• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Դամասկոսի Հայաբնակ Շրջանները Զինեալներու Վերահսկողութեան Տակ Չեն

03.09.2015   16:56

Սուրիոյ ՀՀ դեսպանութիւնը չի հաստատեր այն տեղեկութիւնները, թէ զինեալներ Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ գրաւած են հայաբնակ շրջաններ:

«Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան տուեալներով իրականութեան չեն համապատասխաներ այն լուրերը, թէ ահաբեկիչները գրաւած են Դամասկոսի հայաբնակ շրջանները»: Այս մասին Ֆէյսպուքի իր էջին մէջ յայտնած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Տիգրան Բալայեան:

Աւելցնենք, որ քանի մը օր առաջ տեղեկութիւններ տարածուած էին, թէ Իսլամական պետութիւն կազմակերպութեան զինեալները գրոհով կը մօտենան Դամասկոսի կեդրոնին:

 

Share Button

Deja un comentario

Tu dirección de correo electrónico no será publicada. Los campos obligatorios están marcados con *

Media Partner