Արցախցի Լրագրող Միքայէլ Հաճեան Այցելեց Մեսրոպեան Վարժարան

29 Մարտ, 2017-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան այցելեց Արցախի պետական ռատիոյի աշխատակից, վաստկաւոր լրագրող եւ քաղաքական վերլուծաբան պարոն Միքայէլ Հաճեան, որ Լիբանան կը գտնուի 2016 թուականի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին նուիրուած ձեռնարկներուն մասնակցելու հրաւէրով:
Պարոն Հաճեան հանդիպումներ ունեցաւ Մեսրոպեանի աշակերտներուն հետ եւ ծանօթացաւ վարժարանի կրթական ծրագիրներուն եւ առօրեային, բարձրօրէն գնահատելով հայ մանուկներու կրթութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան համար ի գործ դրուող ջանքերը ինչպէս Մեսրոպեանի, նոյնպէս եւ Լիբանանի հայ համայնքին մէջ, ընդհանրապէս:
Բարձր դասարաններու աշակերտներուն հետ հանդիպումին, պարոն Հաճեան նշեալ պատերազմին կամաւոր մեկնած եւ Թալիշ գիւղի պաշտպանութեան մարտերուն ընթացքին նահատակուած իր զաւկին՝ Նորայրի եւ անոր ընկերներուն օրինակով բնութագիրը ներկայացուց հայրենասէր այն սերունդին, որ Արցախեան զարթօնքի առաջին օրերէն սկսեալ զէն ի ձեռին պայքարեցաւ հայրենիքին եւ ազգին համար, իւրաքանչիւր մարտի՝ սեփական կեանքը մահուան վտանգին ենթարկելու անսակարկ պատրաստակամութեամբ: Ան նշեց, որ ազատամարտիկներու եւ Հայոց բանակի առաջին զինուորներու այդ հերոսական սերունդը այսօր ունի իր արժանի ժառանգորդները, որոնց ներկայացուցիչները ոչ պակաս հերոսականութեամբ իրենք զիրենք դրսեւորեցին անցեալ տարուան Ապրիլի ճակատագրական օրերուն, արիւնով գրուած փառքի նոր էջեր աւելցնելով Արցախեան գոյամարտի տարեգրութեան մէջ:
Պարոն Միքայէլ Հաճեան յորդորեց Մեսրոպեանի աշակերտները, որ անպայման հետեւին բարձրագոյն կրթութեան, դառնան առաջնակարգ մասնագէտներ եւ որպէս այդպիսիք, մասնակցին Հայոց պետականութեան կերտումին ու զարգացումին: Ան նաեւ թելադրեց, որ աշակերտները նամակագրական կապ հաստատեն Հայաստանի եւ Արցախի իրենց հասակակիցներուն եւ զինուորներուն հետ, դիտել տալով, որ նման յարաբերութիւններ ամենամեծ նշանակութիւնը ունին ամրապնդելու կապը՝ Հայրենիքի եւ Սփիւռքի միջեւ, ի խնդիր հայ ժողովուրդի բոլոր երազանքներու իրականացման:
Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց պարոն Հաճեանին՝ այցելութեան եւ աշակերտութեան ուղղուած իր պատգամներուն համար: Այցելութիւնը առիթ եղաւ, որ վարժարանի տնօրէնն ու արցախցի հիւրը քննարկեն կրթութեան մարզին վերաբերող համագործակցութեան գաղափարներ:
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

