• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Ապրիլեան Քառօրեայ Պատերազմի Զոհերու Յիշատակին Նուիրուած Արարողութիւն Պաթումիի Մէջ

07.04.2017   07:43

Ապրիլ 2-ին, Պաթումիի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ ՀԱԵ Վիրահայոց թեմի հոգեւոր հովիւ Տէր Արարատ քահանայ Գումբալեանի մատուցմամբ՝ կատարուած է հոգեհանգստեան կարգ` նուիրուած 2 Ապրիլ, 2016-ին Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած քառօրեայ պատերազմին հետեւանքով զոհուած հայ մարտիկներուն: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Հայերն այսօր»-ը։

Այնուհետեւ, ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան, հայկական համայնքային կառոյցներու եւ անհատներու կողմէ տեղի ունեցած է ծաղկեդրման արարողութիւն՝ եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղակայուած խաչքարին մօտ:

Ազրպէյճանական պատերազմը դատապարտող ելոյթներով հանդէս եկած են Պաթումիի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Եղիշէ Սարգսեանը եւ Տէր Արարատ քահանայ Գումբալեանը:

ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսը, մասնաւորապէս ընդգծած է, որ մէկ տարի առաջ ազրպէյճանական լայնածաւալ յարձակման ի պատասխան՝ հայ մարտիկները իրենց կեանքի գնով ետ մղած են հակառակորդը` կանխելով Արցախի ժողովուրդի նկատմամբ ոճրագործութիւնները: Գլխաւոր հիւպատոսը նշած է, որ պատերազմի չորս օրերու ընթացքին ցայտուն կերպով դրսեւորուած է հայ ժողովուրդի տարբեր հատուածներու անկոտրում կամքը, վտանգի ժամանակ համախմբուելու եւ դիմակայելու ոգին :

Եղիշէ Սարգսեան նաեւ ընդգծած է հայկական կողմի հետեւողական դիրքորոշումը` ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման:

Share Button

Deja un comentario

Tu dirección de correo electrónico no será publicada. Los campos obligatorios están marcados con *

Media Partner