Պէյրութի Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանը Կը Սկսի Վերապատրաստման Անվճար Դասընթացքներ Սուրիայէն Տեղահանուած Անձերու Համար
Ընթացիկ տարուան Ապրիլի 3-էն սկսեալ, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանին մէջ կը սկսի քառամսեայ անվճար դասընթացք մը՝ Սուրիայէն տեղահանուած անձերու համար: Ծրագիրը կը գործադրուի աջակցութեամբը l’Oeuvre d’Orient բարեսիրական կազմակերպութեան:
Դասընթացքներու նպատակն է պատերազմի պատճառով Սուրիայէն Լիբանան տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն օգնել, որ անոնք ձեռք բերեն լեզուական, արհեստագիտական եւ արհեստներու վերաբերեալ նոր գիտելիքներ կամ զարգացնեն իրենց ունեցած գիտելիքները՝ նշեալ մարզերուն մէջ:
Դասընթացքները ուղղուած են 16-էն վեր տարիք ունեցող՝ նշեալ խումբի երկսեռ անդամներուն: Դասանիւթերն են՝ լեզուներ, համակարգչային գիտութիւններ եւ արհեստներ:
Դասընթացքներու տեւողութիւնը կը կազմէ 16 շաբաթ. կը նպատակադրուի իւրաքանչիւր մասնակիցի համար ապահովել նուազագոյնը մէկ լեզուի, համակարգչային գիտութիւններու մէկ ճիւղի եւ մէկ արհեստի ուսուցում:
Դասընթացքները տեղի կ’ունենան Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանին մէջ, շաբաթը 5 օր՝ Երկուշաբթիէն Ուրբաթ, երեկոյեան ժամը 5:00 – 8: 00:
Դասընթացքներու աւարտին մասնակիցներուն պիտի շնորհուի համապատասխան վկայագիր:
Դիմորդներու արձանագրութիւնները սկսած են: Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար դիմել Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի քարտուղարութիւն, հասցէն՝ Պուրճ Համմուտ, Արաքս փողոց, հեռ. 01260504:
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

