• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Վրաստան; Վիրահայոց Թեմի Սուրբ Մովսէս Խորենացի Նախակրթարանը Հայերէն Կը Սորվեցնէ Աւելի Քան 50 Մանուկներու

09.09.2015   18:56

Վիրահայոց թեմի Սուրբ Մովսէս Խորենացի նախակրթարանը, 2015-2016 ուսումնական տարուան ընթացքին հայերէն պիտի սորվեցնէ՝ Վրաստանի մէջ բնակող աւելի քան 50 մանուկներու:

Վիրահայոց թեմի փոխանցմամբ այս թիւը մեծ է, եթէ հաշուի առնենք այն պարագան, որ նախակրթարանը ընդամէնը  քանի մը տարուան կեանք ունի: «Այս տարի նորեկներու թիւը հասած է 20-ի եւ կ՛ակնկալուի, որ այդ թիւը աւելնայ: Անցեալ տարիներու ընթացքին նախակրթարանը 40-է աւելի երախաներու  ուղղորդած է հայոց դպրոց, ուր անոնք աչքի ինկած են իրենց բարձր պատրաստուածութեամբ», «Արցախփրես»ի փոխանցմամբ ըսած է «Հայարտուն» կեդրոնի տնօրէն Լեւոն Չիդիլեան:

Վիրահայոց թեմէն կը շեշտեն, որ նախակրթարանի գործունէութեան հիմնական նպատակն է՝ յետագային հայ երախաներուն ուղղորդել հայկական դպրոց, որպէսզի անոնք վրացերէնի զուգահեռ տիրապետեն նաեւ հայերէնի եւ չհեռանան ազգային արմատներէ:

 

 

 

 

 

 

 

Share Button

Deja un comentario

Tu dirección de correo electrónico no será publicada. Los campos obligatorios están marcados con *

Media Partner