• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

«Հայաստան Ծառ Ծրագիր»ը Արցախ Հաստատուած Սուրիահայ Ընտանիքներուն Պտղատու Ծառեր կը Տրամադրէ

04.09.2015   19:03

Սուրիոյ մէջ հակամարտութեան պատճառով հարիւրաւոր ընտանիքներ գաղթած են Հայաստան։ Անոնցմէ շատեր անցած են Արցախ, ուր աւելի քան տասը տարիէ ի վեր պտղատու ծառեր կը տնկեն։

Ըստ Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթին, այս գարնան  «Հայաստան Ծառ Ծրագիր»ը Քաշաթաղի շրջանին մէջ 200 ընտանիքներու, ներառեալ 34 սուրիահայ ընտանիքներու տրամադրեց պտղատու ծարեր։ Արցախ հաստատուած Սուրիահայ ընտանիքները Սուրիոյ Քեսապ եւ Գամիշլի քաղաքներէն են։

Անի Մելքոնեանի կողմէ պատրաստուած տեսերիզը կը պարունակէ՝ «Հայաստան Ծառ Ծրագիր» նպաստընկալներէն երկուքին հետ հարցազրոյցներ։

Share Button

Deja un comentario

Tu dirección de correo electrónico no será publicada. Los campos obligatorios están marcados con *

Media Partner