Արուեստը Կրնայ Յաղթահարել Պատերազմն Ու Շրջափակումը

*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
Արուեստի բնագաւառին մէջ աշխարհահռչակ խումբ մը հայ գործիչներ՝ Սերժ Թանկեան, Արսինէ Խանճեան, Ատոմ Էկոյեան եւ Էրիք Նազարեան, Ապրիլ 3-5՝ եռօրեայ այցով կը գտնուէին Արցախ: Անոնք հանդիպած են նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ, տեսակցած են լրագրողներու հետ: «Արցախի նախագահի հետ քննարկած ենք Ապրիլեան պատերազմէն ետք ստեղծուած իրավիճակը, ինչ դրութիւն ունինք հիմա, ինչ հարցերու շուրջ կարեւոր է միահիւսել Հայրենիքի եւ Սփիւռքի ջանքերն ու հնարաւորութիւնները»,- Արցախի նախագահի հետ ունեցած հանդիպան ընդհանուր գիծերը թուարկած է բեմադրիչ-սենարիստ Էրիք Նազարեանը. «Եկած ենք տեսնելու, ծանօթանալու: Ոչ միայն անձնապէս, այլեւ Սփիւռքի հետ եւ միջազգային հանրութեան հետ կապերու դուռը բանալով այստեղի երիտասարդ ստեղծագործողներուն համար»,- մանրամասնած է խումբի անդամներէն System of A Down խումբի հիմնադիր, յայտնի ռոք-աստղ Սերժ Թանկեան: Անոնք պատրաստ են այդ նպատակին ծառայեցնելու իրենց հնարաւորութիւնները, կապերը: Առաջին քայլը արուեստի աշխարհահռչակ գործիչներուն կոչն էր` ուղղուած աշխարհի արուեստագէտներուն: Գալ Արցախ, դառնալ խաղաղութեան, համերաշխութեան գործընկերներ, կապ հաստատել Արցախի արուեստագէտներու հետ, աջակցիլ երիտասարդ ստեղծագործողներուն. այս էր հիմնական ուղերձը, որ խումբին անունով նրկայացուցած է դերասանուհի Արսինէ Խանճեան. «Աշխարհի բոլոր ազատ մտածող արուեստագէտներուն կոչ կ’ուղղենք, որ այցելեն Արցախ, դառնան խաղաղութեան եւ համերաշխութեան գործընկերներ, կապ եւ շփում հաստատեն տեղի արուեստագէտներու եւ ստեղծագործ, տաղանդաւոր մարդոց հետ, աջակցին, որ անոնք եւս աշխարհին բացուելու հաւասար հնարաւորութիւն ունենան եւ կարենան իրականացնել խաղաղութեան մէջ ստեղծագործելու եւ աշխարհի հետ կիսուելու իրենց համամարդկային իրաւունքը»: Ասիկա կոչի վերջաբանն է միայն: Իսկ Արցախի հետ կապուած իրենց ծրագիրները դեռ քննարկումներու փուլի մէջ են: Սերժ Թանկեան չի բացառեր Արցախի մէջ համերգով հանդէս գալը: Ե՞րբ` դեռ չէ որոշած: Ատոմ էկոյեանն նոյնպէս չի բացառեր Արցախի մասին ֆիլմ նկարահանելու հեռանկարը. «Ես կը փնտռեմ պատմութիւններ, որոնք կրնան յուզել մարդիկ, հասնիլ անոնց հոգիին, իսկապէս ազդեցիկ ըլլալ: Շուշիի պատմութիւնը, օրինակ, բաւական հզօր պատմութիւն է: Քննարկեցինք. Էրիքը նոյնիսկ սենար գրած է»,- անկեղծացած է յայտնի բեմադրիչը: Բեմադրիչ Էրիք Նազարեանը, աւելի կարեւոր կը համարէ տեղի` Արցախի ստեղծագործողներուն այդ նոյնը ընելու եւ զայն դուրսը նեկայացնելու հնարաւորութիւն տալը եւ ատով ալ Արցախը ճանաչելի դարձնելը: «Կարեւոր է, որ օգնենք, որ այդ գործը նոյնինքն տեղի երիտասարդները կատարեն: Ասիկա ձեր պատմութիւնն է, ձեր ապրածը, եւ ոչ-ոք ձեզմէ լաւ զայն չի կրնար ներկայացնել»,- կը կարծէ Էրիք Նազարեան, աւելցնելով, որ պէտք է արցախցի երիտասարդ ստեղծագործողներուն մուտքը ապահովել տարբեր հարթակներ:
Սերժ Թանկեան արդէն այդ ճանապարհին է: Անձամբ նկարած եւ Ինսթակրամի իր էջին տեղադրած է Փոքրիկ Ղարաբաղցիի` Միշա Արզումանեանի, կատարումը` ուղեկցող գրութեամբ,- «Այս երեխան կը կատարէ SOAD-ի Lonely Day-ը: Ան իրական ռոք աստղ է»: Չի բացառուիր, որ այլ բացայայտումներ ալ ըլլան: Հիւրերը այսօր եղած են Արցախի տարբեր շրջաններու մէջ:
Խումբին այցը Արցախ կազմակերպուած էր Թուֆէնքեան բարեգործական հիմնադրամին նախաձեռնութեամբ:
Ստեփանակերտ
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

