Լե¬ւոն Արք. Զէ¬քիեան Պար¬գե¬ւատ¬րեց Աշ¬խար¬հահռ¬չակ Լու¬սան¬կա¬րիչ Ա¬րա Կիւ¬լէ¬րը

Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան հանդիսաւոր արարողութիւնով մը պարգեւատրեց աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրը։ Այսպէս, իրեն շնորհուեցաւ Հայ Կաթողիկէից Արքեպիսկոպոսարանի նորահաստատ «Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան» շքանշանը, կը գրէ Պոլսոյ «Ժամանակ» թերթը։
Արա Կիւլէրի մեծարանքի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Ղալաթիոյ Ս. Փրկիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։ Զէքիեան Գերապայծառի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան դիւանագէտներ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ, մտաւորականներ, հոգեւորականներ, համայնքային շրջանակներէ ծանօթ դէմքեր եւ բազում հիւրեր։ Պատրիարքարանին կողմէ ներկայ էր Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեանն ալ հրաւիրեալներու շարքին էր։
Յայտագիրը գործադրուեցաւ Արեւ Կարեանի հանդիսավարութեամբ։ Արա Կիւլէրի կենսագրութիւնը ներկայացուց դերասան Պօղոս Չալկըճըօղլու։ Արա Կիւլէրի կեանքին ու գործունէութեան մասին արտայայտուեցան լուսանկարիչ Ճոշքուն Արալ եւ պատմաբան Իլպէր Օրթայլը։ Օրուան ծրագիրը ունէր նաեւ երաժշտական բաժին մը։
Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան եւ Յակոբ Սրկ. Մինասեան գրաբարով եւ աշխարհաբարով ընթերցեցին Զէքիեան Գերապայծառի կողմէ ստորագրուած վկայականը։ Նարօտ Մինասեանն ալ ընթերցեց թրքերէն թարգմանութիւնը։
Աւելի վերջ հանդէս եկաւ Զէքիեան Գերապայծառ, որ Արա Կիւլէրի մասին գնահատանքի խօսք մը արտասանելէ վերջ անոր յանձնեց շքանշանն ու համապատասխան վկայականը։ Բոլոր ներկաները այս փուլին հերթական անգամ ողջունեցին Արա Կիւլէրի վիթխարի վաստակը եւ ջերմօրէն շրջապատեցին զինքը։
Պարգեւատրումէն վերջ տեղի ունեցան նկարահանումներ։ Յայտագրի գործադրութեան աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին բոլոր հիւրերը իրենց ջերմ շնորհաւորութիւնը եւ արեւշատութեան մաղթանքը յղեցին Արա Կիւլէրին։ Ձեռնարկի տեւողութեան պարքովիզիոնի ցուցադրութեամբ Արա Կիւլէրի կեանքին ու գործունէութեան մասին զանազան դրուագներ բոլորի յիշողութեան մէջ թարմացան՝ փաստավաւերագրական հետաքրքրական գործով։
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

