• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Սիրոյ Տօնը Թէքէեան Կեդրոնին Մէջ

17.02.2017   08:22

*ԱՒԵՏԻՍ ՏԻՊԱՆ*

Փետրուար 14-ը աշխարհի շատ մը երկիրներուն մէջ կը տօնուի իբրեւ սիրահարներու օր: Սուրբ Վալէնթայն անունը կրող տօնէն անմասն չեն մնար նաեւ հայ սիրահարները, թէպէտ  Առաքելական Եկեղեցին ջանք ու եռանդ չի խնայեր, որպէսզի առաւել մեծ տարածում գտնէ հայկական Սուրբ Սարգիսի տօնը:

Տարուէ տարի Սուրբ Սարգիս տօնող երիտասարդներուն թիւը կ’աւելնայ,  սակայն անոր զուգահեռ չեն պակսիր նաեւ Սուրբ Վալէնթայն նշողները:

Առասպելական պատմութեան համաձայն՝ Վալէնթայնը քահանայ մըն է, որ գաղտնի կերպով կ’ամուսնացնէր սիրահար զոյգեր, քանի որ հռոմէացի տիրակալ Քլաուտիոս Երկրորդը արգիլած էր պատերազմի մեկնող տղաներու ամուսնութիւնը: Սակայն Վալէնթայնի գործունէութիւնը շուտով կը բացայայտուի եւ կը բանտարկեն զինք: Բանտին մէջ ան կը ծանօթանայ Յուլիա անունով աղջկայ մը հետ, որուն կը սիրահարուի: Սակայն քահանան մահապատիժի կ’ենթարկուի եւ առասպելին համաձայն այս դէպքը տեղի կ’ունենայ փետրուար 14-ին:

Պարզ չէ, թէ այս պատմութիւնը իրական է թէ ոչ, սակայն ակնյայտ է որ Սուրբ Վալէնթայնի տօնի նշումը կը մնայ սիրոյ գլխաւոր տօնակատարութիւնը աշխարհին մէջ:

Կազմակերպութեամբ ՌԱԿ Տամատեան եւ Յովսէփեան ակումբներու զոյգ վարչութեանց, տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ-պարահանդէս նուիրուած սիրոյ, երախտագիտութեան եւ մարտիրոսութեան (St. Valentine’s Day), Շաբաթ, 11 Փետրուար 2017-ի երեկոյեան, ժամը 8:30-էն սկսեալ, Թէքէեան Կեդրոնի Հրաչեայ Սեդրակեան սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան անդամներուն, ակումբներու վարչութեանց ներկայացուցիչներուն եւ մեծ թիւով համակիրներու:

Երեկոյեան ճաշկերոյթի մասնակից ընկեր-ընկերուհիներ եւ բարեկամներ խումբ-խումբ կը հասնէին ժամադրավայր, ուր կը դիմաւորուէին ՌԱԿ Տամատեան եւ Յովսէփեան ակումբի վարչականներուն զուարթ ժպիտներով:

Թէքէեան Կեդրոնի Հրաչեայ Սեդրակեան շքեղ սրահը դարձած էր աւելի գեղեցիկ՝ զարդարուած սիրոյ եւ երախտագիտութեան նուիրուած կարմիր ծաղիկներով եւ սրտանման փուչիկներով:

Ներկաներուն մօտ կը տիրէր ընդհանուր գոհունակութիւն:

Բարի գալստեան յատուկ խօսքերով հանդէս եկաւ ՌԱԿ Տամատեան Ակումբի վարչականներէն, ծանօթ դերասան, երգիծագիր՝ ընկ. Տիրան Սարգիսեան: Ան ուրախութեամբ ողջունեց ներկաները, կարեւորեց օրուան պատգամը, պատմութիւնը տուաւ սիրոյ, երախտագիտութեան եւ մարտիրոսութեան սկզբունքներուն, եւ ճաշկերոյթի բոլոր ընթրիքին իր զուարճախօսութիւններով ուրախացուց տիկինները, ապա  գնահատեց կազմակերպիչ վարչութեանց աշխատանքը եւ յանձնարարեց, որ աւանդութիւն դարձած այս ձեռնարկը ամէն տարի քաջալերուի բոլոր վարչութիւններու կողմէ:

Անկրկնելի, արտասովոր ու բացառիկ ապրուած պահեր՝ երգով, պարով ու նուագով խանդավառեցին անզուգական երգչուհի Շաքէ եւ Սեդրակ Պաղտասարեանները մատուցելով ազգային-հայրենասիրական երգեր: Ներկաները վայելեցին իւրայատուկ եւ անմոռանալի պահեր:

Տամատեան-Յովսէփեան ակումբի վարչականները ջանք չէին խնայած՝ կազմակերպելու համար յաջող ճաշկերոյթ մը: Եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ, վիճակահանութիւն 4 մեծ նուէրներու՝ Երեւան-Պէյրութ-Երեւան օդանաւային տոմս տրամադրուած Armenian Airlines-ի կողմէ, Պէյրութ-Լառնագա-Պէյրութ օդանաւային տոմս տրամադրուած Փօլօ Թրաւըլէն, ադամանդակուռ ոսկեղեն տրամադրուած Պր. Յակոբ Տաքեսեանի եւ ընկ. Վարդիվառ Եալմանեանի կողմէ:

Թող յաւերժ ապրի սէրը ամէն մարդու բաբախող սրտին մէջ: Շնորհակալութիւն նուիրատուներուն եւ մասնակիցներուն:

16602630_384400468591254_3737978914345097723_n

16603147_384399831924651_4492178062083307286_n

16684381_384401265257841_5991707422986431409_n

16708684_384400945257873_5917993337348408199_n

16711995_384400778591223_2125122477934220139_n

GREG final

Share Button

Deja un comentario

Tu dirección de correo electrónico no será publicada. Los campos obligatorios están marcados con *

Media Partner