին:
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

