61 ԾԱՂԻԿՆԵՐ ՈՐՊԷՍ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏ ՎԿԱՅՈՒԵՑԱՆ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԷՆ

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի ծաղիկ եւ կոկոն դասարաններու ամավերջի հանդէսը եւ աւարտականներու վկայականներու բաշխումը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 13 յունիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, վարժարանի բակին մէջ, ներկայութեամբ մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, կրթական գործիչներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Աշակերտներու երգեցողութեամբ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի քայլերգներէն ետք, հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեցին Մարիա Պալատի, Լորի Նիկոլեան եւ Լորի Այնէճեան: Բարի գալուստի խօսքերէն ետք հանդէսի մասնակից աշակերտները կատարեցին երկու խմբերգներ, հինգ պարեր՝ հայկական, արաբական եւ եւրոպական, նուագ՝ խմբային մասնակցութեամբ եւ “Հայաստանը մեր երկիրն է” թատերական պատկերը:
Մեսրոպեան մանկապարտէզի պատասխանատու Մարիա Պէօճեքեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ փոքրերը մանկապարտէզին մէջ ձեռք կը բերեն տարբեր գիտելիքներ եւ ընկերային հաղորդակցութեան կանոններ, դառնալու համար նկարագիրով ազնիւ եւ քաղաքավար անձեր: Ան մաղթեց, որ մանկապարտէզի շրջանաւարտները 12 տարի ետք միեւնոյն բեմէն կը ստանան աւարտականի վկայականները: Խօսքին յաջորդեց մանկապարտէզի աշակերտներու վկայականներու բաշխման արարողութիւնը, որուն ընթացքին Մեսրոպեանի մանկապարտէզի 61 շրջանաւարտները ստացան իրենց վկայականները:
Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ: Ան բարձրօրէն գնահատեց մանկապարտէզի անձնակազմի անդամները, Մեսրոպեան մանկապարտէզի աշակերտներու կրթութեան եւ դաստաիարակութեան համար իրենց կատարած բծախնդիր եւ նուիրուած աշխատանքին համար: Կ. Գալուստ ըսաւ, որ առընչակից բոլոր կողմերու հետ գործակցաբար, տնօրէնութիւնը ամէն ինչ ըրած է եւ պիտի շարունակէ ընել՝ աւելի բարձրացնելու համար վարժարանին ընդհանուր մակարդակը, դիտել տալով, որ այդ հեռանկարին մէջ իր առանցքային նշանակութիւնը ունեցած է եւ միշտ պիտի ունենայ կրթութեան «հիմնաքարը»` մանկապարտէզը:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

